Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

«Մեր Փրկութիւնը Հայրենիքի Հզօրացման Մէջ է». Հրանոյշ Յակոբեան

Վերջերս Լուսինեան քաղաքին մէջ Հայաստանի վերջին թագաւոր Լեւոն Ե.ի, Ֆրանսայի համար զոհուած հայ դիմադրականներու եւ 1915ի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին բացումը կատարուեցաւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի հովանաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ Ֆրանսայի թեմի Հիմնադիրառաջնորդ՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի (տես.՝ «ՆՅ» թիւ 726)։ Նախապէս ներկայութիւնը յայտարարուած չըլլալով հանդերձ Սփիւռքի նախարարուհի՝ Հրանոյշ Յակոբեան, աշխոյժ ու աչքառու կերպով մասնակցեցաւ հանդիսութեանց։
Այս առթիւ «Նոր Յառաջ» հարցազրոյց մը կատարեց նախարարուհիին հետ։

«ՆՅ» – Ու­րախ ենք, որ անակնկալ կեր­պով Լու­սի­նեան քա­ղաքի մէջ Լուսինեան Լե­ւոն Ե. թա­գաւո­րի, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ հայ դի­մադ­րա­կան­նե­րու յի­շատա­կին նուիրուած Խաչ­քա­րի բաց­ման առի­թով եւ հայ-ֆրան­սա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ամ­րապնդման նպա­տակով ներ­կայ գտնուեցաք արա­րողու­թեան եւ կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սու­թիւննե­րուն։ Ձեր ներ­կա­յու­թիւնը, իբր Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչ նոր որակ տուաւ երե­ւոյ­թին։ Եւ ձեր ջերմ ար­տա­յայ­տութիւննե­րը խան­դա­վառեց հան­րութիւ­նը։ Ի՞նչն էր, որ ձե­զի մղեց մաս­նակցե­լու սոյն հան­դի­սու­թիւննե­րուն։

Հրա­նոյշ Յա­կոբեան – Նախ ըսեմ, թէ Սփիւռքի զա­նազան շրջան­ներ այ­ցե­լու­թիւնս եւ հայ­րե­նակից­նե­րուս հետ հան­դի­պու­մը իմ պար­տա­կանու­թեանց մաս կը կազ­մէ։ Ընդհան­րա­պէս Լու­սի­նեան­նե­րու ար­քա­յական հարստու­թեան մա­սին ան­գամ մը եւս խօ­սիլը եւ Կի­լիկեան թա­գաւո­րու­թեան նշա­նաւոր դե­րին անդրա­դառ­նա­լը ես կա­րեւոր սե­պելով կա­մեցայ ան­պայման ան­ձամբ ներ­կայ գտնուիլ այս արա­րողու­թեան։ Միւս կող­մէ, ինչպէս ծա­նօթ է Հա­յաս­տա­նի նա­խագա­հին որո­շու­մով կը կա­յանան սփիւռքեան իմ շրջապ­տոյտնե­րը։ Ֆրան­սա­յի զա­նազան հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու նա­խաձեռ­նութեամբ կա­յացած սոյն ձեռ­նարկը նախ եւ առաջ կ՚ար­տա­յայ­տէր հայ-ֆրան­սա­կան բա­րեկա­մու­թեան խոր­քը, պատ­մութիւ­նը եւ կ՚ընդգծէր Ֆրան­սա­ցինե­րու յար­գանքը Հա­յոց պե­տակա­նու­թեան ու պատ­մութեան նկատ­մամբ։ Եւ յե­տոյ 2015ի սե­մին այս յու­շարձա­նով մենք կ՚ոգե­կոչենք մեր մէ­կու­կէս մի­լիոն զո­հերու յի­շատա­կը։ Ճիշդ է, որ այս հիւ­րընկալ երկրի տա­րած­քին բա­զում յու­շարձան­ներ գո­յու­թիւն ու­նին, սա­կայն Լու­սի­նեան­նե­րու եւ հայ դի­մադ­րո­ղական շարժման հե­րոս­նե­րու յի­շատա­կին խո­յացած այս յու­շա­կոթո­ղը ան­գամ մը եւս կը յի­շեց­նէր յա­նուն Ֆրան­սա­յի ազա­տու­թեան կա­տարուած հա­յոր­դի­ներու սխրա­գոր­ծութիւննե­րը։ Կ՚են­թադրեմ, որ այս քայ­լը թէ՛ պատ­մա­կան եւ թէ քա­ղաքա­կան մեծ նշա­նակու­թիւն ու­նէր եւ կ՚իյ­նար պե­տու­թեան կող­մէ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամեակի ոգե­կոչ­ման ձեռ­նարկնե­րու ծի­րին մէջ։

Միւս կող­մէ ու­րա­խալի երե­ւոյթ էր որ այս եր­կօ­րեայ արա­րողու­թիւննե­րուն կը մաս­նակցէին ո՛չ միայն Ֆրան­սա­յի զա­նազան քա­ղաք­նե­րէն այլ նաեւ տար­բեր եր­կիրնե­րէ ժա­մանած Հա­յեր։ Հոս կ՚ու­զէի առանձնաց­նել այս ձեռ­նարկի յա­ջողու­թեան մե­ծապէս նպաս­տած Նախ­կին Ռազ­միկնե­րու Միու­թեան նա­խագահ Ան­թուան Պաղ­տի­կեանի ջան­քե­րը, ինչպէս նաեւ քա­ղաքին մէջ գոր­ծող «Արա­րատ» միու­թեան ֆրան­սա­ցի ղե­կավա­րին՝ Անտրէ Վալ­լո­թոյի եւ Լու­սի­նեանի քա­ղաքա­պետ՝ Ռը­նէ Ժի­պոյի ներդրումնե­րը։

Այ­լա­պէս խորհրդան­շա­կան էր Դեկ­տեմբեր 14ին եկե­ղեցա­կան երեք յա­րանուանու­թեանց ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու ձե­ռամբ կա­տար­ւած հո­գեւոր արա­րողու­թիւնը եւ մա­նաւանդ հո­գեւոր հայ­րե­րու խնդրանքն ու աղօթ­քը, որ խա­ղաղու­թիւն տի­րէ մեր աշ­խարհա­տարած­քին մէջ։ Ընդհան­րա­պէս Լու­սի­նեան քա­ղաքը այդ եր­կու օրե­րուն ըն­թացքին լե­ցուած էր հայ­կա­կանու­թեամբ։ Կը ծա­ծանէին եր­կու եր­կիրնե­րու դրօ­շակ­նե­րը, որոնք մար­դոց ոգե­ւորու­թիւն կը պատ­ճա­ռէին։

«ՆՅ» – Հե­տաքրքրա­կան էր նաեւ երե­կոյեան Լու­սի­նեանի քա­ղաքա­պետին կող­մէ տրուած ճա­շին ըն­թացքին Հա­յաս­տանցի գաղթականներու կամ ապաս­տա­ն­եալ­նե­րու զա­ւակ­նե­րէն կազ­մուած պա­րախումբին ելոյ­թը։ Հա­յաս­տա­նէն գաղ­թած շուրջ 100 ըն­տա­նիք­ներ հա­ւաքուած են այս շրջա­նին մէջ, ուր նա­խապէս աւան­դա­կան սփիւռքա­հայու­թե­նէ զուրկ եղած է։ Ի՞նչ զգա­ցում ու­նե­ցաք հա­զիւ եր­կու երեք տա­րի առաջ Հա­յաս­տա­նէն նոր գաղ­թածնե­րու հան­դի­պելով։

Հ.Յ. – Ցա­ւով պի­տի ըսեմ թէ ո՛չ միայն հոս այլ զա­նազան եր­կիրնե­րու մէջ երբ հան­դի­պում կ՚ու­նե­նամ Հա­յաս­տանցի եկուոր­նե­րու հետ -ինչպէս Սե­ւակ կ՚ըսէ – մէկ աչքս կու լայ, մէկ աչքս կը խնդայ։ Կու լամ, որով­հե­տեւ անոնք կտրուելով իրենց ար­մատնե­րէն եւ Հայ­րե­նիքէն կը փոր­ձեն հաս­տա­տուիլ այս հիւ­րընկալ եր­կիրնե­րուն մէջ, դի­մագ­րա­ւելով մեծ դժուարու­թիւններ։ Իսկ միւս կող­մէ կ՚ու­րա­խանամ, որ տա­կաւին կայք չհաս­տա­տած մեր հայ­րե­նակից­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն կառ­չած մնալ իրենց հայ­րե­նիքին ու մշա­կոյ­թին։ Այս պա­րագա­յին պա­րի ճամ­բով, բայց նաեւ հա­յերէն դա­սըն­թացքնե­րու, թատ­րո­նի, եր­գի մի­ջոցով կը փոր­ձեն հա­յեցի դաս­տիարա­կու­թիւն տալ իրենց զա­ւակ­նե­րուն։ Ներ­կա­ները ոգե­ւորու­թեամբ ող­ջունե­ցին հա­յաս­տանցի փոք­րիկնե­րուն պա­րերը։ Ըսեմ, թէ ես զիրենք հրա­ւիրե­ցի Հա­յաս­տան մաս­նակցե­լու «Իմ Հա­յաս­տան» փա­ռատօ­նին։ Կ՚ու­զեմ հա­ւատալ որ մենք միաս­նա­բար Հա­յաս­տա­նը առա­ւել հզօր կը դարձնենք այն ատեն երբ այս երի­տասարդնե­րը կրթուելով եւ զար­գա­նալով եւ­րո­պական ոս­տաննե­րուն մէջ ի վեր­ջոյ կը վե­րադառ­նան հայ­րե­նիք եւ կը նպաս­տեն մեր երկրին վե­րել­քին։

«ՆՅ» – Հայ­րե­նիքէն վեր­ջին տա­րինե­րու ըն­թացքին գաղ­թած ժո­ղովուրդին ներ­կա­յու­թիւնը այս ափե­րուն վրայ ցա­ւալի երե­ւոյթ է։ Նա­խընտրե­լի պի­տի ըլ­լար որ անոնք Հայ­րե­նիքի մէջ եւ հան­գիստ պայ­մաննե­րով շա­րու­նա­կէին իրենց կեն­ցա­ղը։ Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տան-Սփիւռք գոր­ծակցու­թեան ծի­րէն ներս որոշ երե­ւոյթներ ցաւ կը պատ­ճա­ռեն մե­զի, ինչպէս ընդդի­մադիր­նե­րու դէմ պե­տական պայ­քա­րը, անոնց ինքնա­շար­ժե­րու հրկի­զու­մը, Ալեք Ենի­գոմ­շեանի, Արամ Մանուկեանի դէմ կա­տարուած բռնա­րար­քը եւայլն։ Դուք իբ­րեւ կա­ռավա­րու­թեան ան­դամ ինչպէ՞ս կը մեկ­նա­բանէք այս արարքնե­րը։

Հ.Յ. – Նախ ըսեմ, թէ դուք ճիշդ նկա­տեցիք որ մենք կ՚աշ­խա­տինք Հայ­րե­նիք-Սփիւռք գոր­ծակցու­թեան ուղղու­թեամբ։ Բնա­կանա­բար ական­ջա­լուր ենք Սփիւռքէն եկած իւ­րա­քան­չիւր «ձայ­նին»։ Մենք կը փոր­ձենք անոնց կող­մէ տրուած հար­ցե­րը ու­սումնա­սիրել, հասկնալ եւ ըն­դունե­լի ըլ­լա­լու պա­րագա­յին լու­ծումներ առա­ջար­կել։

Ինչ կը վե­րաբե­րի բռնա­րարքնե­րուն, ապա ան­շուշտ որ անըն­դունե­լի եւ դա­տապար­տե­լի են անոնք։ Սա­կայն թող ոեւէ մէ­կը չխոր­հի, թէ իշ­խա­նու­թեան ան­դամ մը կամ պաշ­տօ­նեայ մը կրնայ կապ ու­նե­նալ նման արարքնե­րու հետ։ Այդպէս մտա­ծող­նե­րը ներ­քին խառ­նաշփո­թու­թիւն ստեղ­ծե­լու կամ պե­տակա­նու­թեան վար­կը խնդրոյ առար­կայ դարձնե­լու նպա­տակ կը հե­տապնդեն։ Այդ մար­դիկ կրնան միա՛յն մեր թշնա­մինե­րը ըլ­լալ։ Իշ­խա­նու­թիւննե­րը նա­խան­ձախնդիր են որ­պէսզի նման արարքնե­րու հե­ղինակ­նե­րը բա­ցայայ­տուին եւ օրէն­քի առ­ջեւ պա­տաս­խա­նա­տը­ւու­թեան են­թարկուին։ Աւելցնեմ, թէ անոնք հա­ւանա­բար փոք­րիկ խմբակ­ներ են, որոնք կ՚ու­զեն վնաս հասցնել մեր պե­տակա­նու­թեան շա­հերուն եւ ան­պայման պէտք է պատ­ժուին։

«ՆՅ» – Վստա՞հ էք թէ պե­տու­թեան դէմ գոր­ծող նման խմբակ մը կայ։

Հ.Յ. – Երբ կը կրկնուին նման արարքներ այլ կերպ կա­րելի չէ մտա­ծել։

«ՆՅ» – Մենք կը փա­փաքէինք որ Հա­յաս­տա­նի մէջ իշ­խա­նու­թիւնը ար­դար եւ ժո­ղովրդա­վար կար­գե­րով առաջ­նորդէր եր­կի­րը, քա­նի որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թարկուած ժո­ղովուրդի մը առա­ջին ցան­կու­թիւ­նը բնա­կանա­բար ար­դա­րու­թեան հաս­տա­տումն է։ Սա­կայն այ­սօր ան­կա­խու­թե­նէն 23 տա­րի ետք ժո­ղովուրդը յու­սա­խաբ է։ Դուք ինչպէ՞ս կը բա­ցատ­րէք այս երե­ւոյ­թը։

Հ.Յ. – Ար­դա­րու­թիւնը ինքնին բա­ցար­ձակ դրա­կան երե­ւոյթ մըն է, որուն հաս­նե­լու հա­մար միշտ պէտք է պայ­քա­րիլ։ Սա­կայն ատի­կա կա­խեալ է քա­ղաքա­կան, տնտե­սական եւ ըն­կե­րային ազ­դակնե­րէն։ Ին­ծի հա­մար ար­դա­րու­թիւնը սկզբունքա­յին ար­ժէք մըն է։ Հե­տեւա­բար հարկ է ար­մա­տախիլ ընել անար­դա­րու­թիւննե­րը։ Միւս կող­մէ մենք պէտք է նկա­տի ու­նե­նանք, թէ 23 տա­րի առաջ հար­կա­յին, դրա­մատ­նա­յին, դա­տական կամ մաք­սա­յին կար­գեր գո­յու­թիւն չու­նէին, խորհրդա­րանի, կա­ռավա­րու­թեան կամ նա­խագա­հական հա­մակար­գեր չկա­յին, իսկ այ­սօր ու­նինք եր­կու ան­կախ հան­րա­պետու­թիւններ, որոնք մեծ ար­ժէքներ են, զորս կեր­տած ենք անցնող տա­րինե­րու ըն­թացքին։ Մենք կը փոր­ձենք որ­դեգրել ֆրան­սա­կան կամ ընդհա­նուր առ­մամբ եւ­րո­պական չա­փանիշ­նե­րու մա­կար­դա­կին օրէնքներ։ Բայց մեր գլխա­ւոր խնդի­րը մաս­նա­գէտ­նե­րու պատ­րաստու­թիւնն է եւ ատոր հա­մար հարկ է կրթա­կան հա­մակար­գին հա­մար մեծ գու­մարներ ծախ­սել, իսկ ար­դիւնքը տաս­նեակ տա­րիներ յե­տոյ ի յայտ կու գայ։ Մենք մէկ-եր­կու սե­րունդ յե­տոյ կը հաս­նինք լիիրաւ ար­դա­րու­թեան։
Ան­շուշտ դժբախ­տա­բար անըն­դունե­լի երե­ւոյթներ գո­յու­թիւն ու­նին, որոնց դէմ կը փոր­ձենք պայ­քա­րիլ։ Մենք պէտք է կա­րենանք հե­տեւեալ եր­կու հար­ցե­րը լու­ծել.- Առա­ջինը կը վե­րաբե­րի ար­դար օրէնքնե­րու կա­յաց­ման, իսկ երկրոր­դը այն է, որ օրէնքնե­րու կի­րարկ­ման ժա­մանակ պէտք է կարելի եղածին չափ պահ­պա­նուի ար­դա­րու­թիւնը։ Այ­սօր աշ­խարհի ո՛չ մէկ երկրի մէջ հա­րիւր տո­կոսով ար­դա­րու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նի։ Շե­ղումնե­րը միշտ ալ ան­խուսա­փելի են։
Հա­յաս­տան եւ­րո­պական եւ մի­ջազ­գա­յին զա­նազան հաս­տա­տու­թիւննե­րուն ան­դա­մակ­ցե­լով հե­տզհե­տէ կ՚ապա­հովէ մաս­նա­ւո­րա­բար իր դա­տական հա­մակար­գին բա­րեփո­խումնե­րը։ Այս բո­լորը ժա­մանա­կի կը կա­րօտի։

«ՆՅ» – Կ՚են­թադրենք, թէ հոս իշ­խա­նու­թեան կա­ռավար­ման մշա­կոյ­թի խնդիր մը կայ, ընդդի­մու­թիւն-իշ­խա­նու­թիւն գոր­ծակցու­թեան եզր մը գտնե­լու հարց գո­յու­թիւն ու­նի որ տա­կաւին չէ լու­ծուած…։

Հ.Յ. – Այդ հար­ցը չէ լու­ծուած քա­նի որ մենք դժբախ­տա­բար զօ­րաւոր ընդդի­մու­թիւն չենք ու­նե­ցած։

«ՆՅ» – Հար­ցը զօ­րաւոր ընդդի­մու­թե­նէն ան­դին կ՚անցնի։ Այս գծով շատ խօ­սուն է գեր­մա­նական օրի­նակը, ուր ընդդի­մու­թիւն եւ իշ­խա­նու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նի, բայց երբ նոր կա­ռավա­րու­թիւն կը կազ­մուի այն ատեն ներ­քին հա­մաձայ­նա­գիր մը կը գո­յանայ տուեալ կող­մե­րուն մի­ջեւ, որուն ար­դիւնքին կա­ռավա­րու­թիւնը կը գոր­ծէ այդ հա­մաձայ­նագրի շրջագ­ծին մէջ։ Այսպի­սի ներ­քին հաս­կա­ցողու­թիւնը ազ­գա­յին հա­սու­նութեան ար­դիւնք է։ Նկա­տի ու­նե­նալով մեր դի­մագ­րա­ւած բո­լոր մար­տահրա­ւէր­նե­րը ար­դեօք կա­րելի՞ չէ ընդդի­մու­թեան հետ գոր­ծակցե­լու «մշա­կոյթ» մը որ­դեգրել։

Հ.Յ. – Ընդդի­մու­թիւն-իշ­խա­նու­թիւն գոր­ծակցու­թիւնը այն ատեն ար­դիւնա­ւէտ կ՚ըլ­լայ երբ կող­մե­րը ու­ժեղ ըլ­լան։ Թոյլ ընդդի­մու­թեան պա­րագա­յին կար­ծէք իշ­խա­նու­թեան զսպա­շապի­կը աւե­լի մեղմ կ՚ըլ­լայ։ Ես միշտ ըսած եմ թէ կ՚երա­զէի այն օրը երբ ընտրու­թեան մը ար­դիւնքին պար­տուող կող­մը կը շնոր­հա­ւորէ իր մրցա­կիցին յաղ­թա­նակը։ Հա­յաս­տա­նի մէջ տա­կաւին ցա­ւօք սրտի հոն չենք հա­սած, ինչպէս է պա­րագան այլ եր­կիրնե­րու, ուր ընտրու­թե­նէն ան­մի­ջապէս ետք – մէկ­դի դնե­լով նա­խընտրա­կան պայ­քարնե­րը – կող­մե­րը կը շնոր­հա­ւորեն ար­ձա­նագ­րուած յաղ­թա­նակը։

Ես կ՚ու­զէի ձեր ու­շադրու­թեան յանձնել, թէ անցնող 5-6 տա­րինե­րու ըն­թացքին հե­տաքրքրա­կան որոշ քայ­լեր առ­նուած են՝ կա­ռավար­ման, քա­ղաքա­կան եւ մշա­կու­թա­յին առումնե­րով, երբ պէտք էր սե­ղանի մը շուրջ նստիլ եւ խորհրդակ­ցիլ բո­լոր կու­սակցու­թիւննե­րու հետ։ Ինչպէս տե­ղեակ էք, նա­խագա­հական ընտրու­թե­նէն ետք, խորհրդա­րանի յա­րաբե­րական մե­ծամաս­նութիւնն է որ կը նշա­նակէ վար­չա­պետը։ Սա­կայն այս վեր­ջին ընտրու­թե­նէն յե­տոյ հա­կառակ անոր որ «Հան­րա­պետա­կան» կու­սակցու­թիւնը բա­ցար­ձակ մե­ծամաս­նութիւն էր, այ­դուհան­դերձ նա­խագա­հը հրա­ւիրեց ընդդի­մու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը, որ­պէսզի անոնց կար­ծիքն ալ նկա­տի առ­նուի։

Միւս կող­մէ, վեր­ջին տա­րինե­րուն ըն­դունուած օրէն­քով ընդդի­մու­թիւնը ու­նի շարք մը ար­տօ­նու­թիւններ, որոնցմէ յի­շենք հե­տեւեալ­նե­րը.- կա­ռավա­րու­թեան ուղղուած առա­ջին 12 հար­ցումնե­րը վե­րապա­հուած են ընդդի­մու­թեան։ Առա­ւել եւս ընդդի­մու­թիւնը 26 ստո­րագ­րութիւննե­րով (նա­խապէս 44 էր) կրնայ դի­մել Սահ­մա­նադ­րա­կան դա­տարան, եթէ օրէնք մը հա­կասահ­մա­նադ­րա­կան նկա­տէ։ Եթէ նա­խապէս ընդդի­մու­թիւնը չէր կրնար յանձնա­ժողով­նե­րու սահ­մա­նէն ան­դին օրէն­քի նա­խագիծ ներ­կա­յաց­նել, այ­սօր Խորհրդա­րանին մէջ այդ իրա­ւասու­թիւնը ու­նի։ Ընդդի­մու­թեան խմբակ­ցութիւննե­րը եւս կրնան հար­ցումներ ուղղել կա­ռավա­րու­թեան, որոնք պէտք է քննար­կուին Խորհրդա­րանին մէջ, որոնց ար­դիւնքին որո­շում կը կա­յացուի։ Իսկ այդ որո­շումնե­րէն ամե­նէն ծայ­րա­գոյ­նը կա­ռավա­րու­թեան հրա­ժարա­կանը կրնայ ըլ­լալ։ Աւե­լին՝ այ­սօր ընդդի­մու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը Խորհրդա­րանին մէջ որոշ պաշ­տօններ ստանձնած են, ու­նին հե­ռատե­սիլի ալիք­ներ, թեր­թեր։ Ըստ եւ­րո­պական դէ­տերուն Հա­յաս­տա­նի մէջ ազատ մա­մուլ գո­յու­թիւն ու­նի։ Հա­մացան­ցը հա­սանե­լի է բո­լորին։

«ՆՅ» – Պէտք է ըսել, թէ Եւ­րո­պայի բաղ­դատմամբ հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած դժուարու­թիւննե­րը շատ աւե­լի բարդ են, յատ­կա­պէս ժո­ղովրդա­վար եւ ար­դար օրէնքնե­րու հի­ման վրայ վար­չա­կարգ մը ստեղ­ծե­լու առու­մով։ Աւե­լի՛ն, Եւ­րո­պան իր դի­մաց թրքա­կան թշնա­մանք չու­նի եւ ոչ ալ՝ 600 տա­րի կու­տա­կուած հար­ցեր եւ գո­յատեւ­ման գե­րագոյն խնդիր։ Օրի­նակի հա­մար ին­չո՞ւ չձե­ւաւո­րել ոչ-հա­մեմատա­կան կա­ռավա­րու­թիւն մը, քա­նի որ այ­սօ­րուան իշ­խա­նու­թիւնը ան­սահմա­նափակ իրա­ւասու­թիւններ ու­նի։

Հ.Յ. – Այս ուղղու­թեամբ ան­մի­ջապէս ըսեմ, թէ կա­ռավա­րու­թեան ձե­ւաւոր­ման մաս­նակցե­լու գծով առա­ջարկներ եղան կու­սակցու­թիւննե­րուն, սա­կայն վեր­ջիններս նպա­տակա­յար­մար չգտան այս հանգրուանին պա­տաս­խա­նատւու­թիւն ստանձնել։ Միւս կող­մէ, ար­դար է ձեր հար­ցադրու­մը՝ Հա­յաս­տա­նի դի­մագ­րա­ւած բա­զում մար­տահրա­ւէր­նե­րու ուղղու­թեամբ, յատ­կա­պէս ար­տա­քին ճա­կատին վրայ։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ ներ­քին խնդիր­նե­րը կար­ծէք երկրորդ հար­թութիւն փո­խադ­րուած են։ Հոս կ՚ու­զեմ ընդգծել հե­տեւեալ երե­ւոյ­թը.- Ան­ցեալ Օգոս­տո­սին երբ Հա­յաս­տա­նին վտանգ կը սպառ­նար եւ մեր սահ­մաննե­րը հրո­սակ­նե­րու թի­րախ դար­ձած էին, պէտք էր տես­նէիք թէ ինչպէս ամ­բողջ ժո­ղովուրդը միաւո­րուած էր՝ չկար ընդդի­մու­թիւն, չկար իշ­խա­նու­թիւն, այլ ազ­գո­վին մէկ բռունցք դար­ձած էր հա­յու­թիւնը թէ՛ Հա­յաս­տան եւ թէ ի Սփիւռս աշ­խարհի։ Այդ ծանր օրե­րուն ազ­գը հա­մախմբուած էր… Կը կար­ծեմ, թէ իշ­խա­նու­թիւն-ընդդի­մու­թիւն եր­կու կող­մերն ալ հնո­ցէ ան­ց­նելով օրէ օր աւե­լի կը թրծուին։ Պէտք է քիչ մըն ալ համ­բե­րել։ Մեր դրա­ցի Ազէր­պայճա­նի բաղ­դատմամբ – որ նիւ­թա­կան մեծ կա­րողու­թիւններ ու­նի – Հա­յաս­տան ժո­ղովրդա­վարու­թեան եւ քա­ղաքակրթու­թեան տե­սան­կիւնէն շատ աւե­լի բարձր կը գնա­հատուի եւ­րո­պական ատեան­նե­րուն կող­մէ։ Ան­շուշտ հա­մեմա­տու­թիւնը սո­վետա­կան կար­գեր ապ­րած հան­րա­պետու­թիւննե­րուն կը վե­րաբե­րի։

«ՆՅ» – Հա­յու­թեան գե­րակայ շա­հերու եւ ինքնու­թեան վե­րահաս­տատման տե­սան­կիւնէն դա­տելով, ինչպէս Հա­յոց պատ­մութիւ­նը եւ դա­րերու ըն­թացքին Հա­յերուն կրած տա­ռապանքնե­րը կը վկա­յեն, իշ­խա­նու­թիւնը բա­րոյա­կան պար­տա­ւորու­թիւն ու­նի աւե­լի հե­ռու եր­թա­լու քան այն ինչ եւ­րո­պացի­ները կը փոր­ձեն թե­լադ­րել կամ պար­տադրել Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան…։

Հ.Յ. – Ար­դա­րեւ մենք աւե­լի քան 600 տա­րի պե­տակա­նու­թիւն չենք ու­նե­ցած եւ ապ­րած ենք օտա­րի լու­ծին տակ, ինչ որ բնա­կանա­բար ազ­դե­ցու­թիւն ձգած է մեր կեր­պա­րի, գոր­ծունէու­թեան եւ ընդհան­րա­պէս գո­յու­թեան վրայ։ Եւ միայն վեր­ջին քսա­նամեակին է, որ առիթ ու­նե­ցանք ինքնու­րոյն ըլ­լա­լու եւ իշ­խա­նու­թիւն կեր­տե­լու։ Բնա­կանա­բար ժա­մանակ պէտք է դա­րերու ըն­թացքին մեր կրած բա­ցասա­կան ազ­դե­ցու­թիւննե­րը թօ­թափե­լու հա­մար։ Պէտք է համ­բե­րատար ըլ­լալ։ Ես իբ­րեւ Սփիւռքի նա­խարար միշտ ալ ըսած եմ եւ կ՚ըսեմ, թէ մեր փրկու­թիւնը Հայ­րե­նիքի հզօ­րաց­ման մէջ է։ Այս առու­մով մեծ է Սփիւռքի մա­մու­լին դե­րը։ Ան պէտք է տա­սը մի­լիոն հա­շուող Հա­յու­թեան գի­տակ­ցու­թեան մէջ արթնցնէ Հայ­րե­նիքի, պե­տու­թեան եւ ժո­ղովուրդի նկատ­մամբ պար­տա­ւորու­թեան գա­ղա­փա­րը։ Պարզ օրի­նակ մը բե­րեմ. ինչպէս Հա­յաս­տան-Սփիւռք հա­մա­ժո­ղովին ալ ըսուեցաւ, լաւ կ՚ըլ­լայ որ իւ­րա­քան­չիւր հայ դրա­մատնա­յին հա­շիւ մը բա­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ, որով­հե­տեւ այդ ձե­ւով անուղղա­կի կերպով օժան­դա­կած կ՚ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան զար­գա­ցու­մին։ Կամ ինչպէս Հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հը ըսաւ, իւ­րա­քան­չիւր հայ Հա­յաս­տա­նի մէջ բնա­կարան մը պէտք է ու­նե­նայ եւ ոչ թէ իջե­ւանէ պանդոկնե­րու մէջ։ Հոս ի մի­ջի այ­լոց աւելցնեմ, թէ անցնող երեք-չորս տա­րինե­րու ըն­թացքին Հա­յաս­տան այ­ցե­լող զբօ­սաշրջիկ­նե­րու թի­ւը հա­սած է մէկ մի­լիոնի, ինչ որ դրա­կան չա­փանիշ մըն է եւ ան­շուշտ այս գոր­ծին մե­ծապէս նպաս­տած է Սփիւռքի նա­խարա­րու­թիւնը իր իրա­գոր­ծած ծրա­­գիր­նե­րով։

«ՆՅ» – Ճիշդ այս ուղղու­թեամբ օրի­նակ մը բե­րեմ։ Ան­ցեալ տա­րի Հա­յաս­տա­նը բաց եր­կինք յայ­տա­րարուեցաւ, Armavia-ի սնան­կա­նալու պատ­ճա­ռով օդա­նաւի գի­ները մէկ ան­գա­մէն 400-էն 700 եւ­րո­յի (Ֆրան­սա­յի հա­մար) բարձրա­ցան։ Եթէ ըն­տա­նիք մը կ՚ու­զէ Հա­յաս­տան եր­թալ ճամ­բորդու­թեան հա­մար շատ սուղ գին պէտք է վճա­րէ։ Air Armenia-ի հան­դէս գա­լով նո­րէն գի­ները իջան 400-ի։ Սա­կայն այ­սօր Air Armenia-ն ալ այ­լեւս չի գոր­ծեր՝ պե­տական նե­ցուկ չու­նե­նալով…։

Հ.Յ. – Air Armenia-ի գծով սխալ հա­շուարկներ եղած էին, իսկ պե­տու­թիւնը ներ­կայ դրու­թեամբ ի վի­ճակի չէ մեծ գու­մարներ ապա­հովելու ըն­կե­րու­թեան։ Սա­կայն կը յու­սամ, որ կը լու­ծուի նաեւ այդ հար­ցը։

Ես կը փո­խան­ցեմ ձեր մտա­հոգու­թիւնը առ որ անկ է, բայց այդ ալ տնտե­սական ազատ շու­կայ ու­նե­նալու հե­տեւանքնե­րէն է. անոր մեծ առա­ւելու­թիւննե­րուն քով, եր­բեմն ալ այսպի­սի բա­ներ կը պա­տահին։ Յա­մենայն դէպս, օդա­նաւի տոմ­սե­րու գի­ներու սղու­թեան գծով կը բաժ­նեմ ձեր մտա­հոգու­թիւնը։ Գի­ները պէտք է մատ­չե­լի ըլ­լան։

«ՆՅ» – Տնտե­սական ոլոր­տը ամե­նէն կա­րեւոր մար­զե­րէն մէկն է, որ այ­սօր դժբախ­տա­բար կա­յացած չէ։ Ինչպէ՞ս կա­րելի է նման մթնո­լոր­տի մէջ ներդրում կա­տարել։

Հ.Յ. – Կ՚ու­զեմ Էռ­նէ­կեանի օրի­նակը ընդգծել, որուն շնոր­հիւ «Զուարթնոց»ը մի­ջազ­գա­յին առու­մով լա­ւագոյն օդա­կայան­նե­րէն մէկը դարձաւ։ Էռ­նէ­կեանի այլ դրա­կան գոր­ծե­րէն մէկն ալ այն էր, որ անմշակ հո­ղերը գնեց, վե­րամ­շա­կեց եւ հաս­ցուց այ­սօ­րուան բեր­քա­բեր մա­կար­դա­կին։ Յի­շենք աշ­խարհի մէջ նշա­նաւոր «Կա­րաս» գի­նին։ Կա­րելի է նշել նաեւ Ռու­բէն Վար­դա­նեանի պա­րագան, որ զբօ­սաշրջու­թեան զար­գացման հա­մար կա­ռու­ցա­նեց Գո­րիսի ճո­պանու­ղին, հիմ­նեց Դի­լիջա­նի մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցը, ուր աշ­խարհի 60 եր­կիրնե­րէ ու­սա­նող­ներ կու ­գան եւ գի­տու­թիւն ձեռք կը ձգեն։ Նոյնն ալ կրնանք ըսել Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեանի կամ Թիւ­ֆէնքեանի հա­մար։ Այս վեր­ջինս Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին հիմ­նեց պանդոկներու ցան­ց։ Միւս կող­մէ խօ­սինք նաեւ Սու­րիահա­յերու մա­սին, որոնք ար­դէն կ՚աշ­խա­տին սպա­սարկման ոլոր­տէն ներս (սրճա­րան, ճա­շարան, եւ այլն) եւ կա­մաց-կա­մաց կ՚ամ­րա­նան Հայ­րե­նիքի մէջ։

Կ՚ար­ժէ նաեւ անդրա­դառ­նալ տնտե­սական մար­զին նկատ­մամբ բա­ցասա­կան տրա­մադ­րութիւննե­րու պատ­ճառնե­րուն։ Ան­կա­խու­թեան առա­ջին շրջա­նին տա­կաւին առեւ­տուրի գծով օրէնքներ չէին մշա­կուած։ Մար­դիկ առուծախ կ՚ը­նէին եւ հարկ չէին վճա­րեր եւ այդ պատ­ճա­ռով ալ Սփիւռքէն ներդրու­մի նպա­տակով Հա­յաս­տան եկած գոր­ծա­րար­նե­րը իրենք զիրենք խա­բուած կը զգա­յին։ Իսկ այ­սօր գոր­ծա­րարու­թեան մատ­չե­լիու­թեան աս­պա­րէզին մէջ – մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյցնե­րու գնա­հատու­մով – «Պել­ճի­քայէն յե­տոյ եւ Հո­լան­տա­յէն առաջ» դիր­քե­րու վրայ կը գտնուինք։ Մեր օրէնսդրու­թիւնը կը հա­մապա­տաս­խա­նէ մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կին։ Հե­տեւա­բար պէտք է մէկ­դի դնել ան­ցեալի ըսի-ըսաւ­նե­րը եւ վստա­հիլ մեր տնտե­սական հա­մակար­գին։ Բայց ներդրու­մը պէտք է օրի­նաւոր ըլ­լայ՝ իրա­ւաբա­նական խորհրդա­տւու­թեամբ եւ պե­տու­թեան գի­տակ­ցութեամբ։ Սփիւռքի նա­խարա­րու­թիւնը ու­նի իրա­ւաբա­նական ծա­ռայու­թիւն, մաս­նա­գէտ­ներ, փոր­ձա­գէտ­ներ, որոնք պատ­րաստ են օժան­դա­կելու գոր­ծա­րար Հա­յերուն։ Նոյ­նիսկ «խա­բուե­լու» կամ ձա­խողե­լու պա­րագա­յին նա­խարա­րու­թիւնը կ՚օգ­նէ դա­տական հար­ցե­րուն մէջ։ Ան վեր­ջին երեք տա­րինե­րուն եօթը դատ շա­հած է ի նպաստ Սփիւռքա­հայե­րուն։ Այս դաշ­տին մէջ մա­մուլն ալ մեծ դեր կրնայ ու­նե­նալ։ Պէտք է ար­ձա­գանգ հան­դի­սանայ նաեւ դրա­կան երե­ւոյթնե­րուն։ Հա­յաս­տա­նը այ­սօր կարելիու­թիւննե­րու եր­կիր է եւ 200 մի­լիոնի տնտե­սական շու­կայ ու­նի (նախ­կին երեք մի­լիոնի փո­խարէն)։

«ՆՅ» – Ար­դեօք Սփիւռքի նա­խարա­րու­թեան մէջ տնտե­սական զար­գացման միաւո­րում մը գո­յու­թիւն ու­նի՞։

Հ.Յ. – Նկա­տի ու­նե­նալով որ Հան­րա­պետու­թեան մէջ կը գոր­ծէ տնտե­սական զար­գացման գոր­ծա­կալու­թիւն մը, մենք ոչ թէ մէկ միաւո­րում այլ հա­մահայ­կա­կան կա­ռոյցնե­րու վար­չութիւն մը ու­նինք, որուն եր­կու ան­դա­մը կը զբա­ղի տնտե­սական խնդիր­նե­րով։

«ՆՅ» – Իսկ ձեր նշած տնտե­սական զար­գացման գոր­ծա­կալու­թիւնը ին­չո՞ւ որե­ւէ կապ չի հաս­տա­տեր Սփիւռքի մա­մու­լին հետ։

Հ.Յ. – Հա­մաձայն եմ, որ ատի­կա բա­ցասա­կան երե­ւոյթ մըն է։ Սա­կայն տե­ղեկաց­նեմ, թէ երբ մեր երկրի պաշ­տօ­նատար­նե­րը ար­տա­սահ­ման պե­տական այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու կը մեկ­նին ան­պայման գոր­ծա­րար­նե­րու խումբ մը կ՚ըն­կե­րակ­ցի անոնց։ Իսկ այս վեր­ջին­նե­րուն (որոնք տնտե­սական մար­զին լա­ւատե­ղեակ ան­ձեր են) ու­ղե­ւորու­թիւնը կը կազ­մա­կեր­պէ վե­րոն­շեալ գոր­ծա­կալու­թիւնը։ Ի մի­ջի այ­լոց ըսեմ, թէ մեր նա­խարա­րու­թիւնը «Աշ­խա­տան­քի Հա­մաշ­խարհա­յին Կազ­մա­կեր­պութեան» հետ գոր­ծակցա­բար մշա­կած եւ օրէն­քի ու­ղե­ցոյց մը պատ­րաստած է (հա­յերէն, անգլե­րէն եւ ռու­սե­րէն լե­զու­նե­րով), որ ուղղուած է անոնց, որոնք կը փա­փաքին Հա­յաս­տա­նի մէջ ներդրում կա­տարել։ Միւս կող­մէ չմոռ­նանք որ աշ­խարհի որե­ւէ ան­կիւն գոր­ծա­րարը հա­րիւր տո­կոսով յա­ջողու­թիւն չ՚ար­ձա­նագ­րեր։

Կ՚ու­զէի ան­պայման ընդգծել նաեւ Հո­լան­տա­յէն Քրիս­թիան Կե­լեն­ճի­քի օրի­նակը, որ 2006էն ի վեր Հա­յաս­տա­նի մէջ կը զբա­ղի թե­թեւ ար­դիւնա­բերու­թեան զար­գացման գոր­ծով եւ ստեղ­ծած է 1200 աշ­խա­տատե­ղեր (Երե­ւան, Գիւմրի, Ար­տա­շատ)։ Այս տղան կը վկա­յէ թէ ինք օրէն­քով եւ կար­գով աշ­խա­տելով օր մը մաք­սա­յին կամ հար­կա­յին մար­զե­րու պա­տաս­խա­նատու­նե­րու հետ հարց չէ ու­նե­ցած։

«ՆՅ» – Յա­մենայն դէպս, կա­րելի չէ ժխտել, թէ Սփիւռքի մէջ ընդհա­նուր առ­մամբ տե­ղեկա­տւու­թեան մա­կար­դա­կի պա­կասը կը զգա­ցուի։

Հ.Յ. – Ամ­բողջո­վին հա­մաձայն եմ ձե­զի հետ։

«ՆՅ» – Անցնինք այլ հար­ցումի մը։ Քա­նի մը տա­րիէ ի վեր դուք Հա­յաս­տա­նի մէջ սփիւռքա­հայ ղե­կավար­ներ պատ­րաստե­լու ամառ­նա­յին դա­սըն­թացքներ կ՚առա­ջար­կէք, որոնց բո­վան­դա­կու­թեան մա­սին մենք ան­տե­ղեակ ենք։ Իբր վեր­նա­գիր կը յայ­տա­րարուին։ Ան­դին կայ լե­զուա­կան հար­ցը։ Իսկ եթէ ու­զէք Ֆրան­սա­հայու­թեան հետ շփուիլ, կան՝ արեւմտա­հայե­րէնի, դա­սական ուղղագ­րութեան եւ ֆրան­սե­րէնի թարգմա­նու­թեան խնդիր­նե­րը։ Ինչպէ՞ս կը մեկ­նա­բանէք այս բո­լորը։

Հ.Յ. – Հա­մաձայն եմ, որ պէտք է լայն տե­ղեկու­թիւն փո­խան­ցել բո­վան­դա­կու­թեան մա­սին։ Այս եր­րորդ տա­րին է, որ կը կազ­մա­կեր­պենք ու­սուցիչ­նե­րու, լրագ­րողնե­րու, հա­մայնքա­յին կա­ռոյցնե­րու ղե­կա­վար­նե­րու նա­խապատ­րաստու­թեան դա­սըն­թացքներ։ Ու­սուցիչ­նե­րու պա­րագա­յին կը փոր­ձենք թէ՛ արե­ւե­լա­հայե­րէնի եւ թէ արեւմտա­հա­յե­րէնի ու­սուցման պա­հեր ծրա­գ­րել։ Ի դէպ մեր կայ­քե­րը կը ներ­կա­յացուին դա­սական ուղղագ­րու­թեամբ։ Կա­րելի է «Հա­յերն Այ­սօ­ր»ի օրի­նակը բե­րել։

Նաեւ ֆրան­սա­կան հա­մալ­սա­րանին հետ հա­մաձայ­նած ենք, որ ու­սա­նող­նե­րը իրենց վար­ժընթաց­նե­րը ան­ցը­նեն Սփիւռքի նա­խարա­րու­թեան մէջ՝ այդ ըն­թացքին ֆրան­սե­րէն թարգմա­նելով որոշ նիւ­թեր։ Այս ուղղու­թեամբ թե­րեւս Ֆրան­սա­յէն ալ մէկ-եր­կու հո­գիի կա­րիքը պի­տի ու­նե­նանք, որոնք պէտք է այդ թարգմա­նուած նիւ­թե­րը խմբագ­րեն։ Այսպէ­սով պի­տի կա­րողա­նանք տե­ղական լե­զու­նե­րով կա­րեւոր պատ­գամնե­րը հասցնել Սփիւռքին։

Աւելցնեմ, թէ մենք արեւմտա­հայե­րէնի վե­րաբե­րեալ ամառ­նա­յին ծրա­գիր­նե­րը կ՚իրագործենք յան­ձինս Հիլ­տա Գալ­ֆա­յեանին, որ իր մե­թոտ­նե­րով կ՚ու­սուցա­նէ։ Նաեւ կը հրա­ւիրենք սփիւռքա­հայ մաս­նա­գէտ­ներ (Կա­րապետ Տա­քէսեան, Յա­րութ Սա­սու­նեան, եւ այլք), որոնք կը ներ­կա­յաց­նեն դա­սախօ­սու­թիւններ՝ զա­նազան թե­մանե­րու շուրջ։

Յա­մենայն դէպս ես հա­մամիտ եմ բաց քա­ղաքա­կանու­թեան։ Հար­ցե­րը որ­պէսզի ար­դիւնա­ւէտ ըլ­լան պէտք է միաս­նա­բար քննար­կուին, ու­սումնա­սիրուին։

Հարցազրոյցը վարեց՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

 www.hayernaysor.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին