Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Ումիթ Քուրթ Լիբանանի Մէջ` Այցելութիւն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբին հիւր՝ ակադեմական Ումիթ Քուրթն ու իր տիկինը Տալման: Անոնց կ’ընկերանային ընկերներ Տոքթ.Վիգէն Ասիլեանը, Լեւոն Բարսեղեանը, Երուանդ Թագւորեանն ու Տիկին Ռիթա Ասիլեանը:

Մօտ մէկ ու կէս ժամ տեւած մտերմիկ այցելութեան ընթացքին եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող շահեկան խօսակցութիւն:

 Հանդիպման ընթացքին Արամ Ա. Վեհափառը գիրք մը մակագրեց հիւրին եւ ընդունեց յուշանուէր մը:

 Նշենք, թէ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանին մէջ հիւրերը առիթ ունեցան այցելելու թանգարանն ու մատենադարանը, ուր զրուցեցին Գերշ. Տիրայր Արք. Փանոսեանին հետ:

****

Նոյն ծիրէն ներս Ումիթ Քուրթ այցելելով «Ռատիօ Սեւան» շահեկան հարցազրոյց մը արձանագրեց հոն, որ պիտի սփռուի այսօր Ուրբաթ 23 Յունուար 2015-ին:

Ձախէն՝ ընկ. տոքթ. Վիգէն Ասիլեան, Ումիթ Քուրթ եւ ընկ. Միքայէլ Վայէճեան
Ձախէն՝ ընկ. տոքթ. Վիգէն Ասիլեան, Ումիթ Քուրթ եւ ընկ. Միքայէլ Վայէճեան

ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբի անունով ընկ. Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան «Ռատիօ Սեւան»-էն այսօր տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ ունկնդիրներուն այսօր երեկոյեան Վահան Թէքէեան Վարժարանին մէջ տեղի ունենալիք հրապարակային ձեռնարկին մասին, ուր պիտի դասախօսէ Պրն. Քուրթ:  

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին