Քալիֆորնիոյ նահանգային 43-րդ շրջանը բնակող Դեմոկրատ կուսակցութեան անդամ մեծ թիւով հայեր մասնակցեցան Կիրակի, Յունուար 11-ի յետմիջօրէին, Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճին մէջ տեղի ունեցած Դեմոկրատ կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի պատգամաւորներու ընտրութեան։
Ըստ նախնական արդիւնքներուն՝ «Միացեալ դեմոկրատներ» ընտրացանկի բոլոր 14 անդամները յաջողեցան ընտրուիլ։ Անոնք են Էլէն Ասատրեան, Ալին Պապայեան, Ճորտըն Տել Կուէրսիօ, Միճին Ֆերնանտեզ, Հայմի Կարսիա, Մալքըմ Ճանսըն, Պերճ Կարապետեան, Սիլվա Քէշիշեան, Լէոնարտ Մանուկեան, Շանթ Սահակեան, Ճուտիթ Սմիթ, Սթիւըն Ուիտըն, Կերի Ուիլիս եւ Թերեզա Երիմեան։
Պերճ Կարապետեան նաեւ ընտրուած է Քալիֆորնիոյ Դեմոկրատ կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ազդեցիկ Գործադիր մարմինի անդամ։
Ըստ նախնական արդիւնքներուն՝ աննախընթաց 739 քուէարկողներ իրենց քուէն օգտագործած են երկժամեայ քուէարկութեան ընթացքին եւ քանի մը հարիւր քուէարկողներ մինչեւ կէս ժամ սպասած են քուէարկելու համար։
Քալիֆորնիոյ նահանգային 43-րդ ընտրաշրջանին մէջ կ՛իյնան Պըրպենքը, Կլենտէյլը, Լա Քանիատան, Լա Քրեսենթա-Մոնթրոզը, Լոս Ֆելիզը եւ այլ քաղաքամասեր։
Քալիֆորնիոյ նահանգային 41րդ ընտրաշրջանի ընտրութեանց համար պատգամաւորներ ընտրուած են Այտա Տիմէճեան, Ճան Հայրապետեան, Սահակ Եատալեան եւ Կարէն Կիրակոսեան։
Այլ շրջաններու մէջ ընտրուած են հետեւեալ հայ թեկնածուները՝ Արամ Գալուստեան (46-րդ ընտրաշրջան), Տիանա Մինասեան (6-րդ ընտրաշրջան), Էլընոր Կարապետեան (23-րդ ընտրաշրջան), Նարեկ Խոտանեան, Մերի Խաչատրեան (39-րդ ընտրաշրջան) եւ Մուրատ Մինասեան (58-րդ ընտրաշրջան)։