*ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ*
Որոշ ժամանակ գրելու եւ գրականութեան հանդէպ սէրը նուազելէ ետք, կարծէք կամաց-կամաց դարձեալ կը սկսի ծիլ արձակել ու մարդիկ, ուսեալ թէ ոչ կը սկսին իրենց գրիչները շարժել՝ յօդուած մը կամ բանաստեղծութիւն մը գրելու համար: Անոնցմէ շատերը իրապէս միտքի համոզումով, համոզիչ ու գաղափարական նիւթերու շուրջ է որ կը գրեն, ինչպէս մշակոյթի, լեզուի ու ազգապահպանման հարցերու շուրջ: Ուրիշներ կը հետեւին անցեալի գեղապաշտ սերունդի կարգ մը բանաստեղծներուն ու գրագէտներուն եւ ողբ, սէր, փափաք ու իղձ կ’ուզեն կենդանացնել իրենց թուղթերուն վրայ, իսկ դժբախտաբար կայ նաեւ ուրիշ խմբաւորում մը, որ շատ անգամ գրելու սիրոյն կը գրեն, շատ անգամ ինք եւս չհասկնալով իր գրածն ու ըսել ուզածը:
Իրականութեան մէջ գրելը արուեստ է, ինչպէս նկարերն ու երաժշտութիւնը: Ինչպէս երաժշտութեան պարագային եղանակի ներդաշնակութիւնն է որ կը գրաւէ ունկնդիրը, անոր միտքն ու հոգին շատ անգամ գետնէն վերցնելով եւ տանելով այլ աշխարհներ, նոյնն է նաեւ գրելու արուեստը: Գրելը չի բնորոշուիր գրութեան չափին մէջ. էջերու շատ ըլլալը եւ կամ նուազումը գրութեան իսկական արժէքին վրայ ոչ մէկ բան կ’աւելցնէ եւ կամ կը պակսեցնէ: Մեր պատմութիւնը ինք վկայ է, թէ ունեցած ենք գրագէտներ, որոնց գրածները եթէ հաւաքես մէկ գիրք դուրս կու գայ, սակայն աւելի անուանի ու սիրուած են ժողովուրդին կողմէ, քան ուրիշներ որոնց գրութիւնները աւելի քան 7 հատոր կը կազմ
Գրելը համեմատաբար երաժշտութեան եւ կամ գծագրութեան արուեստին կը թուի աւելի դիւրին ըլլալ, սակայն իրականութեան մէջ այնքան ալ դիւիրին իրողութիւն մը չէ: Ամէն մարդ կրնայ գրել, բայց ամէն գրութիւն կրնայ յօդուած եւ կամ բանաստեղծական արժէք չներկայացնել, ինչպէս որ նկարչական արուեստի մէջ ալ ամէն մարդ երբ գծէ անոր գործը արուեստ չի սեպուիր:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳՐԵԼ
Երբ մարդ գրելու սիրոյն նստի ու փորձէ գրութիւն մը ստորագրել, այդ մէկը կը դառնայ բռնազբօսիկ գրութիւն մը, որովհետեւ հոգիէն մղուող ուժ մը չէ, որ գրել կու տայ այդ վայրկեանին, այլ՝ միտքի ստիպողութիւնը կը գործէ, ըսելով «նստիր եւ գրէ՛»: Գրելու արուեստը ամբողջութեամբ ազատ եւ ինքնաբուխ պէտք է կատարուի. այդ մէկը կրնայ ըլլալ շատ անգամ ճամբան գալած պահուն, ճաշած պահուն եւ կամ որեւէ մէկ ժամանակ, յանկարծական գաղափարի մը յայտնումով, որ միտքի մէջ որոճալով կը զարգանայ ու կը վերածուի յօդուածի, իսկ երբ ժամանակը գայ յանձնելու թուղթին, ինքնաբերաբար դուրս կու գայ առանց միտքի պարտադրանքի:
Յաճախ մարդիկ հարց կու տան ըսելով, ինչպէ՞ս կարելի է գրել. նիւթերու գաղափարները ուկէ՞ կու գան: Կրնանք ըսել, որ գրելը տաղանդ ու շնորհք է, որ տրուած չէ ամէն մարդու: Ինչպէս ամէն գծել ուզող գծագրիչ չէ, նոյնպէս ալ ամէն գրել սիրող եւ կամ գրել ուզող գրող չէ եւ այս իրողութեան համար կարելի չէ ոեւէ մէկը մեղադրել. բոլորս տարբեր ստեղծուած ենք: Իսկական գրողին միտքը միշտ ու միշտ կը բանի եւ կորոճայ զանազան նիւթերու մասին, իր միտքի պաստառին վրայ յստակացնելու համար բոլոր գաղափարները, զանոնք կէտ առ կէտ իր միտքին մէկ ծայրը դրոշմելով: Գրելու արուեստին մէջ նիւթը եւս կարելի չէ պարտադրել միտքին ու հոգիին՝ ըսելով, որ այսօր այս ինչ նիւթին մասին գրենք. դժուարութեամբ եւ կամ գրելու սիրոյն գրուած գրութիւնները կը նմանին այն կնոջ, որ հակառակ 75 տարեկան ըլլալուն, շպարով կ’ուզէ համոզել, թէ ինք 15 տարեկան պարմանուհի մըն է:
Յակոբ Օշական ամենալաւագոյն բացատրութիւնը կու տայ ինչպէս գրելուն մասին, ըսելով. «Պարզ գրեցէ՛ք, պարզութեան հասնիլը եւ պարզութեան մէջ կեանքը սեւեռելը ամէնէն մէծ արուեստն է»: Գրութեան մը արժէքը ինչպէս որ իր քանակին մէջ չի կայանար, նոյնպէս ալ ծանր բառերու գործածութեան մէջ ալ չէ, որ արժէք կը ստանայ: Յաճախ կը տեսնենք մարդիկ որոնք բառարանի օգնութեամբ այնպիսի հոմանիշներ կը գործածեն պարզ բառերու համար, որպէսզի իրենց գրութիւնը հարուստ փորձեն ցոյց տալ: Օրինակ օրաթերթերը կը գրուին հանրութեան համար ու կը կարդացուին թէ՛ ուսեալ եւ թէ անուս մարդոց կողմէ: Յաջող է այն գրողը, որ իր պարզութեան մէջ դժուար գաղափար մը բացատրելով հանդերձ հասկնալի կը մնայ բոլոր դասակարգի եւ մակարդակի վրայ գտնուող մարդոց: Օրինակ հանդիպած ենք շատերու, որ «դրամ» բառը գործածելու տեղ գրած են «մամոնայ», որ իրականութեան մէջ հիմանիշ է դրամ բառին: Ըսել կ’ուզեմ, թէ գրութիւնը ո՛չ երկարութեամբ եւ ոչ ալ գրութեան մէջ գործածուած մեծ բառերով է, որ արժէք կը ստանայ, այլ հիմնական արժէք տուողը յստակ միտքն ու գաղափարն է:
Գրելու արուեստը բոլորին համար տարբեր ձեւերով կ’իրագործուի. մին կ’ուզէ առանձնանալ ու լռութեան մէջ գրել, ուրիշ մը կը նախընտրէ միայն երեկոները գրել, իսկ ուրիշ մը նոյնիսկ հանրակառքի մէջ կրնայ գրել, սակայն բոլորին հասարակաց միտքն ու նպատակը մէկ է՝ փոխանցել յղկուած, յստակ միտք ու գաղափար:
ԻՆՉԵՐԷ՞Ն ԳՐԵԼ
Կը կարծեմ դժբախտութիւն է ունենալ «երկու տարբեր տեսակ»ի հայերէններ, որովհետեւ այն բանը, որ իր ամբողջութեան մէջ մէկ է աւելի դիւրին կրնայ զարգանալ ու վերելք ապրիլ, քան երկու տարբեր իրողութիւններ, որ շատ անգամ կը պայքարին մէկը միւսին վրայ իշխելու համար: Սակայն սարսափելին երկուութեան մէջը չէ, այլ երբ անձ մը եւ կամ «գրող» մը փորձէ երկուքը իրար միախառնելով ստեղծել նոր գրականութիւն մը, որուն ամէնէն ճիշդ յորջորջումը պիտի ըլլայ «Արեւը ելաւ-մտաւ հայերէն»…: Դժբախտաբար ներկայ մեր իրականութեան մէջ շատ է թիւը շուարողներու՝ արեւուն ելքին ու մուտքին որ կողմը ըլլալուն: Պէտք է յստակ իրողութիւն ըլլայ, օրինակ երբ ամէն տողերը նոյն ձայնաւորով վերջ կը գտնեն, այդ չի նշանակեր, թէ այդ մէկը կը դառնայ բանաստեղծութիւն: Գրող մը պէտք է ունենայ իր կեցուածքը՝ կա՛մ արեւելահայերէն գրող է եւ կամ արեւմտահայերէն, որպէսզի թէ ինք եւ թէ ընթերցողը չտարուբերի գրութեան այլազանութեան մէջ:
Հրապարակի վրայ շատ են թիւը այն «բանաստեղծներուն», որոնք ամէն բառի վերջաւորութեան «ՈՒՄ» եւ «ՈՒՑ» մասնիկները աւելցնելով կը կարծեն, թէ կրնան դառնալ բանաստեղծ, երբ իւրաքանչիւր տող վերջ գտնէ գնում, մնում, ուտում եւ մեռնում բառերով:
Լեզուի երկուութիւնը դուրս կը մնայ մեր նիւթէն, այդ իսկ պատճառով պիտի ըսեմ գրենք կա՛մ արեւելահայերէն եւ կամ արեւմտահայերէն: Կարեւորը գրեցէ՛ք յստակ ու մէկ նպատակի՝ Հայ մշակոյթի շահերուն համար գիտնալով, թէ ուրկէ՞ կը ծնի եւ ուր վերջ կը գտնէ Արեւը: