Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Յունաստանի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեայ Տարելիցի Ելոյթներու Շարքի Ներկայացում

Յունաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ելոյթները համակարգող միացեալ մարմնի  կազմակերպութեամբ, Կիրակի 18 Յունուար 2015-ի երեկոյեան, Աթէնքի «Քալութա» թատերասրահէն ներս տեղի ունեցաւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի ելոյթներու շարքի ներկայացումը: Այս մասին կը հաղորդէ “Ազատ օր”-ը:

Յունահայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեանի, հայ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերու եւ կրօնական դասու, յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետի եւ անդամներու, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Ռ.Ա.Կ.ի Շրջանային Վարչութեան ու գաղութային ազգային եւ կուսակցական  կառոյցներու եւ հոծ բազմութեան ներկայութեան կայացած ձեռնարկը՝ մեկնարկը նշանաւորեց 100-ամեակի անկիւնադարձային թուականին:

Կազմակերպիչ մարմնոյ կողմէ բացումը կատարեց Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան, որ յայտնեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով այս մարմինին համահայկականութիւնը եւ համագաղութային բնոյթը կարեւորութեամբ կը շեշտուի, յստակօրէն արտացոլելով հայութեան արդար պահանջատիրութեան յանձնառու եւ վճռակամ կեցուածքը:

Յաջորդական ելոյթներով իրենց ողջոյնի խօսքերը ուղղեցին՝ Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեան,  Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Քերոբ Էքիզեան, Ռ.Ա.Կ.ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Գալուստ Ռուստէմեան:

Ելոյթներու ներկայացում

100-ամեակի ձեռնարկներու շարքը ներկայացուեցաւ power point-ով պատրաստուած ծրագիրով, յստակ եւ հասկնալի: Աթէնք, Թեսաղոնիկէ եւ Թրակիա ընդգրկող ընդհանուր ծրագիրին մէջ ներառնուած են նկարներու ցուցադրութիւններ, թատերական ներկայացումներ, քայլարշաւ-հեծելարշաւ, ճատրակի մրցումներ, արիւնատուութեան արշաւ, համերգներ եւայլն:
Քաղաքական կեդրոնական ելոյթները տեղի պիտի ունենան Յունաստանի երեք քաղաքներու մէջ՝ Աթէնք – 19 Ապրիլ 2015-ին, Թեսաղոնիկէ եւ Գավալա – 26 Ապրիլ 2015-ին:

Գեղարուեստական բաժին

Երեք վարպետ արուեստագէտներու եզակի կատարումներով իրագործուեցաւ ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրը: Ելոյթ ունեցաւ կիթառահար Յակոբ Գոլանեանը, կատարելով «Ձայները» (յօրինում Յակոբ Գոլանեանի),  «Մտքեր» (յօրինում Նուպար Ասլանեանի, գրուած Յակոբ Գոլանեանի համար), եւ Արամ Խաչատուրեանի «Վալս»ը: Յաջորդաբար ելոյթ ունեցաւ դաշնակահարուհի Քրիստին Թոքաթլեանը, կատարելով «Երեք պատկերներ» (յօրինում Ալեքսանտր Յարութիւնեանի), «Հովը փչեց լեռներում», «Երեկոն Արարատեան հովտում» եւ «Սասունցիների պարը» կտորները: Ուտի վրայ մենանուագով հանդէս եկաւ Լեֆթերիս Խավուծաս, կատարելով Կոմիտասի «Այ Այլուխս» եւ Աշուղ Շերամի «Պարտէզում»ը:

Ժողովրդային երկու պարերով հանդէս եկան Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի տղաքն ու աղջիկները, որոնք իրենց երիտասարդ խանդով խանդավառեցին հանդիսատեսները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին