Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Հայկական Խոհանոցը` France 2-ի Յատուկ Հաղորդումով

France 2 ֆրանսական հանրային հեռուստաալիքը Դեկտեմբեր 17-ի նորութիւններու թողարկման ժամանակ հայկական խոհանոցի առանձնայատկութիւններու մասին ռեփորթաժ մը ցուցադրած է:

Nouvelles d’Armenie-ի հաղորդմամբ, ֆրանսական նկարահանող խումբը այցելած է Սեւանի ափին բնակող Մկրտչեաններու ընտանիք, որ կը պատրաստուի Ամանորին: Ընտանիքին մէջ ամէն մէկը իր յատուկ դերը ունի.

“Մենք հայկական խոհանոցի գաղտնիքները կը սորվեցնենք մեր դուստրերուն եւ հարսներուն: Անոնք կը պահպանեն աւանդոյթները, երբ մենք հեռանանք”,-ըսած է ընտանիքին մայրը:

Հաղորդման մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի մէջ իտէալական կը համարուի այն սեղանը, ուր ուտելիքներէն տեղ չկայ. տօնական ուտելիքներու պատրաստումը կը սկսի առաւօտեան կանուխ ժամերուն: Տատիկները հաց կը թխեն, իսկ տղամարդիկ խորոված կ՛ընեն:

“Երբ երիտասարդ կանայք կը պատրաստուին ամուսնանալ, անոնք պիտի սորվին 60 տարբեր բաներ ընել` սեղան դնել, ուտելիք պատրաստել, գործել եւ այլն”,-ըսած է Արթիկ Մկրտչեանը: Ըստ ռեփորթաժի հեղինակներուն, այստեղ իսկ կ՛երեւի Մերձաւոր Արեւելքին մօտ ըլլալը: Նաեւ կը նշուի, որ Հայաստանի մէջ Սուրբ Ծնունդը աւելի ուշ կը նշեն` Յունուար 5-ի երեկոյեան:

Սեղմել հետեւեալ կապին վրայ դիտելու յատուկ հաղորդումը՝

https://www.francetvinfo.fr/decouverte/noel/video-un-repas-de-fete-en-armenie_775211.html

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին