Հինգշաբթի, 03. 07. 2025

spot_img

Տունդարձի Երկար Ճամբան…

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Hrayr jebejian

Հօրենական մեծ հայրս՝ Տոքթ. Աւետիս Ճէպէճեան՝ Այնթապի ծնունդ, մահացած է իմ ծնունդէս առաջ։ Այս իմաստով՝ առիթը չեմ ունեցած հանդիպելու եւ ճանչնալու զինք։ Բայց շատ բան տեղեկացած եմ իր մասին մեծ մօրմէս ու տակաւին հօրմէս եւ ընտանիքէս…։ Եւ նկատի ունենալով, որ իր բժշկական ասպարէզին հետ՝ նաեւ ունեցած էր հասարակական, ազգային, եկեղեցական ու գրական-հարապարակագրական բազմաթիւ աշխատանք, ծանօթացած էի իրեն այդ միջոցաւ ալ։ Կարդացած եմ իր գրութիւններէն եւ կրցած եմ հասկնալ իր հետաքրքրութիւնները…։ Բայց այն ինչ որ ուշագրաւ էր իր ետին ձգած աշխատանքներուն մէջ իր յուշագրութիւններն էն, գրուած 1914-1919 թուականներուն միչեւ՝ եւ հայատառ թրքերէնով…։

Աւետիս Ճէպէճեան աւարտած էր Սուրիական Բողոքական Գոլէճի (այժմ Ամերիկեան Համալսարան, Պէյրութ-Լիբանան) բժշկական ճիւղը՝ 1903 թուականին։ Առաջին Աշխարհամարտին ծառայած էր Օսմանեան բանակին մէջ որպէս սպայ-բժշկապետ։ Պատերազմի ընթացքին ան ղրկուած էր տարբեր «ճակատներ» ՝ Օսմանեան բանակին հետ…։ Իր օրագրութիւնները՝ գրուած օսմանեան բանակի մէջ իր զինուորական ծառայութեան ժամանակ՝ 1986 թուականին թարգմանուած էր հայերէնի եւ հրատարակուած Պէյրութ։

Յուշագրութիւններ շատ են եւ մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առնչուած։ Սակայն այն ինչ որ կրնայ իւրայատուկ ըլլալ այս պարագային, որ այս յուշագրութիւնը կու գայ օսմանեան բանակի մէջ ծառայած հայ սպայի մը կողմէ, որ երբեք «դասալիք» չեղաւ՝ նոյնիսկ երբ «… անախորժութիւններ եղան՝ հայ ըլլալուս պատճառով» (16-29 Յուլիս 1917 Փերվերլի)։

Օրագրութիւնը սկսած էր 3 Նոյեմբերի 1914ին՝ եւ վերջին յուշը եղած է Դեկտեմբեր 1919ին։ Եւ յուշերը այլազան են…։ Եթէ մէկ կողմէ կայ գեղեցիկ նկարագրութիւնը Արեւմտահայաստանի տարբեր քաղաքներուն մասին, բայց նաեւ յուզում, ցաւ, կարօտ, վախ ու ողբերգութիւն…։ Եւ այս հոգեկան ներաշխարհի վրայ կու գայ աւելնալու պարտականութեան ու պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը՝ եւ զինուորականի ու բժշկական առաքելութեան նկատմամբ իր ուխտը…։

Եւ միայն զինադադարէն ետք է՝ ինչպէս ինք կ՛ըսէ՝ «… այսօր զինացրուեցայ… գիշերը չկրցայ քնանալ» (10-15Նոյեմբեր 1918, Վան) ուր կը սկսի Աւետիս Ճէպէճեանի « տունդարձի երկար ճամբան…»։

Բայց մինչեւ այդ՝ կայ Աւետիս Ճէպէճեան՝ հայուն՝ ապրած երկար, տառապալի ու մինակ կեանքը…։ Իր ընտանիքէն հեռու՝ նոյնքան լեցուած իրենց կարօտով եւ իր ժողովուրդին ապրած ողբերգութեան ցաւով, ան պիտի հասնէր տուն…։

Աւետիս Ճէպէճեան կը սիրէ բնութիւնը եւ անոր գեղեցկութիւնը…։ Չաթալճա…։ « Ինչ հաճելի մարգագետիններ ու ամէն տեղ դալար, կանաչ սարեր։ Ռումելին (Պոլսոյ արեւմուտքը) դրախտ մըն է եղեր…» ( Սիլիվրի 5 Նոյեմբեր, 1914)։ Եւ կը հիանայ Արարատ լերան…։ «Մասիսն ու Արարատը եզակի հմայիչ տեսարան մը կը գոյացնեն։ Շատ հաճելի զգացումներու տուն կու տան ինձ մօտ։ Աննման, շքեղ ու օգոստափառ լեռ մըն է Արարատը (5 Նոյեմբեր,1914)։

Բայց այդ գեղեցիկ տարածաշրջաններուն մէջ ապրած է նաեւ պատերազմին «տգեղութիւնը»…։ Եւ այդ տգեղութիւնը նկարագրած է մանրամասնութեամբ։ «… Շատ ցաւալի տեսարաններ՝ մարդու գանկերով, թեւերու եւ սրունքներու ոսկորներով լեցուն ամէն կողմ։ Շրափնելի փամփուշտի կտորներ, վրանի մնացորդներ, կօշիկի կտորներ ամէն տեղ…»(1 Դեկտեմբեր, 1914, Նագգաշ)։ Չանագ գալէի պատերազմը կը նկարագրէ իր ամբողջութեամբը՝ սկսելով 18 Ապրիլ,1915 էն…։ « Կէսօրէ ետք ճամը չորսին, ահա եւ թշնամի օդանաւ մը, որ գիշատիչ թռչունի նման մեր վրայ կը սաւառնի։ Յանկարծ ամէն կողմէ կրակ բացուեցաւ իմ վրայ, սակայն չկրցան դպչիլ. օդանաւը անդադար կը պտըտէր…»։ Բայց առկայ էր նաեւ այդ պատերազմի մէջ իր տոկալու հաւատքը։ « Այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, թէ Ագպաշի բժշկական առաջին կայանին նշանակուած եմ։ Հիւանդանոցներէն ելլելով պէտք է հաստատուիմ ռումբ եւ թօրփիլներ տեղացող այս վայրը։ Աստուծոյ կ՚ապաւինիմ հոս զիս պաշտպանելու համար» (26 Օգոստոս 1915 Ագպաշ)։

Եւ չ’ուշանար բժշկական իր առաքելութիւնները՝ եւ այդ առաքելութեան մէջ ապրուած «գունաւոր» օրերը…։ «Մեր բանակայիններուն մօտ շատ բարձր թիւով մալարիայի տենդ կայ։ Գործս շատ է։ (9-10 Օգոստոս 1915, Գալէ)։ « 11,000 վիրաւոր եկած էր եւ անոնց վէրքերը դարմանելու ատեն չկայ. Զբաղած ենք միայն նաւ բարձրացնելով ուղարկելու համար։ Տեսնենք ի՞նչ պիտի պատահի»։ (11-12 Օգոստոս 1915, Ագպաշ)։ «…Այս գիշեր անքուն մնացի մինչեւ առաւօտ. այդքան որ շատ է գործը։ Այս տողերը կը գրեմ հսկայ հիւանդատար նաւու մը մէջ 2000 վիրաւորներով լեցուն։ Պատերազմը կրկին անգամ բռնկեցաւ ահաւոր սաստկութեամբ» (14-15 Օգոստոս 1915, Ագպաշ)։

Եւ կարծէք չէր բաւեր պատերազմի արհաւիրքը՝ եւ Աւետիս Ճէպէճեան պիտի ապրէր նաեւ «հայուն»ը…։ Եւ մէկ-մէկ պիտի նկարագրէ ապրուած «վիշտը», մինչեւ որ ինչպէս ինք կ’ըսէ քանիցս՝ « …սիրտ չունեցայ օրագիրս շարունակելու»։

«12000 գաղթականներ անցան Մարաշի քովէն. անգութ, անհամար տեսարաններ ու նկարագրութիւններ. այդ պատճառով ալ սիրտ չունեցայ օրագիրս շարունակելու (11-20 Յունիս 1916, Մարաշ)։ Ու կը հանդիպի հայու բեկորներու…։ «Խապուզէ հայկական գիւղը ամբողջովին պարպուած… մնացած էին հինգ ընտանիքներ միայն, որոնց այցելեցի։ Երկրորդ հանգրուանը եղաւ Կլուշկերտ անուն ուրիշ հայ գիւղ մը։ Այս կողմերը հարիւրաւոր նման հայ գիւղեր կան, բոլորը դատարկ, բնակչութիւնը տեղահան։ Կլուշկերտէն ելլելով հասանք Բալուէն մէկ ու կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ Խօշմաթ հայկական գիւղը, ուր սկսանք հաստատուիլ։ Երեք հարիւր տուն գիւղին մէջ մնացած էին չորս կամ հինգ ընտանիքներ։ Քիւրտ տարագիրներ փլած էին բոլոր տուները» (21-30 Սեպտեմբեր 1916, Խօշմաթ)։

Եւ Աւետիս պիտի դիմանար նաեւ տեսնելով «հայու ոսկորներ»…։ «… Այստեղ հասանք երեք օր առաջ։ Տիգրանակերտի հովիտը տարածուն է։ Ճամբան ականատես եղայ սիրտ ճմլող տեսարաններու.ամէն տեղ հայերու ոսկորներ…» (31 Մարտ – 5 Ապրիլ 1917, Տիգրանակերտ)։ 

Աւետիս հեռուէն կ՚ապրի նաեւ իր հարազատներուն տառապանքը։ «…Երէկ Վերապատուելի Տիգրան Գունտագճեանի (իր աներձագը-ՀՃ) վախճանումը լսելով շատ տխրեցայ» (20-24 Փետրուար 1916, Պերգոս)։ Ու տակաւին…« …Նոյեմի քրոջս Սեպխա լեռը՝ Սուրիական անապատ քշուած եւ Գէորգ ու Կարապետ տղաներուն մահացած ըլլալը տեղեկանալով՝ շատ տխրեցայ (4-6 Ապրիլ 1916, Գըրլգ-քիլիսա)։

Բայց կայ նաեւ Աւետիսին մարդկային ներաշխարհը՝ եւ այդ ներաշխարհին ապրուած վերիվայրումները…։ « …Նոյեմբեր 11ին 40 տարեկան եղայ, վշտալի տարեդարձ։ Ալ տեսնենք, 41ը կը բոլորե՞մ արդեօք.ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս…» (11-13 Նոյեմբեր 1916, Խօշմաթ)։ Բայց տան եւ ընտաիքի կարօտը՝ միշտ ալ յոյսով լեցուցած է զինք…։ «…Զաւակներուս՝ Ռոպէրին եւ Վահէին նկարները ստանալով շատ ուրախացայ» (14-18 Մարտ 1917, Խօշմաթ)։

Աւետիս Ճէպէճեանը հայն էր՝ որ գիտակից էր իր պաշտօնին եւ անոր նուիրուածութեանը…։ Պատերազմի ժամանակ երբ ռումբէ զարնուած ուտեստեղենի նաւը սկսաւ հրկիզուիլ՝ ոչ մէկ թուրք զինուոր կը համարձակէր զայն մարել…։ Եւ Աւետիսն է դարձեալ…։ «…Եղած բարձրութենէս վեր կանգնելով՝ զինուորներուն բացականչեցի. «Օն, արսլաններս, վաթանին ծառայելու օրը այս է. օն, հրդեհը մարելու, օն»։ Ընկճուած զինուորները սիրտ առնելով վար խոյացան այդ ցից զառիթափէն՝ եւ սկսան կրակը մարել…» (2-3 Սեպտեմբեր 1915, Ագմաշ)։

Եւ անպայմանօրէն կը սկսիս հարց տալ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ թուրքը հայը մեղադրել, որ ան դաւաճանած է եղեր պետութեան՝ իմմա «վաթանին»՝ Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին…։ Բայց Աւետիս լաւ հասկցած էր թուրքը…։ Ան չի վարանեցաւ իր յուշերուն մէջ յիշել, թէ «…վայրագ ժողովուրդ է…» (25-30 Յուլիս 1916, Փերվերլի)։ Եւ ան յաճախ ապրեցաւ թուրքին « …անախորժութիւնները… հայ ըլլալուն պատճառով» (16-29 Յուլիս 1916, Փերվերլի)։

Աւետիս ապրեցաւ այս բոլորը՝ քանի ունէր հայուն «տան կարօտը»…։ Եւ չուզեց այդ «կարօտը» անկատար ձգել…։ «…Տունի մասին կը խորհիմ յարատեւ։ Երկու օրէն ճամբայ կ՚ելլեմ» (10-15  Նոյեմբեր 1918, Վան)։

Եւ կը սկսի Աւետիսի «տունդարձի երկար ճամբան»…։ Եւ այդ երկար ճամբան՝ պիտի ընդգրկէր քառասուն օր ոտքով ճամբորդութիւնը…։ Եւ յոգնութիւնը պիտի չխանգարեր, որ ան նկարագրէր Վանը՝ « …լիճը, Վարագայ եւ Սիփան լեռներով, շատ հաճելի տեսարան մը կը հայթայթէ» (15-20 Նոյեմբեր 1918, Վան)։ Նաեւ նոյնինքն ոտքով ճամբորդելու արկածախնդրութիւնը…։ «…Վեց օրէ ոտքով կը ճամբորդենք. այսօր չափազանց յոգնած եմ։ Յարմար սնունդ չկայ։ Այսօր մեր չորս սայլերը ձիւնի մէջ խրեցան։ Ալ գայլեր, վոհմակներով…։ Կեանքիս ամէնէն անմոռանալի օրերը կ՚անցնեմ։ Սակայն տուն վերադառնալու զգացումը փորձանքներս մոռցնել կու տան…» (28-30 Նոյեմբեր 1918, Աղճաճ)։ Եւ դարձեալ հայկական գիւղերը…: «…Պայազիտ հազար տուն հայ կայ եղեր, բայց բոլորը փախուստ տուեր են» (4-9  Դեկտեմբեր 1918, Պայազիտ)։ Կ’անցնի Գարա- Քիլիսայէն եւ Ճելիքեանէն…։ « …Շրջանի բոլոր գիւղերը հայկական են, բայց դատարկ» (19-21  Դեկտեմբեր 1918, Ճելիքեան)։

Աւետիս Ճէպէճեան վերջապէս կը հասնի Տրապիզոն։ Որմէ ետք ծովու ճամբով Պոլիս՝ ու ի վերջոյ երկաթուղիով Հալէպ…։

Հալէպի մէջ ան  «հանգիստ» չառներ…։ Աւետիս իր բովանդակ կեանքը անցուց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած իր ժողովուրդին «վերապրումի» առաքելութեան համար գործելով։ Բժշկական, հասարակական, ազգային-եկեղեցական թէ հրապարակագրային աշխուժ գործունէութիւն մը ունեցաւ՝ դառնալով Հաէպահայ գաղութի կազմակերպողներէն մին…։

Աւետիս Ճէպէճեան չի յուսահատեցաւ, թէ օր մը պիտի հասնէր «տուն»…։ Ան դասալիք ալ չեղաւ…։ Եւ տունդարձի երկար ճամբան բռնելով՝ ան հասաւ…։

Եւ այս՝ հայուն Սրբազան առաքելութիւնն է…։

«Տունդարձի» երկար ճամբուն մէջ՝ չյուսահատիլ…։

Որովհետեւ Հայը պիտի հասնի իր… «ՏՈՒՆ»ը։ 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին