Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Յետադարձ Ակնարկ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ “ԱՐԻՆ” Պարախումբի «Սասնայ Ծռեր» Պարային Համոյթին

Համադրեց՝ ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

«Սասնայ Ծռեր» էպոսին (առասպել) պարային համոյթը տեղի ունեցաւ 5, 6 եւ 7 Դեկտեմբեր 2014-ին, Քազինօ Տիւ Լիպանի հանդիսասրահին մէջ, ՀԲԸՄ – ՀԵԸ «Արին»  պարախումբին կողմէ: Երեք ելոյթներուն ալ խանդավառ հանդիսականներ լեցուցած էին սրահը:

Ինչպէս կը յիշուի պարային համոյթի գրքոյկին մէջ, «Սասնայ Ծռեր» հայ ժողովուրդի դիւցազնավէպի արմատները կը գտնուին հնագոյն ժամանակներուն մէջ: Դարերու ընթացքին զարգանալէ ետք, ան իր վերջնական տեսքը կը ստանայ 8-րդ դարուն արաբական արշաւանքներու ժամանակ: Դիւցազնավէպի գաղափարական ոգին հայ ժողովուրդի հերոսական մաքառումն է թշնամիներու դէմ, յանուն ազատութեան եւ անկախութեան, Հայրենիքի եւ պետականութեան պահպանման: Դիւցազնավէպը առաջին անգամ գրի առնուած է Գարեգին եպս. Սրուանձտեանցի կողմէ 1873 թուին :

«Սասնայ Ծռեր» էպոսը բաղկացած է վիպական չորս մասերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կոչուի հերոսներու մէկ սերունդին անունով` «Սանասար եւ Պաղտասար», «Մեծ Մհեր», «Սասունցի Դաւիթ» եւ «Փոքր Մհեր»

«Սասնայ Ծռեր» էպոսի պարային համոյթի հանրութեան ներկայացումը` շուրջ եօթ-ութ ամիսներու տքնաջան աշխատանքի մը արդիւնք էր, աշխատանք մը որուն մաս կը կազմէին ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութենէն սկսեալ, պարախումբի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը, պարուսոյցը, բեմագրողը, երաժշտութիւն համադրող եւ բեմավարը, լուսաւորութեան պատասխանատուն, դեմայարդարողը, տարազները պատրաստողը, հարիւրի մօտ մեծ ու փոքր տղայ եւ աղջիկ պարողները, իրենց զաւակները պարարուեստին մղող նուիրեալ ծնողները, ՀԲԸՄ-ի Շրջանակայինի Յանձնաժողովի նիւթաբարոյական անվերապահ եւ ամբողջական նեցուկը: Այս բոլորին ներդաշնակ համադրումը միայն երեք օրուան համար, ճիշդ այնպէս ինչպէս պարտիզպանը ամբողջ տարի մը հոգ կը տանի իր պտղատու ծառերուն` վերջաւորութեան մէկ շաբթուան մէջ քաղելու հասունցած պտուղները: Պարային համոյթը իր տեսակին մէջ մեծ  նուաճում մըն էր: Այս բոլորը կը պատահի սիրողական գետնի վրայ: Պարողները, բեմի ետեւէն աշխատողները, բոլորն ալ արուեստի նուիրեալներ: Տարօրինակը այն է, որ այս բոլորը կը կատարուին այնպիսի պայմաններով եւ երկրի մը մէջ, ուր ամէն տեսակ տագնապ կայ` տնտեսական, պետական կառոյցներու, ապահովական վիճակի եւ այլն: Բայց տեղ մը բուռ մը մարդիկ մոռնալով ամէն տագնապ` կը խիզախին լաւագոյնին ձգտիլ. սա Լիբանանն է, անհասկնալի Լիբանանը:

Այս գործին յաջողութեան գաղտնիքները բացայայտելու համար հանդիպում-զրոյցներ ունեցանք պարախումբի կարգ մը պատասխանատուներուն հետ: Առաջին հանդիպումը եղաւ գլխաւոր դերակատար, պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Գայիանէ Մածունեանի հետ:

Հ- Օրդ. Գայիանէ ի՞նչ բան ձեզ մղեց, որ «Սասնայ Ծռեր» էպոսի պէս մեծ ու բարդ պատմութիւն ունեցող գործ մը պարարուեստի միջոցով բեմադրէք:

Պ- Գիտէք ինչ, սա երեւի իմ նկարագրի գիծերէն մին է, միշտ ձգտիլ աւելի լաւին, դէպի աւելի բարձրին: 2013 Մայիսին Արամ Խաչատուրեանի երաժշտութեան նուիրուած պարահամոյթին յաջողութենէն քաջալերուած` ուզեցի ձեռնարկել էպոսի պէս մեծ ծաւալ ունեցող գործի մը: Սասունցի Դաւիթի պատմութեան ծանօթ էի մանկութենէս, երեւի հունտերը, որ մանկութեանս ցանուած էին մէջս, տարիներու պէտք ունէին բեղմնաւորուելու համար:

Հ- Որոշ արուեստներու մէջ` ինչպէս երաժշտութիւն, գրականութիւն, նկարչութիւն, անհատներ են դերակատարները, պարային համոյթներուն եւ թատերական ելոյթներու պարագային ինչպէ՞ս բնորոշել արուեստը:

Պ- Պարի պարագային ինչպէս նաեւ թատրոնի՝ արուեստը կը գոյանայ ներկայացումին ամբողջութեան մէջ, պարին բնոյթը, պարողը, բեմադրողը, զգեստաւորումը, երաժշտութիւնը, լուսաւորումը, բոլորը միասին ամբողջութիւն մը կը կազմեն:

Հ- Լիբանանի պատմութեան մէջ շուրջ կէս դարէ ի վեր, բեմի վրայ են բարձր մակարդակով մէկէ աւելի հայկական կազմակերպուած պարախումբեր, որոնց նմանը հազուադէպօրէն կը հանդիպինք միւս համայնքներուն մօտ, ու՞ր է ասոր գաղտնիքը

Պ- Չմոռնանք, որ լիբանանեան «Քարաքալլա» պարախումբը տարիներով իր գոյութիւնը կը պահէ ու տարուան ընթացքին ամիսներով բեմերու վրայ է: «Քարաքալլա» արհեստավարժ պարախումբ է: Հայկականները սիրողական են: Հոս կարեւոր կէտ մը կայ, որ պէտք է նշել, հայը արուեստասէր ժողովուրդ է, կարծէք հայը ի ծնէ արուեստի ձգտում ունի, ըլլայ ան պար, նկարչութիւն, երաժշտութիւն եւ այլն: Սա է գլխաւոր պաճառը, որ հայը ի գին ամէն զոհողութեան կը ձգտի հասնիլ արուեստի: Իսկ թէ ինչու՞ մեր պարի ելոյթները կ’ունենան միայն մի քանի օրուան կեանք, պարզ է պատճառը, սիրողական են մեր պարողները: Ամէն մէկ պարող ելոյթին յաջորդ օրը պիտի վերադառնայ իր գործին կամ դպրոցին: Չմոռնանք նաեւ, որ նպատկներէն մէկն ալ ազգապահպանումն է, պահել հայ տղաքն ու աղջիկները նոյն յարկին տակ, ժամանակի ընթացքին զանոնք որպէս հայ կորսնցնելու մտավախութենէն ելլելով:

Հ- «Սասնայ Ծռեր» էպոսը Հայաստանի մէջ որեւէ ժամանակ ներկայացուա՞ծ է որպէս պարային համոյթ:

Պ- Իմ ունեցած տեղեկութիւններու ծիրին մէջ` ո՝չ, միայն գիտեմ, որ ներկայացուած է «Սասունցի Դաւիթ» պարահամոյթը Էտկար Յովհաննիսեանի երաժշտութեամբ եւ Ռուբէն Ալթունեանի մշակումով:

Հ- Քանի՞ տարիէ ի վեր կը ղեկավարէք ՀԵԸ-ի պարախումբը

Պ- 2005-էն ի վեր կ’աշխատիմ ՀԵԸ-ի պարախումբին հետ որպէս պարուսոյց եւ պարային ելոյթներ կազմակերպող: Առաջին տարիներուն պարողներուն թիւը 45-էր, իսկ այսօր 180-ը կ’անցնի:

Հ- Կ՝ըսէք, թէ համոյթի գրքոյկին կողքի նկարը ձեր մտայղացումն է, ան ի՞նչ կը ներկայացնէ:

Պ- Եթէ նշմարած էք նկարը բաղկացած է երկու մասերէ, կէսը լուսաւոր եւ միւս կէսը մութ: Միտքը հետեւեալն է` լուսաւոր կողմը ազատութեան ձգտող հայ ազգն է (չմոռնանք նաեւ, որ հայը անցեալին պաշտած է Արեւը), որ պայքարած է իր անկախութեան համար, իսկ մութը կը ներկայացնէ բռնատէրը, որ կը փորձէ ճնշել, գերեվարել ու ոչնչացնել մեր ժողովուրդը:

Շնորհակալութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով Օրդ. Գայիանէին կ՝անցնինք յաջորդ հարցազրոյցին, այս անգամ դերասան եւ բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանին հետ:

Հ- Որպէս թատրոնի բեմադրիչ ու դերասան գնահատելի ներդրում ունեցած էք լիբանանահայ թատրոնի կեանքին մէջ, նոյն ատեն առնչուած էք «Արին» պարախումբի ելոյթներու հետ: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող թատրոնը, հայկական եւ արաբական, ինչ վիճակ ունին անոնք այսօր:

Պ- Հայկական թատրոնը այսօր մնացած է անցեալի հոգեբանութեան եւ մտածելակերպի մէջ: Մենք դուրս պէտք է գանք այդ կաշկանդուած վիճակէն: Այսօր հանդիսատեսը կը փնտռէ իր առօրեային հետ կապուած նիւթեր, այդ չի նշանակեր, որ պէտք է մոռնանք դասական դարձած թատրերգութիւնները: Միտքս հետեւեալն է` պէտք է հեռու մնալ քարոզչական եւ գաղափարախօսական նիւթերէ: Վերջապէս հանդիսատեսի փնտռածը ի՞նչ է,  ինքզինք տեսնել բեմի վրայ՝ իր կեանքին ելեւէջներուն հետ կապ ունեցող բիէսներու ընդմէջէն: Ըսել չեմ ուզեր, որ ասոնք ըլլան աժան ու անորակ: Ինչ կը վերաբերի արաբական թատրոնին, անիկա շատ աւելի յառաջացած վիճակ ունի, հոն կը տիրէ նիւթերու այժմէականութիւն եւ բազմազանութիւն, ութէն տասը թատերասրահներ գոյութիւն ունին Պէյրութի մէջ եւ ոմանց ներկայացումները երբեմն մինչեւ վեց ամիս կը բեմադրուին:

Երկու արդարացուցիչ պատճառներ կան` առաջին, որ ընտրուած նիւթը կը խօսի ժողովուդի սրտին, երկրորդ՝ թատրոն յաճախողներուն թիւը մեծ է: Եթէ հայ թատրոն յաճախող մարդոց թիւը տարուան մը ընթացքին չ’անցնիր 10,000-ը, արաբական թատրոն յաճախող մարդոց թիւը կ՝անցնի 100,000-ներ:

Հ-Կարելի չէ՞ արդեօք Հայկական կեանքէն առնուած նիւթ մը վերցնել, թարգմանելով արաբերէնի եւ ներկայացնել արաբ հանդիսատեսին. յաջողութիւն կը գտնե՞նք:

Պ- Սիրելի Զաւէն, պէտք է խոստովանինք, թէ մենք թատրոն չենք ունեցած: Եթէ կ’ուզես  յիշենք հին թատրերգութիւններէն Լեւոն Շանթին «Հին Աստուածները» եւ Սունդուկեանի «Պէպօ»ն, ինչպէս կ’ըսենք` մէկ ծաղիկով գարուն չի գար: Շուրջ 600 տարի անկախ պետականութիւն չենք ունեցած, զօրաւոր երկիրներու ենթակայ եղած ենք եւ անոնց կամքէն կախեալ: Իսկ թատրոնը կ’ուզէ ժողովուրդ, պետութիւն, անկախութիւն: 19-րդ դարու վերջաւորութեան Թիֆլիսի եւ Պոլսոյ մէջ, որոշ կեդրոնացում ունեցանք ժողովուրդի եւ մտաւորականութեան: Ի յայտ եկաւ թատերական որոշ շարժում, բայց ասիկա համամարդկային մակարդակի վրայ ոչինչ կ’ըսէ: Սովետական շրջանին ալ թատրոնը կաշկանդուած էր գաղափարախօսութեամբ: Անկախութեան շրջանին թատրոնը սկսաւ նոր ծիլեր տալ,  ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ մենք ինչ ուղղութեան վրայ ենք:

Շնորհակալութիւն Պրն. Վարդան հարցազրոյցին համար, լաւագոյնը կը մաղթեմ ձեր ապագայ գործնէութեան յաջողութեան:

Հարցազրոյցին 3-րդ անձնաւորութիւնն էր «Արին» պարախումբին Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի ատենապետուհի Անի Պոտրումեանը:

Հ- Տիկ. Անի ե՞րբ ստանձնեցիք այս Մարմնի ատենապետութեան պաշտօնը.

Պ- Ատենապետութեան պաշտօնը ստանձնած եմ ութ տարիներ առաջ:

Հ- Ի՞նչ մեծ դժուարութեան կը հանդիպիք ամէն անգամ, որ պարախումբը կը պատրաստուի նոր ելոյթ մը ունենալու.

Պ- Ամենամեծ դժուարութիւնը ելոյթի սրահին ապահովումն է : Շնորհիւ կարող պարուսոյց Օրդ. Գայիանէին, պարերու պատրաստութեան համար ոչ  մէկ դժուարութիւն կ՝ունենանք: Միւս կողմէ  ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի կառոյցները մեր կողքին են հոգալու համար մեր պէտքերը:

Հ- Պարող մը եղա՞ծ է, որ մուտք գործած է ՀԵԸ-ի պարախումբ որպէս կրտսեր եւ հիմա կը դասուի երէց ու կարեւոր դեր ունի պարախումբին մէջ:

Պ- Ունինք երէցներու մէջ պարողներ, որոնք մեր խումբին միացած են տասը տարեկանին ու այսօր կը յաճախեն համալսարան եւ կամ կը զբաղին ազատ ասպարէզով, ասոնք չեն ուզեր լքել պարախումբը:

Հ- Ձեր ահագին աշխատանքէն ու յոգնութենէն ետք, ամէն անգամ որ պարախումբը ելոյթ կ’ունենայ, ի՞նչ կ’ըլլան ձեր անմիջական զգացումներն ու մտածումները:

Պ- Ելոյթներէն ետք կը մոռնանք մեր յոգնութիւնները եւ կ’ունենանք անբացատրելի հոգեկան մեծ գոհունակութիւն ու կրկին պարախումբին կողքին կը մնանք, յաջորդին աւելի մեծ յաջողութիւն արձանագրելու համար:

Հ- Կ’ենթադրեմ, որ պարախումբի ամէն մէկ ելոյթը հսկայական ծախսի կը կարօտի, ինչպէ՞ս կը հաւասարակշռէք ձեր պիւտճէն:

Պ- Ճիշդ է շատ մեծ ծախսի կը կարօտին պարախումբին ելոյթները: Մեր եկամուտներն են, առաջին՝ ելոյթի օրուան մուտքը, երկրորդ՝ Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի հասութաբեր ձեռնարկներ, իսկ պակասը կը լրացուի ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի պատասխանատու մարմիններու կողմէ:

Հ- «Սասնայ Ծռեր» էպոսի պարային ելոյթին առնչութեամբ, համոյթին վերաբերեալ որեւէ թելադրութիւն ունի՞ք:

Պ- Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց որոնք զօրավիգ կանգնեցան «Արին» պարախումբին եւ նաեւ շնորհակալութիւն հանդիսատեսին, որ մեծապէս գնահատեց պարային համոյթը:

Շնորհակալութիւն Տիկ. Անի եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք  «Արին» պարախումբին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին