*ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ*
Հալէպի հոգետունը ինծի համար սոսկ անուն էր, բայց երբեք այդպէս չէր ծնողքիս եւ հօրեղբօրս` տոքթ. Ռոպէր Ճէպէճեանին եւ մանաւանդ` մեծ ծնողներուս համար:
Բոլորն ալ հալէպահայեր, որոնք ամուր կերպով կառչած էին իրենց արմատներուն, ինչպէս նաեւ մեծցած ու դրոշմուած էին իրենց ծննդավայրին նկարագիրով: Անոնք շատ չէին խօսեր հոգետան մասին, սակայն անոնց ներաշխարհին մէջ կային խոր եւ բազում զգացումներ` այդ կառոյցին կապուած: Անոնք տեսած էին ու ապրած կեանքի դառն փորձառութիւնները, հոգետան մէջ ու անոր ընդմէջէն: Կրնայի զգալ ցաւը, վիշտն ու արցունքը: Հոգետունը զբօսավայր չէր, այլ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայուն համար հանդիսացած էր «վերջին կայան», ուր բիւրաւոր հայ գաղթականներ սոված, հիւծած ու հիւանդ վիճակի մէջ էին. անոնք կ՛ապրէին եւ կը պատրաստուէին իրենց հոգին աւանդել անոր ցուրտ փողոցներուն մէջ…:
Հօրեղբօրս Հալէպի տան գեղանկարչական գործերու հաւաքածոներուն մէջ կար նաեւ հոգետան մէկ նկարը: Տարիներ շարունակ Հալէպ կատարած յաճախակի այցելութիւններուս ընթացքին ինծի համար հոգետունը այդ նկար էր ու քիչ մըն ալ աւելին…: Կրնայի տեսնել ու թափանցել հայուն «սեւ» ներաշխարհը այդ նոյն հոգետան փողոցներուն մէջ: Եւ այդ «սեւին» ականատես եղած էին մեծ ծնողքս եւ հօրեղբայրս, որոնք տեսած էին, թէ ինչպէ՛ս հոգետան փողոցներէն հայերու դիակները սայլի մէջ կը լեցնէին ու «կը թաղէին» հասարակաց փոսի մէջ:
Եւ հօրեղբայրս հոգետան նկարը դրած էր մէկ կողմէ հայուն «վիշտին» արտայայտութեան համար, բայց անպայմանօրէն մտածելով անոր «վերապրումին» տեսլականին մասին:
Եւ այս վերապրումը ունի իւրայատուկ պատմութիւնը մը:
Կարապետ աղա Պապլուզեան` Զէյթունի զաւակ, 1918-ին կ՛ապրէր Հալէպի մէջ: Անոր բնակարանը կը գտնուէր Համիտիէի շրջանին մէջ, եւ դրացի էր Յովհաննէս աղա Գատեմեանին: Կարապետ աղա ամէն երեկոյ տուն վերադարձին կ՛անցնէր հոգետան ետեւի կողմէն` խրամին աջ կողմը երկարող նեղ փողոցով: Ան ամէն երեկոյ կը տեսնէր հայորդիներ, որոնք հիւանդ, դժբախտ եւ յաճախ մահամերձ վիճակի մէջ համարեա նուաղած կ՛ըլլային մայթերուն վրայ…:
Սակայն այդ գիշերը Կարապետ աղային համար տարբեր եղաւ. արդարեւ, երբ ան դարձեալ կ՛անցնէր նոյն փողոցներէն, գետին պառկած տժգոյն եւ տկար մարդ մը խօսքը իրեն ուղղելով` դողդոջուն ձայնով եւ հեւալով ըսաւ. «Դուն հա՞յ ես…»:
Կարապետ Պապլոզեան կանգ առաւ: Երեւի պահ մը մտածեց, թէ «Բարի սամարացի»-ի պատմութիւնը իրական դարձաւ նաեւ իրեն համար, նաեւ մտածեց, թէ «Բարի սամարացի»-ի պատմութեան մէջի ո՞ր կերպարը պէտք էր ըլլար ինք այդ պահուն: Ղեւտացի՞ն, քահանա՞ն, թէ՞ սամարացին: Կարապետին ընտրանքը եղաւ սամարացինն կերպարի մարմնաւորումը: Ան մօտեցաւ տկար մարդուն եւ օգնեց անոր, որ ոտքի ելլէ: Բայց այդպիսով չբաւարարուեցաւ: Կարապետ զայն տարաւ իր տունը, տաք ճաշ հրամցուց եւ բաղնիքը ջերմացնելով մարդուն լոգանքի առիթ տուաւ: Անոր ցնցոտիները հանեց եւ նոր զգեստներ հագցուց: Այս բոլորը կատարուեցան լռութեան մէջ, առանց տակաւին ծանօթութեան կամ խօսակցութեան: Տկար ու յոգնած մարդը միայն կը հետեւէր Կարապետին ցուցմունքներուն: Եթէ ան այլընտրանք չունէր, ապա ինչպէ՞ս կրնար այդ բոլոր հոգատարութիւններուն «ոչ» ըսել…:
Երեւի պէտք էր հանգստանար, որպէսզի այս «սպառած օտարական»-ը քաջալերուէր ու սկսէր խօսիլ Կարապետին հետ: Իսկ խօսակցութի՞ւնը… Ո՛չ իր մասին էր, եւ ո՛չ ալ իր կրած տառապանքին ու դժբախտութիւններուն: «Օտարական»-ը հայ էր, ինչպէս բոլորը, եւ ինքն ալ նոյն ճակատագիրին ենթարկուած էր: Կարիքը չզգաց խօսելու համայն հայութեան կրած տառապանքին մասին, ան նախընտրեց «վերապրելու» մասին խօսիլ:
«Կրնայի՞ք ինծի ջութակ մը ճարել», եղաւ իր առաջին հարցումը` Կարապետ աղային ուղղուած:
Կարապետ շուարած էր, հաւանաբար սկսաւ կասկածիլ, թէ այս հիւանդ ու հիւծած «օտարականը» նաեւ հոգեկան ու մտային խախտումներ սկսած էր ունենալ: Բայց Կարապետ ի մտի պէտք էր ունենար բանաստեղծին ճշմարիտ խօսքը. «Եւ մահամերձն ալ կ՛ուզէ երկու բան, նախ կեանքը` վերջը լացող մ’իր վրան…»:
Կարապետ աղա փութաց իր դրացիին` Յովհաննէս Գատեմեանին մօտ, բերաւ անոր ջութակը ու յանձնեց «օտարական»-ին: «Օտարական»-ին ձեռքին մէջ ջութակը շատ վարժ գործիք մը թուաց: Ան շատ արագ կերպով կրցաւ լարերը շտկել եւ սկսաւ նուագել հայկական մեղեդիներ, որոնք իրարու յաջորդեցին:
Կարապետ եւ Յովհաննէս` երկուքն ալ զարմացած, հարց տուին «օտարական»-ին:
– Ի՞նչ է անունդ, բարեկա՛մ:
– Բարսեղ,- եղաւ անոր պատասխանը:
– Մականո՞ւնդ:
– Կանաչեան,- շարունակեց ան: -Ես Կոմիտաս վարդապետին հինգ աշակերտներէն մէկն եմ…:
Կարապետ եւ Յովհաննէս «օտարական»-ը տարին Ազգային առաջնորդարան: Եւ այդ օրերուն, երբ հայ ժողովուրդը կ՛ապրէր իր ամէնէն դաժան, դժուար ու ողբերգական օրերը, առաջնորդարանը կրցաւ կազմակերպել յատուկ համերգ մը Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մանկապարտէզի սրահին մէջ: Համերգները կրկնուեցան…: Ներկաները, որոնք յուզուած էին, արցունքները իրենց աչքերուն, մէկ կողմէ կ՛ապրէին հայուն կարօտը, իսկ միւս կողմէ` վերապրելու զգացումը…: Եւ այդ վերապրումի կենդանի օրինակը` Բարսեղ Կանաչեանի «չմահացած» տաղանդն էր:
Համերգներուն հասոյթը յատկացուեցաւ տաղանդաւոր երաժիշտին, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք մեկնեցաւ Փարիզ` իր երաժշտական ուսումը կատարելագործելու նպատակով:
Բարսեղ Կանաչեանի տաղանդն ու երաժշտական կեանքին մէջ արձանագրած նուաճումները դարձան ակներեւ: Հայկական ու միջազգային երաժշտական արուեստին մէջ տիրական անուն մը դառնալու կողքին, անոր «Օրօր»-ը դիւթեց եւ տակաւին յուզող արուեստի գործ մըն է, որ ցայսօր կ՛ունկնդրուի մեծ անձկութեամբ:
«Քուն եղիր բալաս…աչերդ խուփ արա…»:
«Օրօր»-ը, որ մահուան ճիրաններէն դուրս գալով` եղաւ ապրող իրականութիւն:
Բարսեղ Կանաչեան «Օրօր»-ին ընդմէջէն կրցաւ տեսնել հայ մանուկին քնանալը, անոր քնանալուն ընդմէջէն` «առողջ» մեծնալու հոլովոյթը, իսկ հայ մանուկին հասակ նետելուն ընդմէջէն Կանաչեան տեսաւ հայուն յաղթանակը` մահուան դէմ: «Հոգետուն»-ը` «…մահուան շուքի ձոր»-ը, դարձաւ ապրելու մարտահրաւէր:
1955-ին` այդ դէպքէն երեսունեօթը տարիներ ետք, Բարսեղ Կանաչեան Հալէպի մէջ դարձեալ կը հանդիպի իր «Բարի սամարացի»-ին` Կարապետ աղա Պապլուզեանին. անոնք կ՛ողջագուրուին: Պահը յուզիչ է, սակայն կը հաստատէ, որ հայը չմեռաւ, իսկ հոգետունը դարձաւ հայուն վերապրելու կռուանը եւ յատկապէս հայը հայուն հետ ու իրարմով վերապրելու առիթ ստեղծող կեդրոնը:
Հալէպի հօրեղբօրս տան «հոգետան» պատկերը…: Պատկեր մը, որուն ընդմէջէն հայը յաղթեց «մահուան», ուր «Օրօր»-ը չմահացաւ…:
«Օրօր»-ը, որ չմահացաւ…: Իսկ հայը շարունակեց ստեղծագործել ու ապրիլ: