Կիւմրիի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մահացած փոքրիկն Սերոժա Աւետիսեանի հոգեհնագստեան պաշտօնը, որուն իր մասնակացութիւնը բերաւ ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Ըստ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի լրագրողին Սուրբ Նշան եկեղեցիին մէջ կանգնելու տեղ չկար: Ամբողջ քաղաքը մասնակցած է հոգեհանգստեան արարողութեան:
Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին յաւուր պատշաճի պատգամ արտասանեց Շիրակի մարզի առաջնորդ՝ Տ. Միքայէլ Եպս. Աջապահեան: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ հիացում արտայայտեց կիւմրեցիներու ցուցաբերած տոկունութեան եւ կամքին առթիւ: Սրբազանը նաեւ ըսաւ, որ յետ այսու որեւէ մարդու քիթը պէտք չէ արիւնի եւ այդ մէկը Աւետիսեաններու ընտանիքի 7-րդ անդամի պատգամն է: Սրբազանը իր խօսքին ընթացքին յոյս յայտնեց , որ մեր ժողովուրդը հոգիի անմահութեան մէջ կը գտնէ իր ցաւերուն մխիթարութիւնը: Ան նաեւ ըսաւ, որ Աւետիսեանները սպաննած ճիւաղը կորսնցուցած է մարդ կոչուելու իր իրաւունքը եւ ինք վստահ է , որ ան իր պատիժը պիտի ստանայ ոչ միայն Հայաստանի մէջ՝ այլ հանդերձեալ կեաքին մէջ: Սրբազանը իր խօսքը աւարտելով ըսաւ. «Մենք հզօր ժողովուրդ ենք եւ պիտի կարողանանք այս վիշտը տանիլ մինչեւ վերջ տանիլ»:
«Հայկական Ժամանակ» Օրաթերթը Սեւ Նկարներ Տեղադրած Է Փոքրիկն Սերոժայի Մահուան Սուգին
Հայրենի «Հայկական ժամանակ» օրաթերթը երէկ հրապարկուած է սեւ պատկերներով: Թերթը իր տեղադրելիք նկարներուն փոխարէն հրապարակած է սեւ պատկերները՝ այդպէսով արտայայտելով իր վերաբերմունքը Կիւմրիի սպանդին զոհ գացած Աւետիսեաններու ընտանիքի 7-րդ անդամին ՝ փոքրիկն Սերոժայի մահուան սուգին: Նշենք, որ ընկերային ցանցերու վրայ եւս ՀՀ քաղաքացիներ սեւ պատկերներ կը տեղադրեն եւ կը պահանջեն Հայաստանի մէջ սուգի օր յայտարարել:
Հրանդ Տինքի Որդին Պատգամաւորութեան Թեկնածո՞ւ
Յառաջիկայ Յունիսին Հրանդ Տինքի որդին կրնայ որպէս թեկնածու Թուրքիոյ խորհրդարանին ընտրութիւններուն մասնկացիլ: Այս մասին գրած է թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը յայտնելով, թէ քրտամէտ «Ժողովուրդներու տէմոքրաթական» կուսակցութիւնը Հրանդ Տինքի այրիին՝ Ռաքէլին կամ անոր որդիին ՝ Արետին մտադիր է առաջարկել իր ցանկերուն մէջ ըլլալ որպէս պատգամաւորական թեկնածու: Թերթը նաեւ կը յիշեցնէ, որ կուսակցութիւնը Թուրքիոյ 81 նահանգներու մէջ պիտի ունենայ 550 պատգամաւորական թեկնածուներ:
Հայկական Սահմանին Զոհուած Է 20 Տարեկան Զինծառայող Սուրէն Փիլոյեանը
Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տուելաներով, երէկ սահմանի հարաւային շրջանին վրայ հայկական բանակի զինծառայող մը զոհուած է: Նշենք, որ զինծառայողը կը կոչուի Սուրէն Փիլոյեան եւ ան 20 տարեկան է: Աղբիւրը նաեւ յայտնած է, թէ թշնամին հայկական դիրքերու ուղղութեամբ առկայ հրադադարը խախտած է 220 անգամ եւ արձակած 2000 կրակոց: