Հինգշաբթի, 12. 06. 2025

spot_img

Ցեղասպանութեան Ճանաչման Աւանդի Համար Օտար Գործիչները Կրնան Պարգեւատրուիլ Երախտագիտութեան Մետալով

Հայաստանի  խումբ մը պատգամաւորներ կ’առաջարկեն Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ցեղասպանութիւններու դատապարտման եւ կանխարգելման, ինչպէս նաեւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի գործին մէջ նշանակալի եւ ծանրակշիռ աւանդ ունեցող օտարերկրեայ քաղաքացիներուն:

Այդ նպատակով կառավարութեան քննարկման ներկայացուած է  «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու եւ պատուաւոր կոչումներու մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծը, որն ընդգրկուած է կառավարութեան Փետրուար 12-­ի նիստի օրակարգին մէջ:

Ըստ Armenpress.am-ի` գործադիրը նախագիծի վերաբերեալ սկզբունքային առարկութիւններ չունի: Գործող օրէնքի 25-­րդ յօդուածին համաձայն` երախտագիտութեան մետալով կը պարգեւատրուին պետական, հասարակական գործիչներ, տնտեսութեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ այլ բնագաւառներու գործիչներ, մինչդեռ կան նաեւ օտարերկրեայ քաղաքացիներ, որոնք իրենց նշանակալի աւանդը  ներդրած են Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ցեղասպանութիւններու դատապարտման եւ կանխարգելման, խախտուած իրաւունքներու վերականգնման, ինչպէս նաեւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի գործին մէջ, սակայն մինչ այժմ պարգեւի համապատասխան տեսակով` երախտագիտութեան մետալով չեն պարգեւատրուած:

Օրինակ, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Աննա Էշուն, ծերակուտական Մարք Քըրքը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ատամ Շիֆը, Պրետ Շերմանը, Հովարտ  Պերմանը
եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ. Ռոյսը, պետական­ քաղաքական գործիչ Ճիմ Քարիճիաննիսը (ԳԱՆԱՏԱ), Ճորճ Ռատանովիչը (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Եւրոպական Խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Անրի Սապը եւ հասարակական, պետական-­քաղաքական այլ գործիչներ պարգեւատրուած են Մխիթար Գոշի մետալով, այնինչ` նախագիծի ընդունմամբ հնարաւոր կ’ըլլայ նման գործիչներուն պարգեւատրել Երախտագիտութեան մետալով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին