Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան եւ գործակցութեամբ Solidere-ի , Beirut Souks-ի , եւ Credit Bank-ի՝ «ԱՐԱՄԷ» Արուեստի Տունը Պէյրութի մէջ Beirut Souks-ի Ոսկերիչներու Շուկայի ցուցասրահին մէջ Հինգշաբթի 11 Յունուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, 4-րդ յաջորդական տարին ըլլալով բացումը կատարեց իր կազմակերպած “Beauty in the Palm” Հայրենի Արուեստագէտներու Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէսին:
Նոր տարուայ սեմին, տեղի ունեցող “Beauty in the Palm” ցուցահանդէսը, այս տարուայ արուեստի աշխարհի բացառիկ իրադարձութիւններէն մին է, որ ի մի բերած է արուեստի բարձրարժէք կտորներ, ստեղծագործութիւները՝ հայրենի դասական եւ ժամանակակից գեղանկարիչներու: Ցուցադրուած են Գարզուի, Ռուբէն Աբովեանի, Սամ Զումեանի, Արթիւր Յովհաննէսեանի, Աւետիս Խաչերեանի, Մարադ Մարգարեանի, Կապոյի, Արմէն Գէորգեանի, Սարգիս Համալպաշեանի, Տարօն Մուրատեանի եւ այլ արուեստագէտներու գործերը:
«ԱՐԱՄԷ» Արուեստի Տան ցուցահանդէսները, ինչպէս ամէն տեղ, նաեւ Լիբանանի մէջ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ եւ փնտռ ուած է լիբանանցի արուեստասէր հանրութեան եւ արուեստի գործեր հաւաքող անհատներու կողմէ :
Նշենք թէ, «ԱՐԱՄԷ» Արուեստի Տունը Երեւանի մէջ հիմնուած է Դոկտ. Արամ Սարգիսեանի կողմէ 2003 թուականին: Պէյրութի «ԱՐԱՄԷ» Արուեստի Տունը կը գործէ 2010-էն ի վեր զորս կը տնօրինէ Միքայէլ Վայէճեանը:
Աւարտին, նշենք թէ “Beauty in the Palm” ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2014 առաւօտեան ժամը 10-էն երեկոյեան ժամը 10: