ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հանրակրթութեան ոլորտին մէջ նախատեսուած ձերնարկներու վերաբերեալ: Խորհրդակցութիւնը վարած է նախարար Արմէն Աշոտեան: Ինչպէս՝ ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ կը տեղեկացնեն ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն, նախարարին ներկայացուած են այն ձեռնարկները, որոնք Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով նախատեսուած են հանրակրթական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ:
Մասնաւորապէս, ի թիւս այլ ձեռնարկներու, որոշուած է, որ Մարտ 24-ին Հայաստանի դպրոցներու 5-12-րդ դասարանները պիտի պատրաստեն Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհրդանիշ ընդունուած անմոռուկներ` 1,5 միլիոն հատ, որոնք յետագային պիտի տրամադրուին Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդ բարձրացող մեր հայրենակիցներուն եւ օտարերկրեայ հիւրերուն:
Խորհրդակցութեան ընթացքին ճշգրտուած են նաեւ նախատեսուած ձեռնարկներու ժամանակացոյցը, քննարկուած են կազմակերպական այլ հարցեր: