Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հրանդ Տինքի Յիշատակը Յարգած Են Անոր Գերեզմանին Մօտ

Սթամպուլի հայկական “Ակօս” պարբերականի հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահուան ութերորդ տարելիցին անոր ընտանիքը եւ ընկերները յիշատակի արարողութիւն կազմակերպած են Տինքի գերեզմանին մօտ:

Ինչպէս կը հաղորդէ “Արմէնփրես”-ը, այս մասին կը տեղեկացնէ “Ակօս” պարբերականը:

Պալըքլըի հայկական գերեզմանատան մէջ Յունուար 18-ին իրականացուած յիշատակի արարողութեան նրկայ եղած են Տինքի այրին` Ռաքէլ Տինքը, անոր որդին` Արաթը, եղբայրներն ու պարզապէս անոնք, որոնք անտարբեր չեն եղած պոլսահայ մտաւորականին գործունէութեան նկատմամբ:

Մասնակիցները ծաղիկներ դրած են Տինքի գերեզմանին, այնուհետեւ աղօթած են անոր յիշատակին: Աղօթքէն ետք, ինչպէս ամէն տարի գերեզմանի աշխատակիցներէն մէկը բանաստեղծութիւն մը կարդացած է Տինքի յիշատակին:

Արարողութեան ներկայ գտնուած ե նաեւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան պատգամաւոր Սեզգին Թանրըքուլուն, որ ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ սպանութիւնը տեղի ունցած է իշխող “Արդարութիւն եւ զարգացում” կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն: Ան նշած է, որ յանցագործութիւնը եղած է նախապէս ծրագրաւորուած, եւ ատոր մէջ կայ ներկայ իշխանութիւններուն պատասխանատուութեան մասնաբաժինը:

Սթամպուլի “Ակօս” թերթի հայազգի խմբագրապետ Հրանդ Տինք սպաննուած է 2007 թուականի Յունուար 19-ին` խմբագրութեան առջեւ զինուած յարձակման հետեւանքով:

2012 թուականի Յունուար 17-ին դատարանի որոշումով` Տինքի սպանութեան կազմակերպիչ Եասին Հայալը ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, սպանութեան անմիջական իրականացնող Օկիւն Սամասթը` 22 տարուան ազատազրկման:

2014 թուականի Հոկտեմբերին Սթամպուլի ծանր յանցագործութիւններու գործերով 5-րդ դատարանը որոշում կայացուց Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնը վերսկսիլ զերոյէն: Այս անգամ բոլոր ամբաստանեալներուն կ’առաջադրուի “յանցաւոր խմբաւորման ստեղծման եւ կառավարման կամ անոր մէջ մասնակցութիւն ունենալու” մեղադրանք: Բացի այդ, Տինքի սպանութեան ժամանակ բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած 9 անձեր, որոնց մէջ Սթամպուլի նախկին ոստիկանապետ Ճելալեթին Ճերահի նկատմամբ դատական գործեր յարուցելու կապակցութեամբ որոշումներ ընդունուած են:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին