Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Օսմանական Ժառանգութի՞ւն Թէ Լիբանանեան Թափթփածութիւն

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Sevag HagopianՎերի նկարը պատմութենէն մեզի հասած նկար մը չէ, հակառակ անոր մէջ երեւցող, որպէս հիմնական եւ երեւի միակ փաստաթուղթ տակաւին օգտագործուող, տետրերուն աւելի քան թանգարանային հնածոյի երեւոյթ ունենալը: Ան առնուած է մեր կողմէ՝ 21դարու, 2015 տարուայ Փետրուար 2-ին Ճիւնիի անձնական արձանագրութիւններու պետական կեդրոնատեղիինն մէջ, ուր փորձութիւնը ունեցանք այցելելու երէկ, իբր թէ արագ ձեւով մեր զաւկին համար իխրաժ քայտ մը հանելու համար:

Խնդալիք եւ միենոյն ժամանակ ցաւալի էր ծամոնը իր բերնին մէջ մեզ հետ խօսող պետական պաշտօնեային երեւոյթը՝ սկսած օսմանեան կայսրութիւն բուրող իր գրասեղանէն, մինչեւ իր հագուստն ու գործածած կոտրած գրիչը:

Ամենավախնալիքը սակայն այս փտած տետրերուն մէջէն մեր ընտանեկան անուններուն ընթերցանելի չըլլալու  հաւանականութիւնն էր, որ բարեբախտաբար չպատահեցաւ եւ մենք խերով բարով ստացանք մեր պահանջած իխրաժ քայտը, որ ի միջի այլոց թէքնոլոճիի այս դարուս Լիբանանի մէջ տակաւին կը գրուի ձեռագրով …:

Թէ որքա՞ն վայել է այս երեւոյթը այսպէս կոչուած «արեւելքի Զուիցերիա» յորջորջուող երկրի մը, որ Զուիցերիայէն բացի ամէն ինչի կը նմանի, լաւ չենք գիտեր: Սակայն մէկ բան հաստատ գիտենք, որ զարմանալի թղթածրարներով իրար վարկաբեկող լիբանանցի նախարարները, որոնք բոլորն ալ կարծէք գիշերները անքուն կը մնան հսկելու քաղաքացիին առողջութեան եւ լաւակեցութեան համար, կ՛արժէ իրենց պահ մը լրջօրէն կանգ առնել նաեւ այս երեւոյթին դիմաց ամենաշուտ առիթով սրբագրելու համար զայն:

Մենք կը հաւատանք, որ քաղաքացիին ֆիզիքական ապահովութեան չափ կարեւոր է իր օրինական գոյութիւնը նաեւ, որ կարելի չէ այլեւս վստահիլ օսմանական կայսրութենէն ժառանգուած պետական արձանագրութեանց նմանօրինակ տետրերու, նամանաւանդ, որ եթէ ոչ անոր էջերուն գոյութեան եւ ընթերնելիութեան վրայ ժամանակին գործած աւերը, ապա լուցկիի ցպիկ մը կրնայ հազարաւոր քաղաքացիներու օրինական գոյութիւնը այս մոլորակին վրայ հարցականի ենթարկել:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին