ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը 12-րդ անգամ իրականացուցած է տոլարի վաճառքի աճուրդ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, տեղեկացուցած են ՀՀ Կեդրոնական դրամատան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն: Անոնք նշած են, թէ իրականացուած է 2 միլիոն ԱՄՆ տոլարի վաճառք` 451.89 ՀՀ դրամ 1 ԱՄՆ տոլարի դիմաց միջին կշռուած փոխարժէքով, սահմանային փոխարժէքը կազմած է 449.79 ՀՀ դրամ` 1 ԱՄՆ տոլարի դիմաց:
Նշենք, որ Դեկտեմբեր 8-էն ետք, երբ Կեդրոնական դրամատունը յայտարարեց տոլարի վաճառքի աճուրդներու իրականացման մասին, արդէն իսկ տեղաբաշխուած է 42 միլիոն տոլար: ԿԴ կողմէ նոր գործիքի ներդրումը նպատակ ունէր կարգաւորելու արժութային շուկային մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ հարթելու փոխարժէքի տատանումները: Դեկտեմբեր 8-ին յայտարարուած աճուրդի առաջին շաբթուան ընթացքին օրական վաճառքի կը հանուի 6 միլիոն տոլար, երկրորդ շաբթուան սկիզբը` Դեկտեբեր 15-էն, ԿԴ նուազեցուցած է առաջարկուող տոլարի ծաւալը մինչեւ 4 միլիոն, իսկ այս շաբաթ արդէն աճուրդին մէջ յառաջարուած է 2 միլիոն տոլար:
www.armenpress.am