Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Հարիւրաւոր Մարդիկ Վերջին Հրաժեշտը Տուած Են Մարսէյլի Մէջ Սպաննուած 16-Ամեայ Հայ Պատանիին

Հարիւրաւոր մարդիկ վերջին հրաժեշտը տուած են Երեքշաբթի Մարսէյլի մէջ սպաննուած՝ հայազգի երիտասարդ Միքայէլ Ասատուրեանին, կը հաղորդէ «Tert.am»-ը՝ վկայակոչելով «La Provence.com»-ը:

Փրատոյի Հայ առաքելական եկեղեցին չափազանց փոքր եղած է՝ սպաննուած 16-ամեայ Միքայէլ Ասատուրեանին հրաժեշտ տալու եկած մարդոց ընդունելու համար. վերջին հրաժեշտը տալու եկած էին անոր բարեկամները, ընկերները, համադասարանցիները եւ այլ մարդիկ:

marsel mikayel 2Միքայէլը սպաննուած է Մարսէյլի մէջ Երկուշաբթ, Յունուար 12-ին, աւագ դպրոցներէն մէկուն առջեւ տեղի ունեցած վիճաբանութեան ընթացքին: Ան սպաննուած է երկաթեայ ձողերով` դաժան յարձակման հետեւանքով: Յարձակումը իրականացուցած են անոր հետ աւելի առաջ վիճած հասակակից աղջկան եղբայրները:

“Ձեռքերուն “Ես Միքայէլ եմ” գրութեամբ պաստառներ պահած էին հաւաքուածներէն շատերը, որոնք եկած էին եկեղեցի` յարգանքի տուրք մատուցելու այս անչափահաս տղուն, որ լի էր կեանքով, երաժշտութեան սիրահար էր եւ որ իր ծնողներուն, եղբօր, ամբողջ ընտանիքին եւ շրջապատին հպարտութիւնն էր”, կը գրէ կայքը:

Միքայէլի հայրը` Արսէն Ասատուրեանը «La Provence.com»-ին ըսած է, որ իր որդին շատ յարգուած էր եւ սիրուած, արհեստավարժ երաժիշտ էր, զգայուն եւ տաղանդաւոր: “Ան թաքուն կ՛աշխատէր, որ օր մը մեզի տանէր Լաս Վէկաս, եւ կտոր մը կը փոձեր, որ կը ցանկանար նուագել իր եղբօր նշանադրութեան ժամանակ: Ինծի համար տարբերութիւն չկայ «Charlie Hebdo»-ի մէջ կատարուածին եւ այս ողբերգութեան միջեւ, քանի որ անոնք, որոնք խլած են անոր կեանքը, պէտք չէ ատիկա ընէին: Միքայէլը պարզապէս մեծ հայ էր, եւ մեծ ֆրանսացի”, ըսած է ան:

Ֆրանսական «Charlie Hebdo» երգիծական թերթի խմբագրութեան մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած ողբերգութեան արձագանգը՝ թեւածած է ամբողջ արարողութեան ընթացքին: “Ողջ հայկական համայնքը ազդուած է, քանի որ վտանգուած է քաղաքացիական խաղաղութիւնը մեր թաղամասերուն մէջ”, ըսած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) քարտուղար Փասքալ Շամասեանը:

Համայնքի անդամներուն համար սպառնալիքի մասին նշած են նաեւ Րաֆֆի Տելանեանը եւ Կարէն Խուրշուտեանը:

Բազմաթիւ քաղաքական եւ կրօնական ներկայացուցիչներու առջեւ ունեցած իրենց խօսքին մէջ, անոնք նշած են “կազմակերպուած յանցաւորութեան մասին, որ ձեւաւորուած է տարիներ շարունակ մեր թաղամասերուն մէջ, անդէմ ատելութիւն, որուն անունը ռասիզմ է”:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին