Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

Բուն Բարեկենդանը Փրակի Ռուսական Դպրոցին Մէջ

Չեխիոյ Հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպանութեան դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ ռուսական Մասլենիցային նուիրուած ձեռնարկ, որուն իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը ցուցաբերեցին նաեւ դպրոցի հայ մանուկները: Այս մասին կը յայտնէ Չեխիոյ «Օրեր» պարբերականը:

Այս տօնով հեթանոս ռուսերը հրաժեշտ կու տային ձմրան` այրելով աւելորդ եւ անպէտք իրեր, ուրկէ  ծագում առած է խրտուիլակ այրելու հնագոյն սովորոյթը: Խրտուիլակին հետ անոնք կ’այրէին, կ’ոչնչացնէին անցեալ տարուան բոլոր անյաջողութիւններն ու տհաճութիւնները, որպէսզի գարնան հետ նոր կեանք սկսին: Յետագային Ռուս ուղղափառ եկեղեցին, ինչպէս բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները, ժողովրդական սիրուած այս տօնին նոր
բովանդակութիւն ու նշանակութիւն  հաղորդած են:

Մասլենիցան, ինչպէս Բարեկենդանը հայոց մէջ` կը նշուի Մեծ պահքին նախորդող շաբաթը եւ ունի հեթանոսական ծագում:

Հայ մանուկները այդ օրը ներկայացուցին Բուն Բարեկենդանի խորհուրդն ու աւանդոյթները եւ հիացուցին հայուն բնորոշ հիւրասիրութեամբ: Ներկայացուեցաւ նաեւ Հայաստանի մասին պատմող տեսանիւթ եւ Բուն Բարեկենդանի տօնին նուիրուած փոքրիկ բեմադրութիւն` հայ մանուկներու մասնակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին