Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Դար մը Ապրելէ Ետք Մեկնում Կարպիս Նազարեանի

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

Այնթապ ծնած Կարպիս Նազարեան, տարագրութեան պատճառաւ շունչ առաւ հալէպի մէջ իր ծնողքին ու քոյր եղբայրներուն հետ:

Հալէպի մէջ տարագիր հայութիւնը անմիջապէս ձեռնարկեց հիմնել վարժարաններ ու եկեղեցիներ, ակումբներ նաեւ:

Պատանեակ Կարպիս սկսաւ յաճախել Այնթապու Կրթասիրաց վարժարան, իբր դասընկեր ունենալով պատանի Սիմոն որդի Օվէի Սիմոնեանը: Այս տղան կանուխէն սիրած էր մեր գրականութիւնը:  Ուրեմն իրենց պատանեկան հասակէն երկու ընկերներ սիրեցին մեր լեզուն, իրենց նիւթ ունենալով այդքան կանուխէն մեր գիր գրականութիւնը:

Կարպիս Նազարեանի մէջ ծիլ տուած այդ սէրը իրեն հետ մեծցաւ մինչեւ իր հարիւր տարիքը: Յայտնի է այս իրողութիւնը, քանի Կարպիս Նազարեան իր ողջ կեանքին ընթացքին եղաւ ոչ միայն ընթերցող, օրը օրին ընթերցող՝ գիրք ու մամուլի, այլ նաեւ հիմնեց հրատարակչական մարմին մը Պէյրութի մէջ, իր շուրջ ունենալով խումբ մը գրողներ, որոնք ընթացք կու տային յաջորդական գրահրատարակչութեան, որուն ծախսերը լրիւ կը հոգար այս յորորվայնէ գրասէր անձը:

Նազարեաններու ընտանիքը կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր բաւարար ուսում ստանալէ ետք, երիտասարդ երղբայրները կը նետուին գործի ասպարէզ եւ շնորհիւ իրենց խելամտութեան ու աշխատասիրութեան, յաջողութիւններ կ’արձանագրեն այնքան մը, որ Լիբանանի մէջ ընդհանուր ճանաչումի կ’արժանանան:

Սակայն այդ ճանչցուիլը միայն գործի յաջողութենէն չէ որ կու գար, կանուխէն այս երիտասարդները կը միանան Հ.Բ.Ը. Միութեան եւ Հ.Ե.Ը.ի շարքերուն՝ անօրինակ նուիրումի եռանդով այստեղ հասնելով ղեկավար դիրքերու: Կարծէք այդքանն ալ բաւարար չէր ընդհանուր ճանաչումի արժանանալու համար: Յաջող գործի մարդ, անոնց համար եկած էր ժամը դառնալու բարերարներ:

Տարագրուած ժողովուրդ, օտար երկիր, հայ մնալու պայքար, դպրոց, եկեղեցի, ակումբ պահելու անհրաժեշտութիւն, այս բոլորը ունենալու եւ պահելու համար խանդավառ ըլլալը բաւարար չէր: Մեծ գումարներու պէտքը կար:

Կարպիս Նազարեանի մտածումներուն մէջ նաեւ իր եղբայրներուն կարեւորութեան կարգով տեղ գտած էինք երեք գաղափար.-

Ա.- Երիտասարդութեան հետ ըլլալ:

Բ.- Օգնել հայ դպրոցին ու հայ գիրքին:

Գ.- Ծառայել Հայրենիքին:

Արդէն երիտասարդութեան հետ էին ըլլալով Հ.Ե.Ը.ի շարքերուն մէջ, ամէն օր գործէն ետք ոչ թէ երթալ տուն, այլ Հ.Ե.Ը.ի ակումբ: Ակումբը իրենց առաջին տունն էր:

Յետոյ, յետոյ չէ՜, առաջինը հայ դպրոցը պէտք էր ըլլար, ոչ թէ մատներու ծայրերով օգնելով հայ դպրոցին, այլ դպրոց հիմնել:

Ու ահա սիրելի ծրագիրը կը վերածուի գործի եւ արդէն Պէյրութի մէջ կէս դարէ ի վեր գոյութիւն ունի Նազարեան դպրոցը:

Թուրքէն վրէժ լուծելու ձեւերէն մէկն ալ միայն զէնքը չէ՛, այլ դպրոցը, քանի հայ դպրոցը հայ մնալու, մայրենին իմանալու, հայ մշակոյթով հարստանալու բանալի միջոց է:

Ո՞ւր մնաց հապա Հայրենիքին ծառայելը:

Արդէն Սփիւռքը հայ պահելու ճիգն ու աշխատիլը, նուիրումով աշխատիլը Հայրենիքին ծառայել չէ՞ր:

Արդէն Սփիւռքը հայ պահելով Հայրենիքին ծառայած կ’ըլլայ այն հայը, որ կը կապուի հայ դպրոցին, հայ եկեղեցիին, հայ ակումբին:

Սփիւռքը ինքնանպատակ երեւոյթ մը չէ՛, Սփիւռքը պէտք է ապրի Հայրենիքով ու Հայրենիքին համար: Արդէն այդ ուղիին վրայ կը գտնուէին Հ.Բ.Ը. Միութիւնն ու Հ.Ե.Ը. Երիտասարդական կազմակերպութիւնը:

Պօղոս Նուպար փաշայի ու իր ընկերներուն հիմնած միութիւնը 1906ին, թէեւ ունէր աւելի հեռագնաց նպատակներ մեր Հայրենիքին համար, բայց Ուրբաթը Շաբաթէն առաջ գալուն, ըսել կ’ուզենք 1909ին թուրքական ֆաշիզմին Ատանայի հայոց ջարդը կազմակերպելը, որմէ թուրքը ճանչնալու դասը չառինք, եկաւ 1915ի գեր-ֆաշական ջարդը հայոց ու անկէ դաս մը առաւ Հիթլէր:

Բարեգործականը կար արդէն ու այս միութիւնը, որ հիմնուած էր Հայաստանի մէջ երկրագործութիւնը զարգացնելու համար, կատարեց նախախնամական դեր օգնելու համար տարագիր հայ զանգուածներուն՝  որբանոցներ, այրիանոցներ, դպրոցներ հիմնելով եւ օգնութեան հասնելով տարիքաւորներուն: Նոյնը ըրաւ Հայաստանին:

Նազարեան եղբայրները այս միութեան շարքերուն մէջ էին:

Պէյրութէն մինչեւ Ամերիկա հայ դպրոցին, հայ ակումբներ, սրահ ու դպրոց կառուցելու իրենց աշխատանքէն բացի, երբ Հայաստան հասաւ իր Գ. Հանրապետութեան հիմնադրումին, Նազարեաններուն մէջ ծագեցաւ Պէյրութի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը հիմնելու գաղափարը:

Հազարաւոր տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունէր Լիբանանը:

Հազարաւոր տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունէր Հայաստանը:

Հիմա Հայաստանը իր անկախութեան տիրանալով, հազարամեայ իր կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ ալ պիտի ունենար դեսպան ու դեսպանատուն:

Ահա այդ դեսպանատունն է, զոր կառուցել տուին Նազարեան եղբայրները Պէյրութի մօտակայ ծառախիտ բլուրի մը լանջին:

Դեսպանատուն մը՝ մեծ երկրի դեսպանատան վայրել շքեղութիւնը ունեցող:

2015 տարին բարի լուրեր բերած էր մեզի, բայց անսպասելի չար լուրեր ալ բերաւ: Մեկնած էր Կարպիս Նազարեան բարերարը վայելելով ոչ միայն իր հարազատ կեանքի ընկերուհիին՝ Արեգնազին գուրգուրանքն ու նուիրումը, այլ ողջ գաղութին կողքին Հայաստանի յարգանքը:

Իր հայրենասիրական ու ազգային բոլոր պարտականութիւնները լրիւ կատարած մեկնեցաւ Կարպիս Նազարեան:

Զաւակները մէկը Զուիցերիայէն, դուստրը Նիւ Ճըրզիէն փութացած էին հասնիլ իրենց այնքա՜ն սիրելի հօր թաղումին, հոծ, իրապէս հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, որոնց մէջ մեծ էր թիւը արաբներուն, քանի Կարպիս Նազարեան ծառայած էր նաեւ Լիբանանին:

Երթաս բարով չենք ըսեր Կարպիս Նազարեանին, քանի ան ամէն օր պիտի վերադառնայ մեզի իր գործերով ու պիտի ըլլայ ներկայութիւն մեր մօտ:

Պատիւ արժանաւորին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին