Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Վարդանանց Տօնակատարութիւն Քեսապի Մէջ

Գիւ­ղիս մօտ մէկ դա­րու պատ­մու­թեան մէջ, քե­սապ­ցին տե­ղա­հան­ուած է 3 ան­գամ` Ատա­նա­յի կո­տո­րա­ծին, Մեծ Եղեռ­նին ու 21-րդ դա­րու 14-րդ տար­ուան գար­նա­նա­մու­տին: Վեր­ջի­նէս մօտ 3 ամիս ետք, վե­րա­դառ­նա­լով Քե­սապ, ան վե­րագ­տաւ իր կեն­սու­նա­կու­թիւնն ու տօ­նեց Վար­դա­նանց ու Վա­հան­եանց տօ­նե­րը: Այս մաիսն կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը:

Հինգ­շաբ­թի, 12 Փետր­ուար 2015-ին, կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 4-ին, Քե­սա­պի Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին Հայ Առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ  հայ երեք հա­մայնք­նե­րու Վար­դա­նանց  մի­ա­տեղ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւնը: Հան­դի­սու­թիւնը  սկ­սաւ 1 վայրկ­եան յոտն­կայս հայ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կի յար­գու­մով: Օր­ուան հան­դի­սա­վար Նա­նոր Պո­ճիկ­եան հրա­ւի­րեց Հ. Նա­րեկ Վար­դա­պետ Լուիս­եա­նը բաց­ման խօս­քը ներ­կա­յաց­նե­լու: Ան իր հա­կիրճ, սա­կայն իմաս­տա­լից խօս­քով վեր առաւ Վար­դա­նան­քի նա­հա­տա­կութ­եան խոր­հուր­դը, յատ­կա­պէս ընդգը­ծեց նա­հա­տա­կու­թիւնը վասն հայ­րե­նի­քի ու կրօն­քի, զայն առն­չե­լով մե­րօր­եայ Քե­սա­պը վե­րա­շի­նե­լու պայ­քա­րին:

Օր­ուան բա­նա­խօս Սե­ւան Ասա­տուր­եան-Ման­ճիկ­եան ընդգ­ծեց, որ հա­յոց պատ­մու­թիւնը սկ­սած է Ու­րար­տա­կան Հայկ ու Բե­լի շր­ջան­նե­րէն, վար­դան­նե­րու նա­հա­տա­կութ­եան պատ­մու­թիւն­նե­րով, անց­նե­լով մեր չորս թա­գա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ընդ­մէ­ջէն, հաս­նե­լով Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, որուն հա­րիւ­րամ­եակն է այս տա­րի: Ան յայտ­նեց, թէ մեր ժո­ղո­վուր­դը ան­ցած է նա­եւ մա­յիս­եան մար­տե­րու յաղ­թա­նակ­նե­րէն ու հա­սած ար­ցախ­եան ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի հպար­տա­ռիթ օրեր: Յի­րա­ւի` Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թիւն կերտ­ուած է վար­դան­նե­- րու նա­հա­տա­կու­թեամբ, Վա­հան մա­մի­կոն­եան­նե­րու պսա­կադ­րած յաղ­թա­նակ­նե­րով:

Բա­նա­խօ­սու­հին մաս­նա­ւո­րեց Վար­դա­նանց ու Վա­հան­եանց գո­յա­պայ­քա­րի օրի­նա­կի այժ­մ­է­ա­կա­նու­թիւնը, զայն առն­չե­լով Քե­սա­պի գո­յա­պայ­քա­րի եւ վե­րա­կանգ­նու­մի գոր­ծըն­թա­ցին: Ան նշեց, թէ քե­սա­պա­հա­յու­թիւնը Քե­սա­պը պա­հե­լու եւ պահ­պա­նե­լու իր առա­քե­լու­թեան մէջ լից­քա­ւոր­ուած է վար­դան­նե­րու ու վա­հան­նե­րու շուն­չով: Ան հա­ւա­տա­րիմ է վար­դան­նե­րու եւ 100ամ­եայ եղեռ­նի նա­հա­տակ­նե­րու կտա­կին:

Օր­ուան եզ­րա­փա­կիչ պատ­գա­մը փո­խան­ցեց Արժ­. Տ. Միւ­ռոն Քհնյ. Աւե­տիս­եան: Ան շեշ­տը դրաւ վե­րա­նո­րոգ­ման գա­ղա­փա­րին վրայ ու յայտ­նեց, թէ մեր պա­պե­րը իրենց կրօ­նա­կան եւ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան հա­մար են­թարկ­ուած են  սպառ­նա­լիք­նե­րու, սա­կայն վե­րա­նո­րոգ­ուե­լու հոգի­ով զին­ուած յաղ­թա­հա­րած են այդ սպառ­նա­լիք­նե­րը: Այ­սօր քե­սապ­ցին եւս այդ ոգի­ով  պէտք է ար­ժե­ւո­րէ ներ­կան ու յա­ռաջ ըն­թա­նայ:

Գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տագ­րին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Ազգ. Ու­սում­նա­սի­րաց Մի­աց­եալ ճե­մա­րա­նի աշա­կերտ­նե­րը հե­տեւ­եալ եր­գե­րով` «Նո­րահ­րաշ», «Հի­մի էլ լռենք», «Ձայն մը հն­չեց», «Բամփ որո­տան», «Դեհ հայ­րեն­եաց»: Հայ Կա­թո­ղի­կէ Բա­րե­յու­սոյ դպ­րո­ցի աշա­կերտ­նե­րը եր­գե­ցին` «Աւա­րայ­րի դաշտ», «Քաջ Վար­դան» եր­գերն ու խմ­բո­վին ար­տա­սա­նե­ցին  Ա. Սո­փոկլ­եա­նի «Յոյս ան­շէջ» քերթ­ուա­ծը:

Ներ­կա­նե­րը մի­աս­նա­բար եր­գե­ցին «Կի­լիկ­իա» մաղ­թեր­գը, որ­մով վերջ գտաւ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին