*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Հայոց Ցեղասպանութեան դարադարձի տարին նաեւ 50 ամեայ անկրկնելի ստեղծագործութեան յոբելեանն է Ցեղասպանութենէն յարութիւն արած՝ իրմով արտացոլացող ողջ ազգի մը ոգիին զգացումները, յոյսերն ու յոյզերը կտաւէ պաստառին վրայ արեւի ջերմ գոյներով արտայայտող սփիւռքահայ գեղանկարիչ՝ Գրիգոր Նորիկեանին:
Նորիկեանի գործերը ցցուն ձեւով կը պատմեն տպաւորապաշտ ողբերգութիւն մը ընկերութեան եւ իր ազգին գոյավիճակէն: Իր գոյներն ու կերպարները իւրայատուկ են ու արագօրէն կը հաղորդակցին իր գործերը ըմբոշխնողին մէն մի զգայարանին հետ՝ դիտողին տածելով զարմանալի կապուածութիւն մը արուեստագէտին ստեղծագործութեան հետ՝ ընդհանրապէս անոր «Մօր» կամ «Կնոջ» կերպարներուն ընդմէջէն, որոնք գլխաւոր տիպարներն են հոն եւ զօրութիւն ու քաշողականութիւն պարգեւողները:
Նորիկեանի գործերը կը ներկայացնեն ժամանակը՝ կեանքը իր վերիվայրումներով ու նաեւ հանդարտութեամբ: Իր պաստառները կը խորհրդանշեն հաւաքականութեան մը «Որբութիւն»-ը, որ ըստ իրեն «Հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ նկարագրին մաս կը կազմէ»: «Ես կը նկարեմ կեանքը այնպէս ինչպէս ապրած եմ կամ փոխանցուած է ինծի», կ՛ըսէ Նորիկեան:

Իր պաստառները ունին հասարակ յայտարար ենթախորագիր մը՝ «Հայրենիք», որ նկարիչը կորսնցուցած է այս արեւուն տակ եւ կը փնտռէ զայն: Նորիկեանի իւրաքանչիւր գործը տարագիր ժողովուրդի մը «Պատմութեան» գիրքէն էջ մըն է՝ վրձինով արտայայտուած, ուրկէ վերացական ապրումով մը կը լսենք անցեալէն ձայներ ու կ՛ապրինք զանոնք իր ստեղծած լոյսին, մութին ու շուքերուն ընդմէջէն, որոնք կ՛արտացոլան իր մէն մի կերպարին դէմքին վրայ:

Գրիգոր Նորիկեան բնութեամբ լուռ մարդ՝ դիմած է արուեստի նախ փորագրութեամբ, ապա նկարչութեամբ պատմելու իր պատմութիւնը, ըսելու իր խօսքը՝ սերունդներուն փոխանցելու իր կեանքի փիլիսոփայութիւնը: «Իւրաքանչիւր անձ իր ուղին ունի կեանքին մէջ», կ՛ըսէ արուեստագէտը: «Ես ընտրեցի Արուեստը», կ՛եզրափակէ ան:
Չորեքշաբթի, 4 Փետրուար 2015-ին իր «Յետադարձ Հայեացք» ցուցահանդէսի բացումն է, որ տեղի կ՛ունենայ Կալէրի Սիւրֆաս Լիպրի, մէջ Զալքա եւ կը տեւէ մինչեւ 14 Փետրուար 2015: Նկարիչին 50 տարուան ստեղծագործութեան անձնական հաւաքածոյին ներկայացումն է, որ բոլորս պիտի ըմբոշխնենք:

Ցուցահանդէսը նաեւ շնորհանդէսն է նոր հրատարակուած արժէքաւոր հսկայական իր ալպոմին, ուր մանրամասնօրէն ամփոփուած են նկարիչին կեանքն ու 50-ամեայ արուեստը՝ ամենայն մանրամասնութեամբ:
Ի՞նչու այս ցուցահանդէսը մեր հարցումին արուեստագէտը պատասխանեց, թէ ան արդիւնքն է. «ներքին ձայնի մը, որ կ՛ըսէ ըրէ՛»: Մեր այլ հարցումին, թէ ինչո՞ւ նման գերազանցօրէն «Հայ» արուեստագէտի մը Յոբելեանը, հայկական կողմի մը կողմէ չէ կազմակերպուած, համեստ արուեստագէտը կ՛արդարացնէ. «Որպէսզի ան ըլլայ բոլորին եւ չպատկանի մէկուն», մինչ մենք բարձրաձայն կ՛ըսենք, թէ եղածը մեծ բացթողում մըն է հայկական միութիւններուն հաշուոյն, որոնք ամէն պարագային միջոց մը կրնային գտնել միասնաբար կազմակերպելու՝ «Ամէնուն Արուեստագէտը» հանդիսացող Նորիկեանին «Յետադարձ Հայեացք» ը:

«Յետադարձ Հայեացք» ով մենք առիթը պիտի ունենանք տեսնելու՝ 1966-էն ի վեր պաստառին յանձնած արուեստագէտին ապրումները, մինչեւ իր նորագոյնը, սակայն հաստատ ոչ վերջինը՝ 2013-ին աւարտած «Հօրս Յիշատակին» գործը, որ ըստ արուեստագէտին, իր գործերուն պատմութեան եւ իր ժողովուրդին տարագիր կեանքը ներկայացնող թեմային հիմնական ներշնչողը եղած է:
Լիբանան, Ֆրանսա եւ ապա դարձեալ Լիբանան ապրած, ամենալուրջ ցուցասրահներու եւ հաստատութիւններու պատերը զարդարած Նորիկեանը, ամենայն աշխատասիրութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ ամէն օր առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյ, իր արուեստանոցին մէջ արտադրող՝ իր նկարած մայրերուն, ընտանիքներուն, եկեղեցիներուն ու հողին միջոցաւ Պատմական Հայաստանը երազող արուեստագէտը մտահոգ է. «Ի՞նչ պիտի ըլլան այս գործերը մեզմէ վերջ», կ՛ըսէ ան: Սակայն 50 տարի ստեղծագործութենէ վերջ «Դէպի ո՞ւր» մեր հարցումին, ան ամենայն հաստատակամութեամբ կը պատասխանէ. «Պիտի շարունակե՛նք»…: