*ՅԱԿՈԲ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ*
Կուսակցական եւ միութենական պատասխանատութիւններու բերմամբ, թէ ասպարէզային կամ անձնական այցելութիւններով այս արեւին տակ ուրիշ շատ մը երկիրներու կարգին այցելած էի ատենին Արեւելեան Եւրոպայի համակարգին մէջ գտնուող բոլոր երկիրները թէ՛ Սովետական եւ թէ՛ յետ Սովետական օրերուն բացի Ռումանիայէն, ուր միայն վերջերս առիթը ունեցայ դիմաւորելու 2015 տարին:
Ինչպէս ամէն երկրի մէջ, ուր գտնուած եմ նոյնպէս բնականաբար Ռումանիոյ մէջ ոտք դրած օրէս անմիջապէս ետք սկսայ պրպտել այն ինչ, որ Հայկական է այդ անզուգական բնութեամբ հարուստ երկրին մէջ, որ Հայ Ժողովուրդին պարգեւած է Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նման մեծութիւններ:

Ռումանիա կեցութեանս շրջանին բնականաբար շուտով բնտրեցի ու գտայ Ռումանիոյ Հայոց Առաջնորդարանը ու անոր կից գեղեցիկ եկեղեցին եւ Հայ Մշակոյթի Տունը, ուր կը յաճախեն բուռ մը մնացած սակայն շատ աշխոյժ եւ հայութեամբ տոգորուած հայորդիներ:
Հայկական գաղութ գոյութիւն ունեցած է Ռումանիոյ տարածաշրջանին մէջ աւելի քան հազարամեակէ մը ի վեր, որոնցմէ առաջինները հոն հաստատուած են Բագրատունեաց Հարստութեան անկումէն անմիջապէս ետք: Հայեր այս երկրին նշանաւոր առեւտրականներէն եղած են 14-րդ դարէն ի վեր: Տեղւոյն իշխանութեանց բարեհոգութեամբ անոնց առեւտուրը եղած է տուրքէ զուրկ: Շուտով անոնցմէ շատեր պատկանած են երկրին ազնուական դասին: Երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ Հայերը կանգնած են իրենց եկեղեցիները, որոնք այսօր կը ներկայացնեն արժէքաւոր մշակութային ժառանգութիւններ: Մինչեւ 40,000-ի սահմանները հասած Ռումանահայ գաղութը անցեալ դարու կէսէն ետք արձանագրած է իր նուազագոյն թիւը նախ դէպի հայրենիք ներգաղթի պատճառով զորս կարելի է գնահատել որպէս դրական ապա դժբախտաբար Սովետական ռեժիմի մարդկային ազատութիւններու ճնշման պատճառած արտագաղթով դէպի արեւմուտք, որ իր գագաթնակէտին հասաւ «ԱՆՋԱ»-ի կազմակերպած կամ դիւրացուցած արտագաղթով՝ բռնատէր Չաուչէսքոյի օրերուն, որ մինչեւ իսկ փակած է երկրի տարածքին գոյութիւն ունեցող հայկական դպրոցները:
Հաճելի էր սակայն տեսնել, որ Ռումանիոյ Հայկական գաղութը այսօր կ՛ապրի մշակութային վերելք մը: Այս բանը տեղի կ՛ունենայ 1989-ի Ռումանական Յեղափոխութենէն ի վեր:

Յետ բռնատիրական կարգերու այժմու ժողովրդավար պետութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ էթնիք փոքրամասնութիւններու անոնց շնորհելով շատ մը դիւրութիւններ իրենց մշակութային արժէքներն ու ինքնութիւնը պահպանելու համար: Այս բարեացակամ եւ քաղաքակիրթ քաղաքականութենէն մեծապէս կ՛օգտուի Ռումանահայ գաղութը, որուն դարաւոր եկեղեցիները ամբողջովին նորոգուած են այսօր պետութեան ծախսերով: Պուխարէսթի «Հայկական Փողոց»-ին վրայ կանգնող Հայոց Առաջնորդանիստ մայր եկեղեցիին կողքին գտնուող «Հայ Մշակոյթի Տուն»-ը մեր այցելութեան ընթացքին իմացանք, որ նոյնիսկ այնտեղի պաշտօնէութեան ամսաթոշակները կը հոգացուին պետութեան կողմէ: Փոքրամասնութիւնները պահելու այս օրինակելի երեւոյթը լաւապէս կ՛արտացոլացնէ Ռումանացի ժողովուրդին բարձրորակ քաղաքակրթութիւնը, որմէ այնքան սորվելիք ունին միջին արեւելեան պետութիւնները…:
Մեզ համար պատիւ էր ծանօթանալ Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Տաթեւ Եպս. Յակոբեանին, որուն հետ ունեցանք մտերմիկ եւ օգտաշատ հանդիպում մը իր նստավայրին մէջ: Ազնուահոգի Առաջնորդը մեզ ծանօթացուց գաղութի պատմութեան, ներկայ կեանքին եւ հայոց եկեղեցիին գործունէութեան:
Ըստ Գերաշնորհ Տիրոջ, որ ծնունդով Իրաքահայ մըն է եւ աւարտած Ս. Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, ապա Զուիցերիոյ մէջ 2 տարի հետեւած է աստուածաբանութեան։ Հինգ տարի ծառայած է Իրաքի մէջ, 7 տարի՝ Ֆրանսայի Սէնթ Էթիէն քաղաքը որպէս հոգեւոր հովիւ, ապա 7 տարի ծառայած է Հոլանտայի մէջ Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ ընտրուելէ առաջ, Ռումանիոյ հայոց թեմը հիմնուած է 1401 թուականին եւ մինչեւ օրս ունեցած 42 առաջնորդներ։

Գերաշնորհ Տ. Յակոբեան մեզ տեղեկացուց, թէ Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. նախքան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս իր ընտրութիւնը, Ռումանիոյ մէջ 12 տարի պաշտօնավարած է որպէս առաջնորդ։ Ան հաստատեց թէ Հայկական գաղութը այսօր Ռումանիոյ մէջ ունի 2 վանք, 14 եկեղեցի, 8 մատուռ, 8 գերեզմանատուն։ Հայոց Առաջնորդարանը ունի 5 ամուսնացեալ քահանաներ եւ մէկ կուսակրօն եկեղեցական, եւ թէ բոլոր հոգեւորականներուն եւ աշխարհական պաշտօնէութեան ամսականները պետութիւնը կը հոգայ։
Մեր հարցումին թէ բոլոր Եկեղեցիները գործո՞ղ են, եւ ընդհանրապէս հայութիւնը Ռումանիոյ որ շրջաններուն մէջ կեդրոնացած է, Բարեջան Առաջնորդը մեզ տեղեկացուց, թէ Պուքրէշի մէջ կ՛ապրին շուրջ 930 հայ ընտանիք, այսինքն շուրջ 3000 Հայ։ Ամբողջ Ռումանիոյ տարածքին կան մօտ 5000 հայեր: Յարաբերաբար աւելի հայահոծ շրջաններու մէջ ամէն Կիրակի պատարագ կը կատարուի, իսկ կարգ մը ծուխերու մէջ՝ պարբերաբար։
Նոր տարին նախորդող Կիրակին մենք մեր կիրակնօրեայ աղօթքը կատարեցինք Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդանիստ Սուրբ Հրեշտակապետաց մայր եկեղեցւոյ մէջ, որ դար մը առաջ տախտակաշէն նախկին եկեղեցւոյ տեղ իր ներկայ տեսքով կառուցուած ըլլալով հանդերձ Ռումանիոյ Հայոց ամենանոր եկեղեցին կարելի է համարել համեմատած Ռումանիոյ մէջ կառուցուած դարերու հնութիւն ունեցող հայկական միւս եկեղեցիներուն հետ: Յետ պատարագին եկեղեցի յաճախող հաւատացեալներուն բարի սովորութիւնն է սուրճի գաւաթներու շուրջ հաւաքուիլ իրար հետ բաժնելու գաղութին վերաբերող լուրերը:
Մեզի համար այս հաճելի համախմբումը կրկնակի ուրախութիւն մը եղաւ երբ հոն տեսանք մեզի ծանօթ Պրն. Վարուժան Ոսկանեանը, որ Ռումանահայոց Միութեան արժանաւոր նախագահն է: Ռումանական պետութեան նախկին երեսփոխան Պրն. Ոսկանեանին հետ, որ ատենին նաեւ զբաղեցուցած է փոխ-վարչապետի եւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնները, մեր առաջին հանդիպումը եղած էր Պէյրութի մէջ 2007-ին, ուր ան կը գտնուէր պաշտօնական այցով: Յատկանշական էր մեր այդ առաջին հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ ապահովական նկատառումներով վտանգուած մեր գաղափարակից եւ գործակից այլ երեսփոխաններու հետ մեր թաքստոցին մէջ: Պրն. Ոսկանեան լաւ յիշեց այդ պայմանները եւ հետաքրքրուեցաւ Լիբանանի ներկայ կացութեամբ:
Այս հանդիպումը առիթ մը եղաւ մեզի յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու Ռումանահայ գաղութին մասին: Պարոն Ոսկանեան մեզ տեղեկացուց, թէ իր գլխաւորած միութիւնը մշակութային ըլլալով եւ ֆինանսաւորուած ըլլալով պետութեան կողմէ, իր դաշտն է մշակութային գործունէութիւնը։ Ունի հրատարակչատուն, տարեկան բազմաթիւ գիրքեր կը հրատարակէ, ռումաներէն լեզուով։ Իրմէ իմացանք, որ դժբախտաբար հայերէն կարդացող շատ քիչ երիտասարդներ կան գաղութին մէջ։ Հոս տեղին է յիշել, թէ գաղութի լեզուն պատմականօրէն արեւմտահայերէնը ըլլալով հանդերձ, ներկայիս արեւելահայերէն է վերջին շրժանին Հայաստանէն հոն ժամանած ու հաստատուած հայերու լեզուին ազդեցութեամբ: Ռումանահայ Մշակութային Միութեան ջանքերով այնտեղ կը հրատարակուին երկու ամսագիր՝ «Նոր Կեանք» եւ «Արարատ», որոնցմէ օրինակներ սիրով մեզի տրամադրեց Պարոն Ոսկանեանը: Իմացանք նաեւ, թէ Ռումանահայութիւնը նաեւ ունի համացանցային կայքէջ մը՝ araratonline:
Գաղութը ունի հայերէն լեզուի ուսուցման կիրակնօրեայ դպրոց, երկու դասարանով: Միութիւնը գրեթէ ամիսը անգամ մը կը կազմակերպէ գրական-գեղարուեստական երեկոյ եւ ունի նաեւ պարախումբ, որ մեծ դեր կը խաղայ երիտասարդութիւնը հաւաքելու իմաստով, գրեթէ տարին անգամ մը համերգ կու տայ, ինչպէս նաեւ ելոյթ կ’ունենայ զանազան առիթներով։ «Նոր Կեանք»-ը թերթատելով ուրախութեամբ նշմարեցինք, որ Ռումանահայ երիտասարդութիւնը խանդավառութեամբ կը մասնակցի վերջին տարիներուն ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած Հայ երիտասարդութիւնը հայրենիքի մէջ արձակուրդով համախմբող այնքան օգտաշատ «Արի Տուն» ամառնային ծրագրին:
Յաջորդող օրերուն մեր տիկնոջ՝ Անիին եւ հարազատներուն հետ մեր կարգին պատիւը ունեցանք մեր իջեւանած պանդոկին մէջ հիւրընկալելու Գերաշնորհ Տ. Տաթեւ Եպս. Յակոբեանն ու Պարոն Վարուժան Ոսկանեանը: Այս հաճելի փոխ-այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ աւելի եւս իրար ծանօթանալու եւ միասնաբար քննարկելու Ռումանահայութիւնն ու ընդհանրապէս Հայկական Սփիւռքը յուզող հարցեր:

Ամանորը դիմաւորելը բնական գեղեցկութեամբ հարուստ այս գեղեցիկ երկրին մէջ առիթ մը հանդիսացաւ մեզի աւելի մօտէն ծանօթանալու մշակութային եւ պատմական առումով Եւրոպայի ամենահին ու ամենէն հարուստ հայկական գաղութին:
Ռումանիոյ ինչպէս Առաքելական նաեւ Կաթողիկէ հայոց դարաւոր վանքերն ու մշակութային հարստութեամբ լեցուն եկեղեցապատկան թանգարանները եւ ընդհանրապէս Ռումանահայ գաղութի պատմութիւնը աւելի խոր ուսումնասիրելու փափաքը մեր սրտին մէջ, վերադարձանք Պէյրութ գարնան Ռումանիա դարձեալ այցելելու խոստում տալով Ռումանահայ մեր հոգեհարազատներուն:
Պէյրութ, Լիբանան