Կիրակի, 10. 11. 2024

spot_img

Որպէսզի Իրերը Շարունակեն Ապրիլ Եւ Յուշել – Առցանց Թանգարանի Ծրագիր

Հայկական ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Գանատայի մարմնի կրթական եւ դաստիարակչական ծրագիրներէն մին է՝ ստեղծել Մեծ եղեռնէն վերապրած իրերու առցանց թանգարանմը (online museum)՝ «Հարիւր վերապրած իր՝ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին համար» կարգախօսով։

Ծրագիրը Գանատայի հայ դպրոցներէն սկսած է արդէն Օգոստոս 2014-էն ի վեր։ Աշակերտները իրենց ծնողներուն, մեծ ծնողներուն, ազգականներուն մօտ կ՚ որոնեն առարկաներ, ինչպէս օրինակ՝ գիրքեր, զարդեղէններ, լուսանկարներ, բացիկներ, հագուստներ, գորգեր, կարպետներ եւ այլ իրեր, որոնք 1915-ի ցեղասպանութենէն վերապրած են ու սերունդէ սերունդ փոխանցուելով հասած են մեր օրերուն, հասած են մեզի՝ այստեղ։ Առարկաները պիտի լուսանկարուին ու աշակերտները գրի պիտի առնեն անոնց պատմութիւնը, այդպիսով ծանօթանալով ու տէր կանգնելով մեր ժառանգութեան ու պատմութեան։

Այժմ աշխատանքը կը կատարուի դպրոցներէն դուրս եւս ու այսու կը դիմենք ձեզի նոյն նպատակով։

Այս ծրագրին ընդմէջէն 1915-ի ցեղասպանութենէն վերապրած մեր մշակոյթի նիւթեղէն ժառանգութեան մասին իրազեկ պիտի դառնանք, միաժամանակ անմիջականօրէն առնչուելով մեր ընտանիքի թէ ազգի պատմութեան, բայց մանաւանդ զայն սեփականութիւնը դարձնելով նոր սերունդին։

Հաճեցէք ապահովել ձեր վերապրած իրի պատմութեան արձանգրութեան օրն ու ժամը և ընտրել թուականը հետեւեալ օրերէն.- Մարտ 21, 28, ապրիլ 18, 2015, առ. 10-էն 12:30, նշելով ձեր նախընտրութիւնը հեռաձայնելով 514-331-9571 թիւին: Արձանագրումը տեղի պիտի ունենայ Ս. Յակոբ վարժարանէն ներս, 3400 Nadon, Մոնթրէալ։

Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Գանատայի մարմնի

Դաստիարակչական Յանձնախումբ

Մեզի հետ կապուելու համար գրել հետեւեալ հասցէին

sima.aprahamian@concordia.ca

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին