Երեքշաբթի, 29. 07. 2025

spot_img

Երկու Շաբթուան Ընթացքին Թուրքիոյ Դէմ Սիսի Կաթողիկոսարանի Հարցով Հայց Կը Ներկայացուի

Փետրուար 7-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական ու քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերուն ընթացքին քննարկուած են  շարք մը ազգային, եկեղեցական եւ վարչական բնոյթի հարցեր: Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքը, անդրադարձ եղած է նաեւ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի պահանջի վերաբերեալ Թուրքիոյ դէմ ներկայացուելիք դատական հայցին:

Մասնաւորապէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա յայտարարած է, որ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին Սիսի կաթողիկոսարանի հարցով թրքական դատարանին մէջ հայց պիտի ներկայացուի` շեշտելով, որ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ծրագիրներու շարքին այս դատը եզակի տեղ պիտի գրաւէ:

Դատական հայցի նպատակն է միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել հայապատկան կալուածներու վերադարձի հարցին վրայ` Ցեղասպանութեան համար հատուցման ծիրին մէջ:

Armeniangenocide100.org-ի փոխանցմամբ` Կիլիկիոյ կաթողիկոսը նշած է, որ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին հարցին վերաբերեալ շարք մը հանդիպումներ  ունեցած է միջազգային իրաւունքի մասնագէտներու հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին