Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Արխիւները»

Շաբաթ, 14 Փետրուար 2015ին, նախագահութեամբ Ամեն. եւ Գերջ. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքին, Հայ Կաթողիկէ Զմմառու Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Արխիւները» միօրեայ գիտաժողովը, կազմակերպութեամբ Զմմառու Պատրիարքարանի Կղերի Միաբանութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնին:

Բացման խօսքին մէջ, Ամեն. եւ Գերջ. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կարեւորեց Հայոց Ցեղասպանութեան ամբողջական պատկերացումին համար արխիւներու ունեցած անփոխարինելի դերը: Ան մատնանշեց ճշմարտութեան բացայայտման եւ հաւաքական յիշողութեան պահպանման համար արխիւներուն տեղն ու դերը: Հուսկ ան հայրապետական օրհնութեամբ ողջունեց Ս. Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոսութեանց  Վեհափառները, Լիբանանի Հայ Առաքելական եւ Աւետարանական համայնքներու կրօնական պետերը եւ գիտաժողովին մասնակից շուրջ վեց տասնեակ մտաւորականներուն Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնի անդամներու եւ միութեանց ներկայացուցիչներուն:

Ապա բարի գալուստի խօսք արտասանեց Զմմառու Հայ Կաթողիկէ վանքի վանահայր, Պատրիարքական Փոխանորդ Գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեան, որ ծանրացաւվախի հասկացութեան վրայ: Անդրադառնալէ ետք Օսմանեան Կայսրութեան հայաջինջ քաղաքականութեան, ան շեշտեց որ պէտք չէ վախնալ անոնցմէ որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ այնուհետեւ բան չեն կրնար ընել: Իր արաբերէն խօսքի աւարտին, Հայր Մուրատեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Լիբանանի պետութեան, ժողովուրդին, երկրին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան:

Ապա յանուն Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնի, ֆրանսերէն խօսք առաւ Պրն. Ումուտեան, ապա առաջին նիստավարը՝ Տիկ. Սեդա Խտըշեան բացուած յայտարարեց նիստը ու ՀՀ Սփիւռքի Նախարարուհի Հրանուշ Յակոբեանի կենդանի ողջոյնը հեռասփրուեցաւ, որմէ ետք գիտաժողովի առաջին զեկոյցը ներկայացուց Ցեղասպանագէտ, Հայոց Ցեղասպանութեան խորագէտ մասնագէտ Դոկտ. Յարութիւն Գէորգեան:

Փրոֆ. Յարութիւն Գէորգեան ծանրացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ օտար դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միսիոնարներու արխիւային փաստաթուղթերուն վրայ: Ան անդրադարձաւ եւրոպական արխիւներուն, առանձնացուց գերմանական, աւստրօհունգարական, ամերիկեան, ֆրանսական եւ բրիտանական, միսիոնարական ու Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութենէն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւն փոխանցուած արխիւները:

Երկրորդ զեկոյցը ի բացակայութեան զեկուցաբերի, ներկայացուեցաւ: Զեկոյցը անդրադարձաւ Վատիկանի արխիւներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Զեկոյցը, գրեթէ ամբողջութեամբ կեդրոնացած էր 1894-1896 շրջանի համիտեան ջարդերուն:

Իւրաքանչիւր զեկոյցէ ետք առիթ տրուեցաւ հարց պատասխանի ու քննարկումներու, ուր լուսաբանական եւ յստակացումներու եւ յաւելեալ տուեալներու տեղիք տուաւ:

Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք Դամասկոսի Հայ Առաքելական Թեմի Առաջնորդ՝ Հայր Արմաշ սրբազան ներկայացուց Դամասկոսի հայ համայնքին ծրագրած ու արդէն մասամբ գործադրուած հարիւրամեակի փաթեթը:

Նման բնոյթի զեկոյց մը ներկայացուցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Եգիպտոսի ներկայացուցիչները՝ յառաջացնելով մասնակի համապատկեր մը Միջին Արեւելքի մէջ կատարուող եւ կատարուելիք ձեռնարկներուն: Ապա խօսք առաւ Փրոֆ. Վահրամ Շեմմէսեան:

Իր զեկոյցին մէջ, Դոկտ.-Փրոֆ. Վահրամ Շեմմէսեան անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի հայկական արխիւատուններուն: Ան մէկ առ մէկ թուարկեց Միջին Արեւելքի հայկական այն վայրերը, արխիւատունները ուր ինք անձամբ պրպտումներ կատարած է հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ եւ առանձնացուց Գահիրէի, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան, Անթիլիասի Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոսութեան, Հալէպի եւ Պաղտատի Հայ Առաքելական Առաջնորդարաններու արխիւատուններուն մէջ պահ դրուած Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ յաջորդող տասնամեակներուն վերաբերող փաստագրական մեծ եւ արժէքաւոբր հաւաքածոները:

Փրոֆ. Շեմմէսեան կարեւորեց այդ արխիւային նիւթերուն մշակումը, թուայնացումը եւ անոնց բազմացումն ու տարբեր կերդրոններու մէջ պատճէններու առկայութիւնը: Ան առարկեց որ այդ նիւթերը անհրաժեշտ է մատչելի դարձնել պատմաբաններուն, ուսումնասէրներուն, որպէսզի կարելի դառնայ աւելի ամբողջականօրէն սերտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, անոր գործած աւերը ու հայ ժողովուրդին վրայ ունեցած հետեւանքները:

Դադարէն ետք իր զեկոյցը ներկայացուց Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Հին Ձեռագրերի Ինստիտուտ Մատենադարանի վաստակաւոր գիտաշխատող Գէորգ Տէր Վարդանեան, ան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայկական մշակութային գանձերէն ձեռագիր մատեաններուն եւ կրօնական գիրքերուն մասին տեղեկութիւններ:

Դոկտ. Տէր Վարդանեան ընդգծեց որ շատ փոքր թիւով ձեռագիր մատեաններ փրկուած են Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն: Ան ընդհանուր կորուստը հաշուեց շուրջ 30,000 ձեռագիր մատեան: Յարգելի մասնագէտը շեշտեց եւ մեծապէս հաւանական նկատեց որ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն արեւմտահայ ու կիլիկեհայ վանքերէն ու եկեղեցիներէն բռնագրաւուած ձեռագիրներէն մաս մը կը գտնուի տակաւին թրքական պետական գրադարաններու կամ արխիւատուններու փակ ֆոնտերուն մէջ, որոնց լոյս աշխարհ բերումը մեծ նպաստ կ’ունենայ հայ մշակոյթի ձեռագիր մատեաններու բնագաւառի ուսումնասիրութեան, բայց միաժամանակ ծանր յանցագործութեան աթոռին կը գամէ ցեղասպան թուրքը:

Դոկտ. Տէր Վարդանեան յստակացուց նաեւ որ եթէ որոշ պատկերացում մը կայ այս ձեռագիր մատեաններուն կորուստի քանակին եւ արժէքին մասին, անկարելի է սակայն գնահատում կատարել հայ կրօնական սպասքի, եկեղեցական իրերու կորուստին քանակին, համեմատութեան եւ արժէքին մասին:

Գիտաժողովի վերջին զեկուցողը եղաւ Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան, որ ներկայացուց Մարտինի  հայ կաթողիկէ առաջնորդ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի կեանքը եւ անոր նահատակութեան շուրջ մտորումներ:

Միօրեայ այս գիտաժողովը յատկանշուեցաւ այն հաւաստումով որ տակաւին չուսումնասիրուած եւ չպեղուած մեծաքանակ արխիւային նիւթեր կան, որոնց գոյութեան քաջատեղեակ են ցեղասպանութեան ուսումնասէրները: Միւս կողմէն, սակայն նշուեցաւ որ կան տակաւին չուսումնասիրուած-չյայտնաբերուած արխիւներ եւս: Այս բոլորը առաւել լոյս կը սփռեն Հայոց Ցեղասպապութեան ծալքերուն: Բարձրաձայնուեցաւ այն միտքը որ հայ ժողովուրդը իբրեւ ազգ կը գտնուի էական մարտահրաւէրի մը առջեւ, որ կը վերաբերի պատասխանատու եւ գիտակից վերաբերում ունենալու իր պատմութեան վաւերաթուղթերուն եւ արխիւային նիւթերուն հանդէպ՝ եթէ կը միտի իր պտմութեան ուսումնասիրութիւնը նոր հանգրուանի եւ միջազգային նորագոյն չափանիշերուն համապատասխանեցնելու:

Կարեւորուեցան նաեւ արխիւային նիւթերու գիտական մատչելիութեան, թուայնացման, կրկնօրինակման եւ այլեւայլ կեդրոններու մէջ ցանցակալելու խնդիրները:

Այս խնդրին այլ երեսակ իբրեւ ընդգծուեցաւ նաեւ նոր, երիտասարդ մասնագէտներու յառաջացումը եւ անոնց անհրաժեշտ թափ ու աջակցութիւն ցոյց տալու էականութիւնը, որովհետեւ կարիքը կայ ո՛չ միայն Ցեղասպանութեան առաջին տարիներու արխիւային նիւթերու առաւել ուսումնասիրութեան, այլեւ գաղթականութեանց տեղաւորման, քեմփերու եւ որբանոցներու հաստատման պատմութեանց ուսումնասիրութիւնը:

Գիտաժողովը նաեւ ուղղակի եւ անուղղակի կոչ էր երիտասարդ գիտնականներուն եւ ուսումնասէրներուն՝ աւելի թափով լծուելու մարդկային հաւաքականութեան մը կողմէ մարդկային այլ հաւաքականութեան դէմ գործուած ցեղասպանութեան առաւել ամբողջական ուսումնասիրութեանց թափը եւ կշռոյթը զօրացնելու: Գիտաժողովի իւրայատկութիւնն էր նաեւ այն, որ քննարկումներու բազմակի քննարկումները յաճախ դիտակէտ ունեցան այս արխիւային բազմակի նիւթերու օգտագործումը՝ իրաւական դաշտին մէջ:

Զմմառու Պատրիարքարանի Կղերի Միաբանութիւն

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմին

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին