Երկուշաբթի, 28. 07. 2025

spot_img

Ումիթ Քուրթ Լիբանանի մէջ՝ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ՈՒՄԻԹ ՔՈՒՐԹ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Ակադեմական Ումիթ Քուրթ, որ հիւրաբար Պէյրութ կը գտնուի՝ անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցած «Թրքական Տեղական Իշխանութեանց Պատասխանատուութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ. Այնթապի Հայութեան Տեղահանութիւնն ու Բնաջնջումը» խորագրեալ շահեկան դասախօսութիւնը եւ այդ նիւթով համագումարը ներկայացնելու նպատակով, տնօրէնութեանս հրաւէրով այցելեց մեր վարժարանը, Երկուշաբթի, 26 Յունուար 2015-ին։

Տնօրէնութեան հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին, անոնք միասնաբար արծարծեցին այնթապցի արմատներ ունեցող հայերու պատմութիւնը եւ մինչեւ օրս հոն գտնուող հայկական կալուածներու հարցը։ Ապա, հիւրը այցելեց 12-րդ դասարանի աշակերտութեան, որոնց հետ ունեցաւ շահեկան զրոյց մը, խօսելով իր կատարած ուսումնասիրութեան մասին։ Աշակերտները որոշ հարցումներ ուղղեցին անոր՝ ինչ կը վերաբերի զինք այս ուսումնասիրութեանց մղող խթանին, Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ թրքական կառավարութեան ներկայ վիճակին, յետագայի հաւանական քայլերուն, ընդդիմադիր կողմերու դիրքաւորման, եւ ընդհանրապէս Հայ Դատի վերաբերեալ նիւթերու մասին։

???????????????????????????????

Յատկանշական էր այն երեւոյթը, թէ վարժարանիս տարբեր բաժանումներուն մէջ կատարած իր այցելութեան ընթացքին, դպրոցին պատերէն կախուած մեր նահատակ գրագէտներու նկարները տեսնելով, Ումիթ Քուրթ արդէն լաւ գիտէր անոնց անուններն ու կենսագրական տուեալները։ Վերջին հանգրուանին, ան այցելեց Մանկապարտէզի բաժինը, ուր փոքրիկները զինք դիմաւորեցին Վարդանանցի հայրենաշունչ եւ ոգեւորիչ ասմունքով։

Հանդիպման աւարտին, տնօրէնութիւնս շնորհակալութիւն յայտնեց մեր հրաւէրին ընդառաջած եւ մեր վարժարանը այցելած ակադեմական Ումիթ Քուրթին, մաղթելով, որ իր նման ակադեմականները կը բազմանան եւ հայերս կը վերատիրանանք մեր արդար իրաւունքներուն։

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին