Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Հայ ժողովուրդի հարուստ ժառանգը ներկայացուեցաւ առաջին հայկական ծաղկասայլով

Լոս Անճելըս, Յունուար 9, 2015 – Փասատինայի Վարդատօնի պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով, հայկական ծաղկասայլ մը մասնակցեցաւ ամանորեայ աւանդական շքերթին եւ արժանացաւ Վարդատօնի Նախագահական Մրցանակին։ Փասատինայի Քօլօրատօ Պողոտան եզերող բազմահազար հանդիսատեսներ, իսկ հարիւրէ աւելի երկիրներու մէջ աւելի քան մէկ պիլիոն դիտողներ ըմբոշխնեցին շքերթը, որ տեղի ունեցաւ Յունուար 1, 2015-ին։

Հայկական ծաղկասայլը, որ հանդէս եկաւ «Քաղաքակրթութեան Օրրան» անուամբ, մտայղացումն էր Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութեան (American Armenian Rose Float Association)` ոչ-շահաբեր կազմակերպութիւն մը, որ հիմնադրուեցաւ Փետրուար 2014-ին եւ քիչ անց ընդունուեցաւ որպէս 126-րդ Վարդատօնի մասնակից։ Ընկերակցութեան պատրաստած ձեւայղացքին վրայ հիմնուելով, ծաղկասայլը կառուցուեցաւ շքերթին նախորդած ամիսներուն, իսկ ծաղկայարդարումը կատարուեցաւ Դեկտեմբեր 2014-ին՝ գրեթէ 600 կամաւորներու աշխատանքով։

126-րդ Վարդատօնը կը ներառնէր մօտ 40 ծաղկասայլեր, որոնք իրենց զարդարանքներուն ընդմէջէն կը ներկայացնէին այս տարուայ թեման՝ «Ներշնչող Պատմութիւններ». շքերթին մասնակցեցան նաեւ հեծեալ միաւորներ եւ տողանցքային նուագախումբեր։ Հայկական ծաղկասայլին համար Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութիւնը որպէս թեմա ընտրած էր «Քաղաքակրթութեան Օրրան»ը՝ ի պատիւ հայ ժողովուրդի մշակութային հարուստ ժառանգին եւ անոր բազմաթիւ ներշնող պատմութիւններուն։

«Հայկական ծաղկասայլի ձեւայղացքով, մեր նպատակն էր հայ ժողովուրդի ութ-հազարամեայ պատմութեան ընթացքին արձանագրուած մարդկային նուաճումներու համայնապատկերէն յատկանշական նմոյշներ ներկայացնել», յայտնեց ընկերակցութեան հոգաբարձութեան անդամ Ճանի Քանունճին։ «Մեր վերջնական ձեւայղացքը համադրում մըն էր շարք մը տարրերու եւ խորհրդանիշներու, որոնք հայկականութիւն կը յատկանշեն՝ մշակոյթի, առասպելաբանութեան եւ աշխարհահայեացքի իմաստներով»։

Հայկական ծաղկասայլը Վարդատօնի Նախագահական Մրցանակին արժանացաւ՝ «ծաղիկներու ամենէն ազդեցիկ գործածութեան եւ ներկայացման» համար։

Սայլի ծաղկարուեստի առանցքը կը կազմէր հայկական Կենաց Ծառը, մեծկակ նուռերով եւ թռչուններով։ Ծառին ձեւայղացքը հիմնուած էր Լոս Անճելըսաբնակ արուեստագէտ Սիրուն Երէցեանի իւղանկարներէն մէկուն վրայ։ Ծառին իւրաքանչիւր կողմը զետեղուած էր արագիլ մը. արագիլներուն հայեացքը ուղղուած էր «ներս», դէպի Կենաց Ծառը, խորհրդանշելով վերադարձ մը դէպի հայկական ինքնութիւն։ Ծառի լանջին տեղադրուած էր աւանդական գլխազարդով հայ կնոջ մը կիսարձանը, որ կը խորհրդանշէր թէ՛ Մայր Բնութիւնը եւ թէ ՛ Մայր Հայաստանը։ Արձանի իւրաքանչիւր կողմը զետեղուած էր սիրամարգ մը՝ անմահութիւն խորհդանշելով, եւ հայկական յաւերժութեան նշանը, որ իր տեսակին մէջ աշխարհի ամենահին խորհրդանշանն է։ Զոյգ մը սիրամարգ եւ յաւերժութեան նշան զետեղուած էին նաեւ սայլի հակառակ կողմը։  

Սայլի յետնամասը կը գտնուէին ոստայն մը եւ գորգ մը, խորհրդանշելով այն փաստը, որ աշխարհի ամենահին գորգը՝ Փազիրիքը, հայկական է, ինչպէս հաստատած է հիւսուածեղէնի մասնագէտ Ուլրիխ Շումանը։ Ծաղկայարդարման այլ բաղկացուցիչներու շարքին էին ծիրաններ (տրուած ըլլալով որ ծիրանի լատիներէն գիտական անունն է prunus armeniaca, կամ «հայկական սալոր»), իրական խաղողի ողկոյզներ՝ խորհրդանշելով այն իրողութիւնը, որ աշխարհի ամենահին գինեգործարանը յայտնաբերուած է Հայաստանի մէջ, եւ սրածայր տանիքով կամար մը՝ ներկայացնելով հայկական ճարտարապետութեան ինքնուրոյնութիւնը։ Այս կոթողի ճակտին զեղետուած էր «Է» տառը՝ ներկայացնելով կեանքի էութիւնը։ Հայկական այբուբենին վերաբերող այլ բաղկացուցիչներ էին երկու «ԱԲԳ»ի կազմածներ, որոնք կը յուշէին թէ հայերէնը երկրագունդի ամենահին լեզուներէն մէկն է, ունենալով իր սեփական ճիւղը հնդեւրոպական լեզուներու ընտանիքին մէջ։

Հայկական ծաղկասայլին վրայ կանգնած էին խումբ մը հանրածանօթ անհատներ, ներառեալ դատաւոր Սամուէլ Տէր Եղիայեանը՝ ներկայիս դաշնակցային դատարանին մէջ ծառայող առաջին ամերիկահայ դատաւորը, Փասատինայի նախկին ոստիկանապետ Պարնի Մէլէքեանը, Ամերիկայի առաջին հայկական ամէնօրեայ վարժարանի նախկին տնօրէն Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը, իրաւաբան Մարք Կիրակոսը, համբաւաւոր The Twilight Saga ֆիլմաշարքի դերասաններէն Անճելա Սարաֆեանը, լրագրող, The Fab Mom blog-ի հեղինակ եւ Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութեան խօսնակ Ճիլ Սիմոնեանը, եւ Հայ Կիներու Միջազգային Ընկերակցութեան հիմնադիր Ֆլորա Տունաեանցը։ Ծաղկասայլին վրայ էին նաեւ չորս երիտասարդուհիներ՝ 13-էն 23 տարիքի միջեւ, որոնք կը ներկայացնէին հայ նոր սերունդը, ինչպէս եւ տուտուկահար Ռուբէն Յարութիւնեանը, որ կը ներկայացնէր հայ երաժշտական ժառանգը։

Հայկական ծաղկասայլի ծրագիրը, որ $300,000 արժած է, իրագործուեցաւ համայնքային նեցուկով, յատկապէս Karoun Dairies ընկերութեան նախագահ Անդրանիկ Պաղտասարեանի կատարած $50,000–ի նուիրատուութեամբ, որ կարելի դարձուց ծրագրի մեկնարկումը։ Ցարդ համայնքային դրամահաւաքով ծախսին մեծ մասը՝ $225,000–ը փակուած է. ներկայիս պէտք է գոյացուի մնացեալ $75,000-ը։ Այս ուղղութեամբ, Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութիւնը այս ամսու վերջաւորութեան աճուրդի պիտի հանէ հայկական ծաղկասայլի կարգ մը մասերը։ Աճուրդին վերաբերող մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին ընկերակցութեան կայքին՝ AARFA.org-ի, ինչպէս նաեւ անոր Facebook-ի կայքէջին վրայ։

Արդէն իսկ ընկերակցութիւնը սկսած է ծրագրել յաջորդ հայկական ծաղկասայլը, որ Փասատինայի Վարդատօնին պիտի մասնակցի Յունուար 2016-ին։ Ընկերակցութիւնը, որուն հիմնական նպատակն է համայնքային հանգանակութեամբ տարեկան հայկական ծաղկասայլը ֆինանսաւորել, այժմ կ՚ընդունի նուիրատուութիւններ եւ կը հրաւիրէ հովանաւորներ՝ ծրագրի իրականացման համար։ Tax-deductible նուիրատուութիւններ կարելի է ապահով կերպով կատարել ընկերակցութեան կայքին՝ AARFA.org-ի միջոցաւ կամ չէք մը ուղարկելով հետեւեալ հասցէին՝ AARFA, P.O. Box 60005, Pasadena, CA 91116։ Ընկերակցութիւնը նաեւ մեր համայնքի անդամները կը քաջալերէ արձանագրուելու որպէս յաջորդ հայկական ծաղկասայլը յարդարող կամաւորներ։

«Հոյակապ բան է հայկական ժառանգը համայն մարդկութեան հետ բաժնել կարենալը», յայտնեց Ամերիկահայ Ծաղկասայլի Ընկերակցութեան հոգաբարձութեան անդամ Ստեփան Փարթամեանը։ «Շնորհիւ մեր ընկերակցութեան, հարիւրաւոր կամաւորներուն եւ նուիրատուներուն, կարողացանք աշխարհին ներկայացնել հայկական ինքնութիւնը խորհրդանշող նորակերպ եւ առինքնող ստեղծագործութիւն մը՝ հայկական ծաղկասայլը, հայութեան մասին մեծապէս դրական հետաքրքրութիւն յառաջացնելով։ Նոյնքան յատկանշականօրէն, այս ծրագիրը իրագործեցինք հայ նոր սերունդին համար, ներշնչելով զայն եւ մշակութային գիտակցութեան նոր աւիւն փոխանցելով անոր»։

 

The American Armenian Rose Float, “Cradle of Civilization” on Colorado Blvd in Pasadena January 1, 2015
The American Armenian Rose Float, “Cradle of Civilization” on Colorado Blvd in Pasadena January 1, 2015
Tournament of Roses Presidents Trophy winner for “most effective floral use and presentation.”
Tournament of Roses Presidents Trophy winner for “most effective floral use and presentation.”
Mother Nature – Mother Armenia one of the elements on the American Armenian Float.
Mother Nature – Mother Armenia one of the elements on the American Armenian Float.
Former Pasadena Police Chief Barney Melekian; Flora Dunaians, founder of the Armenian International Women’s Association of Los Angeles; Nayree Panossian, representing the next generation of American Arm
Former Pasadena Police Chief Barney Melekian; Flora Dunaians, founder of the Armenian International Women’s Association of Los Angeles; Nayree Panossian, representing the next generation of American Arm
From Left to right Journalist Jill Simonian, author of The Fab Mom blog and spokesperson of the AARFA; Duduk player Ruben Harutyunyan, representing the deep roots of Armenian musical heritage; actress A
From Left to right Journalist Jill Simonian, author of The Fab Mom blog and spokesperson of the AARFA; Duduk player Ruben Harutyunyan, representing the deep roots of Armenian musical heritage; actress A

 

Riding on the Armenian float  Judge Samuel Der-Yeghiayan & Rachelle Kanounji representing the next generation of American Armenians.
Riding on the Armenian float Judge Samuel Der-Yeghiayan & Rachelle Kanounji representing the next generation of American Armenians.
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին