Երէկ յետմիջօրէին լիբանանահայութիւնը ազգային յուղարկաւորութեամբ մը հրաժեշտ տուաւ ազգային մեծ բարերար Տիար Կարպիս Նազարեանին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, որ գլխաւորեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը: Թաղման արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան առաջնորդ Գերշ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:
Ներկայ էին Լիբանանի խորհրդարանի Նախագահին եւ Վարչապետին ներկայացուցիչները, ՀՀ դեսպան պարոն Աշոտ Քոչարեան եւ Լիբանանի պետական, ազգային ու կուսակցական աւագանիին պատկանող դէմքեր ու Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Ե.Ը.ի ղեկավարութիւնը:
Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը կը ներկայացնէր ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ պետական նախկին երեսփոխան ընկ. Յակոբ Գասարճեանը: ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացուց ընկ. Սեւակ Յակոբեան:
Հ.Բ.Ը.Մ.ի դրօշով ծածկուած հանգուցեալին թագաղին շուրջ Հ.Ե.Ը.ի սկաուտական խումբը ներկայ էր իբրեւ պատուոյ պահակ: Յուղարկաւորութեան՝ մահերգով ընկերակցեցաւ Հ.Ե.Ը.ի շեփորախումբը:
Աւարտին ընթերցուեցան ՀՀ Վսեմաշուք նախագահ Սերժ Սարգիսեանի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Օ.Ս.Տ.Տ. Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառներու ցաւակցագիրերը:
Կարպիս Նազարեանի մահով հայ ժողովուրդը կորսնցուց ազգային բարերար մը եւ վաստակաւոր միութենական մը, որուն բերած նիւթաբարոյական ներդրումը մեծ էր համայն հայութեան բարօրութեան մէջ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: