Պուլկարիոյ Բլովտիւ եւ Սոֆիա քաղաքներու կեդրոնը, հայ սկաուտներ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհրդանիշ անմոռուկ կազմած են ներկուած քարերով։ Այս մասին կը յայտնէ “Հայերն Այսօր”ը։
Ինչպէս գիտէք, սկաուտական գործունէութեան բնորոշ են նման նախաձեռնութիւններ. քարերով, պարաններով, փայտերով ձեռային աշխատանքներ պատրաստել, ուստի Պուլկարիոյ սկաուտները ներկուած քարերով անմոռուկ կազմած են՝ ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն։