Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Ամանորը Եւ Սբ. Ծննդեան Տօնը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին Մէջ

Երեքշաբթի 23 Դեկտեմբեր, 2014ին Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարանի աշակերտները եռանդով ժամանեցին դպրոց, որովհետեւ այդ օր Ամանորի եւ Սբ. Ծննդեան զոյգ տօները պիտի նշուէին տարբեր բնոյթով: Առաւօտուն աշակերտները Սբ. Վարդանանց եկեղեցի ուղղուեցան հաղորդուելու Քրիստոսի արեամբ եւ մարմնով, որմէ ետք վերադարձան դպրոց: Կարճ զբօսանքէ մը ետք Նախ. Ա.էն մինչեւ Միջն. Գ. դասարաններու աշակերտները իրենց դաստիարակներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան    «Mc Donald’s», «ժպիտ» բարեսիրական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ , ուր զուարճալի ժամեր անցուցին խաղալով, ապա ճաշակելով իրենց նախասիրած ուտելիքները: Կէսօրը անց վերադարձան դպրոց, ուր բոլոր  դասարաններու աշակերտներուն բաշխուեցան նուէրներ տրամադրուած « Provideo» հաստատութեան, ինչպէս նաեւ՝ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ:

Նոյն օրը մանկապարտէզի աշակերտները դպրոցին մէջ տօնեցին Կաղանդը: Անոնք մանկապարտէզի դրան առջեւ երգելով ու պարելով դիմաւորեցին Կաղանդ պապան, ապա տեղի ունեցան խաղեր եւ աշակերտները ստացան  նուէրներ  տրամադրուած Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ՝ կաղանդչէք տրամադրուած վարժարանիս ծնողք՝ Տէր եւ Տիկ. Գէորգ Պորանեաններու կողմէ: Յետոյ աշակերտները ճաշակեցին «Mc Donald’s» ի համադամ ուտելիքները տրամադրուած « Ժպիտ» բարեսիրական հաստատութեան  կողմէ: Վերջապէս աշակերտները տուն վերադարձան  Կաղանդի յատուկ ձեռայիններով:

Ամանորի եւ Սբ. Ծնունդի  տօներու առիթով կը շնորհաւորենք ձեզ մաղթելով, որ Նոր Տարին ամենայն բարիք բերէ բոլոր աշխարհին եւ յատկապէս Հայոց աշխարհին:

Թղթակից

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին