Շաբաթ, 21. 06. 2025

spot_img

Իտալիոյ Ծերակոյտը Ցեղասպանութիւններու Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծ Ընդունած Է

Իտալիոյ խորհրդարանի վերին պալատը համարուող հանրապետական Ծերակոտը Հոլոքոսթի ու այլ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը ընդունած է:

Ըստ Tert.am-ի՝թրքական Sözcü  պարբերականը կը տեղեկացնէ, որ այդ օրինագիծը Ներկայացուցիչներու պալատէն ետք պէտք է նաեւ նախագահի հաստատման արժանանայ:

Ի դէպ, թրքական որոշ լրատուամիջոցներ, անդրադառնալով այդ իրադարձութեան, զայն կը բնութագրեն որպէս քայլ, որ պիտի զայրացնէ Թուրքիան:

Օրինագիծը, որ 1975 թուականին ընդունուած օրէնքի որոշ դրոյթներու փոփոխութիւն կը սահմանէ, ընդունուած է 234 կողմ եւ 3 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ:

Օրինագիծով կը նախատեսուի մինչեւ 3 տարի ազատազրկում եւ 10 հազար եւրոյի տուգանք այն անձերու համար, որոնք հրեաներու եւ այլ էթնիկ փոքրամասնութիւններու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնները, ռազմական, ինչպէս նաեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները կը ժխտեն, կը նուաստացնեն կամ չեն կարեւորեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին