*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*
Երանաշնորհ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի 537 էջերու վրայ տարածուող այս հատորը, լոյսին բերուած է Երեւանի մէջ 2014ին, հեղինակին վախճանման 10ամեակին առիթով: Հատորը կազմողը, շարողը եւ յառաջաբանը գրողը եղած է Յակոբ Քորթմոսեանը, իսկ վերատեսումը կատարողն ու խմբագրողը Գէորգ Եազըճեանը:
Արդարեւ արժանի հատուցում բազմահմուտ սրբազանին:
Օր մը Անթիլիասի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի բակին մէջ, երբ սրբազանին մօտէն կ’անցնէի՝ փսփսացի. «Ապագայ կաթողիկոս»: Մեղմաբարոյ սրբազանը դարձաւ բոցի ալիք, զիս կանչեց իր մօտ եւ բարկաճայթ յայտարարեց. «Անգամ մըն ալ չըսես այդ խօսքը»:
Բայց շուտով հաշտուեցանք, երբ նոյն օրերուն իր մօտ բերի հայրենի ծանօթ գրագէտ ու թարգմանիչ Կարպիս Սուրէնեանը, որուն հետ սրբազանը ժամեր տեւող զրոյց ունեցաւ՝ նիւթ ունենալով հայ եւ համաշխարհային մշակոյթը: Ունկնդիրն էի այդ հոգեհաճ զրոյցին:
Հիմա այս հատորն է սեղանիս վրայ, որուն ընթերցումն ու նօթագրումը մէկ շաբաթ առաւ ինծմէ: Օգտաշատ շաբաթ մը:
Ու ահա հատորը՝ «Զաստուած Տեսնել», կազմողը աւելցուցած է. «Մեր օրերու սուրբը»: Արդար արժեւորում:
Ներկայացուող գիրքը սրբազանին զանազան գրութիւններուն ժողովածուն է, բայց ոչ լրիւ վաստակը: Բազում ձեռագիր անտիպներ բարերարի մը կը սպասեն, որ սրբազանին գործը դառնայ ամբողջական:
Հոս ընդգրկուած գործերը հետեւեալներն են. «Աստուածաբանական-Մեկնողական», «Հայ Եկեղեցի», «Քարոզախօսական», «Մեծ Եղեռն եւ Նահատակներու Սրբադասում», «Եկեղեցական Երաժշտագիտական», «Պատմական», «Զրոյցներ Եւ Ելոյթներ Զանազան Նիւթերու Շուրջ», «Ուսանողական Տարիներու Գրութիւններ»: Այս բոլորը անշուշտ ենթաբաժիններով:
Կողքին վերջին էջին վրայ Սրբազանը գրած է. «Ազգիս ու Հայրենիքիս հանդէպ իմ պարտքս ու պարտականութիւնս կատարելու համար պէտք չունիմ սպասելու, որ Ազգս ինծի դիմէ կամ հայրենի հողը ոտքերուս տակ ըլլայ: Ազգը իմ մէջս է, իմ կողքիս եւ իմ շուրջս է: Հայրենիքը նոյնպէս: Ազգիս ու Հայրենիքիս իսկական մարմնաւորումն են հարազատ եկեղեցիս «Հայաստանեայց» եւ «առաքելական» կոչումով բնորոշուած, հարազատ դպրոցս՝ իր անփոխարինելի ազգային շունչով ու դրոշմով, եւ իմ շուրջս գտնուող հարազատ ժողովուրդս՝ իտէալներու, աւանդութիւններու եւ կենցաղի նոյն հայրենական ժառանգութեամբը յատկանշուող»:
Միայն այս խոստովանութիւնը ցոյց կու տայ, թէ սրբազանը ո՛ւր պիտի առաջնորդէ ընթերցողը: Հատորը օժտուած է Սրբազանին կենսագրականով:
Կը կարդանք. «30 Ապրիլ 2004, աչքերը այս աշխարհին յաւէտ փակեց եւ հանդերձեալ կեանքին յաւէտ բացաւ լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանը՝ վերջին հարիւր ամեակի հայ եկեղեցւոյ մեծագոյն եկեղեցականներէն մէկը»:
Հազիւ կարդացի այս տողերը, կարծէք ելեկտրահար եղայ, քանի 30 Ապրիլ 2004ին, Հալէպէն ծանօթ մը հեռախօսով ինծի յայտնեց, թէ հինգ վայրկեան առաջ Զարեհ Սրբազանը աւանդեց իր հոգին:
Այդ վայրկեանին Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ դասախօսութիւն մը կու տայի Համազգայինի դպրոցի աշակերտներուն: Պատշաճ սեպեցի տալ այս գոյժը եւ ներկաները հրաւիրել յոտնկայս յարգելու յիշատակը մեկնած սրբազանին: Հազիւ խօսած էի, երբ սրահը լեցուեցաւ աղիողորմ լացովը տիկնոջ մը, որ սրբազանին մօտիկ ազգականն էր:
Դասախօսութիւնը կիսատ մնաց ի յարգանս սրբազանին:
Դառնանք կենսագրականին, որ կը յուշէ, թէ «Ազնաւորեան սրբազանին շիչումով հայ եկեղեցին հսկայ ուժ մը կորսնցուց: Արդարեւ 19 Յունիս 1966- 30 ապրիլ 2004 – 38 տարիներու անսակարկ նուիրում եւ ծառայութիւն: 38 տարի նման 38 փայլող լոյսերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր տեղն ու դերը ունեցաւ սրբազանի ծառայութեան կեանքէն ներս»:
Կենսագրականէն կը տեղեկանանք նաեւ, որ Ազնաւորեան վարդապետ 17 Մայիս 1980ին ծայրագոյն վարդապետ դարձած է ձեռամբ Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի եւ յաջորդ օրն իսկ՝ 18 Մայիսին եպիսկոպոս օծուած, իրեն օծակից ունենալով հետեւեալ ծայրագոյն վարդապետները.-
Տէր Արամ Ծ. Վարդապետ (ներկայիս Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ), Տ. Կորիւն Ծ. Վարդապետ Պապեան (այժմ արք., Մայրավանք) եւ Տ. Եփրեմ Ծ. Վարդապետ (այժմ արք., ԱՄՆ):
Հոս տրուած են նաեւ սրբազանին հրատարակած գիրքերուն ցանկը, թիւով 37 գործ:
Անցնինք այս մեծղի հատորին բովանդակութեան: Սրբազանը իր կոչումին տէր ամբողջ գիրքը ողողած է քրիստոնէական ոգիով հաստատելով, որ Աստուածաշունչը ամբողջութիւնն է Աստուծոյ խօսքին եւ ամենակալին խօսքը ուղղուած է ողջ աշխարհին: Ըսած է նաեւ, որ Աստուծոյ խօսքը կը շարունակուի եկեղեցիով:
Կարդալ եւ հասկնալ պէտք է Աստուածաշունչը: Պատուէր մը կը հետեւի ասոր. «Եթէ աղօթել կ’ուզես, այդ գործը ցուցադրական կերպարանք ստանալու համար չըլլայ: Տանդ մէջ աղօթէ մեն-մենակ: Աստուած կը լսէ քեզի»: Երանութիւններու մասին գրած է սրբազանը, թիով ութը: Քրիստոսի ամբողջ կեանքը՝ ծնունդէն խաչելութիւն եւ յարութիւն, աստուածաբանական վերլուծումի կ’ենթարկուի այս էջերուն վրայ իւրաքանչիւր էջին վրայ՝ դաս մը տալով ընթերցողին: Ապա կ’անցնի իր քարոզախօսութիւններուն. «Ինչպիսի կեանք պէտք է վարէ հայ քրիստոնեան»: Անհրաժեշտ կը գտնէ, որ մենք անձնապէս նորոգուինք: Նորոգութեան պէտք ունի նաեւ Հայոց Եկեղեցին, որ հասկնալի ըլլայ բարեպաշտ ժողովուրդին կողմէ:
Սրբազանին նիւթն է նաեւ Սուրբ Հոգին, որ թէեւ աներեւոյթ՝ բայց գործող ուժ է:
Տակաւին՝ Յունիս 8ին մեր եկեղեցին կը տօնէ Էջմիածնի հիմնադրումը: Եկեղեցին քարէ տուն մը չէ, այլ վայր մը ուր մենք կը հանդիպինք Աստուծոյ: Հաւատքի շնչարան եւ յոյսի վկայատուն է:
Հոս խօսուած է նաեւ Աստուածածնի մասին՝ որպէս կին ու մայր:
Սիրտով մաքուրները կը տեսնեն զԱստուած:
Խօսուած է նաեւ սիրոյ մասին, որ նուիրում է ու նաեւ զոհաբերում: Սէրը մեզ կը մօտեցնէ Աստուծոյ:
Խօսք կայ նաեւ «ժամանակավրէպ բաներ»ու մասին, ուր նկատի առնուած են ներկայ աշխարհի բոլոր թերութիւնները – հոս նորութիւնները կեղեւ են բայց ոչ մարմին: Կը հետեւի շարքը վերլուծումներու, թէ կեանքը ազատութեան մէջ է կեանք:
Երբ կը խօսուի սուրբերու մասին, սրբազանը կը հաստատէ, որ ժողովուրդը կ’ընտրէ իր սուրբերը ու եկեղեցին հաստատողն է:
Հայ եկեղեցիին դերը եղած է մեծ, բայց նորոգումի պէտք ունի: Հոս Ազնաւորեան սրբազան կը յայտնէ .«Ինքնախաբէութիւնը երբեք յատուկ չէ եղած ինծի, բայց իրապաշտութիւնն ալ բնաւ չեմ շփոթած յոռետեսութեան եւ յուսալքումի տրամադրութեանց հետ: Պայծառ գալիքին սպասումը յատուկ է տեսիլքով հաստատ ժողովուրդներուն եւ իրագործելիք նպատակ ունեցողներուն: Եւ կը հաւատամ, որ մեր ժողովուրդը հակառակ իր դառն փորձառութեանց եւ երէկի ու այսօրուան անցուցած ճգնաժամերուն, մշտապայծառ տեսիլքով, իմաստնացած հայ հայեացքով պիտի դիտէ 1700 ամեակով բացուող նոր ժամանակները՝ սերտէ նոր ապագան»:
Հայ եկեղեցին սրբագործումին վերջ տուած է 15րդ դարուն: Միթէ՞ Գրիգոր Տաթեւացիէն ետք մենք չենք ունեցած սուրբեր, ժամանակն է որ ունենանք նոր սուրբեր: Ձայն Արթնութեան մէջ սրբազանը իրաւունքներու հետապնդումին հարցը կ’արծարծէ: Եղեռնի ամեակները առիթ են գիտակցութեան, արթնութեան, ինքնաճանաչման, սրբագրման: Այսօր աւելի՛:
Սրբազանը կ’ըսէ. «Ամէն հայու միտքին վրայ հուրով եւ սուրով խորաքանդակած անջնջելի պատկեր եւ մշտակենդան պատմութիւն է Ապրիլեան Եղեռնին թուրքին կողմէ մեր ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան հրէշային պատմութիւնը»:
Եւ ահա հոս նոր ստեղծագործութիւն: Սրբազանը յօրինած է շարական մը խառն գրաբար ու աշխարհաբար 75 համարներով եւ նօթաներով, զոր ինք իսկ թարգմանած է ֆրանսերէնի ու անգլերէնի: Հրաշալիք մը, որով գիտէ ե՞րբ պիտի ընծայուի մեզի հայոց եկեղեցիի ծէսի բաժինով եւ երգուի:
Ու վերջապէս, ահա հայ եկեղեցիին երաժշտական բաժինը, ուր սրբազանը կու տայ պատմութիւնը եկեղեցական երաժշտութեան, այլ նաեւ կը խօսի մեղեդիներու, տաղերու եւ գանձերու մասին վերլուծումով:
Օտարներ հիացած են մեր շարականներուն վրայ:
Սրբազանը այս երաժշտութեան յատկացուցած է 19 էջ: Նոյնքան մըն ալ տաղերուն եւ մեղեդիներուն: Խորապէս շեշտած է Կիլիկիոյ բերած նպաստը հայ մշակոյթին: Անդրադարձ կայ կրօնքի եւ հաւատքի զօրութեան շուրջ:
Այլ նիւթերէ ետք սրբազանին ուսանողական շրջանի գրածները կան, ուր «Առաջին Լացը» յուզիչ պատմուածք մըն է: Կայ նաեւ ուսումնասիրութիւն մը Հայր Եղիշէ Դուրեան բանաստեղծին եւ պաշտելի Արմաշականին շուրջ, ստորագրած գրած Մինաս սարկաւագ, իր ծննդեան անունով: Ինչ շուտ հասանք աւարտին: Քիչ է շնորհակալութիւն յայտնել գիրքը կազմողին եւ խմբագրողին:
Մնայուն արժէքի մը հետ տեսակցութիւն ունեցանք, որ հանդիպում էր մեր օրերու սուրբին հետ: Ու բարի եւ օգտաշատ էր այս հանդիպումը: