Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

«ԱՐԱՄԷ» Արուեստի Տան՝ «Beauty in the Palm» (Գեղեցութիւն Ափին Մէջ) Հայրենի Արուեստագէտներու Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէսի Բացումը Beirut Souks-ի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան եւ գործակցութեամբ Solidere-ի , Beirut Souks-ի ,  եւ Credit Bank-ի՝ «ԱՐԱՄԷ» Արուեստի Տունը Պէյրութի մէջ Beirut Souks-ի Ոսկերիչներու Շուկայի ցուցասրահին մէջ Հինգշաբթի 11 Յունուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, 4-րդ յաջորդական տարին ըլլալով բացումը կատարեց իր կազմակերպած “Beauty in the Palm” Հայրենի Արուեստագէտներու Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէսին:Arame expo 2

Նոր տարուայ սեմին, տեղի ունեցող “Beauty in the Palm” ցուցահանդէսը,  այս տարուայ արուեստի աշխարհի բացառիկ իրադարձութիւններէն մին է, որ ի մի բերած է արուեստի բարձրարժէք կտորներ, ստեղծագործութիւները՝ հայրենի դասական եւ ժամանակակից գեղանկարիչներու: Ցուցադրուած են Գարզուի, Ռուբէն Աբովեանի, Սամ Զումեանի, Արթիւր Յովհաննէսեանի, Աւետիս Խաչերեանի, Մարադ Մարգարեանի, Կապոյի, Արմէն Գէորգեանի, Սարգիս Համալպաշեանի, Տարօն Մուրատեանի եւ այլ արուեստագէտներու գործերը:

«ԱՐԱՄԷ» Արուեստի Տան ցուցահանդէսները, ինչպէս ամէն տեղ, նաեւ Լիբանանի մէջ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ եւ փնտռ ուած է լիբանանցի արուեստասէր հանրութեան եւ արուեստի գործեր հաւաքող անհատներու կողմէ :

Նշենք թէ, «ԱՐԱՄԷ» Արուեստի Տունը Երեւանի մէջ  հիմնուած է Դոկտ. Արամ Սարգիսեանի կողմէ 2003 թուականին: Պէյրութի  «ԱՐԱՄԷ» Արուեստի Տունը կը գործէ 2010-էն ի վեր զորս կը տնօրինէ Միքայէլ Վայէճեանը:

Աւարտին, նշենք թէ “Beauty in the Palm” ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2014 առաւօտեան ժամը 10-էն երեկոյեան ժամը 10:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին