«Ապրիլ» գրատունը կը հրաւիրէ համայնքը ներկայ ըլլալու Խորէն Արամունիի նոր հրատարակուած «Ձնհալ» վէպի ներկայացման՝ Հինգշաբթի, Յունուար 29ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA)։ Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Գիրքը պիտի ներկայացնէ Կարէն Ջալլաթեան: Տեղի պիտի ունենայ յատուկ ընթերցում-կատարում գիրքի զանազան հատուածներէն:
«Ձնհալ» երկխօսութիւն-վէպը նոր գրական-գեղարուեստական իրողութիւն է մեր ազգային գրականութեան մէջ, ուր կը շօշափուի արդիական, եւ բարդագոյն խնդիր մը, որ այսուհետեւ պիտի կապակցուի Ցեղասպանութեան պատմութեան եւ իրականութեան: Անիկա իր մէջ կը ներառէ Թուրքիոյ մէջ գտնուող ծպտեալ հայերը, յատկապէս երիտասարդ այն սերունդը, որ հասակ առած է որպէս հայատեաց թուրք: Ահա անոնց հոգեբանական շերտերու եւ ներքնաշերտերու բացայայտումները դարձեր են Արամունիի հետազօտման նիւթը:
Խորէն Արամունի ծնած է 1948ին, Իրան: Երկու տարի ուսած է Սպահանի պետական համալսարանի հայագիտական բաժինին մէջ: 1969ի Նոյեմբերին հայրենադարձած է: 1975ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը: Աշխատած է որպէս ուսուցիչ, գեղարուեստական մասի վարիչ՝ Մշակոյթի տան մէջ եւ Պատկերասրահի գիտաշխատող: 1980ին արտագաղթած է ԱՄՆ: Աշխատակցած է տեղական պարբերականներու, իր ներդրումը ունեցած է մշակութային ու հասարակական տարաբնոյթ աշխատանքներու մէջ: Հեղինակած է 13 գեղարուեստական եւ վաւերագրական գիրքեր, 15 թատերգութիւն, որոնցմէ վեցը բեմադրուած է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ արտերկրի մէջ: Թարգմանած է Էսմայիլ Ռայինի «Հայերի Զանգուածային Կոտորածները» եւ պատմուածքներու շարք մը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է «Ապրիլ» գրատան կողմէ։