Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Հինգշաբթի 25 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 5:օօ-ին Ս. Ծննդեան տօնին առիթով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ՝ Վարչութեան ատենապետ Միքայէլ Վայէճեանին շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան – Ժէաթաուի, Պէյրութ: 

Պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին ընկերներ Սեւակ Յակոբեան, Տոքթ. Յակոբ Փափազեան եւ Տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան ընդունուեցան Արժանապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս-Պատրիարքին կողմէ, որ Ս. Ծննդեան իր օրհնութիւնները փոխանցեց պատուիրակութեան մաղթելով, որ Ս. Ծննդեան խորհուրդը եւ Նոր Տարին բարեբեր օրեր պարգեւէ ՌԱԿ-ին եւ Հայ Ժողովուրդին ընդհանրապէս, ինչպէս նաեւ ապահովութիւն ու խաղաղութիւն Լիբանանին եւ համայն աշխարհին:

Մամլոյ Դիւան ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին