Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ Պէյրութի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան՝ Բաց Դռներու Օր

Բաց դռներու օրը երիտասարդ ծնողներուն համար բացառիկ հնարաւորութիւն եղաւ հանդիպելու մանկապարտէզի բոլոր բաժիններու դասատուներուն, ծանօթանալու ուսումնական ծրագրերուն եւ դասաւանդումի ձեւերուն, փոքրիկներուն հետ մասնակցելու գործնական դասապահերուն, հարց ու փորձի միջոցով լուսաբանելու տարաբնոյթ մանրամասներ… վերջապէս, բաց դռներու օրը առիթ եղաւ բացայայտելու այն աշխոյժ, ջերմ ու տաքուկ մթնոլորտը, որ կը տիրէ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի մանկապարտէզէն ներս:

Երեխաները հրաշալի ելոյթով հանդէս եկան  դպրոցի սրահին մէջ: Երկու ամսուան ընթացքին անոնք հասած էին բազում երգեր սորվիլ ու իւրացնել: Ծնողք եւ ուսուցիչներ գերագոյն հաճոյք ստացան մանկական շուրթերէն լսելով հայ երգը…: Եւ ոչ միայն: Մեր փոքրիկները հայկական մանկական երգերէն բացի արաբերէն ու անգլերէն ալ երգեցին: Դաշնամուրի մօտ Տիկ. Նորա Եղիայեանն էր, իսկ մեր երեխաները արդէն վարժ են անոր ընկերակցութեան:

DSC05842

Փոքրիկները ներկայացուցին նաեւ արաբական ժողովրդական պար մը եւ բարձր տրամադրութեամբ շնչող սրահը սրտանց ծափահարեց իր նորագոյն սերունդին:

DSC05911

Բաց դռներու օրը հրաշալի առիթ էր ծանօթանալու թէ» երեխաներու դպրոցական առօրեային, թէ անոնց գործունէութեան: Ընթացքին նոր ծանօթութիւններ հաստատուեցան նաեւ ծնողներու միջեւ, երեւոյթ մը, որ իր բազմաթիւ դրական կողմերը ունի: Դպրոց ծնողք ամուր կապը կը նպաստէ որակեալ  համագործակցութեան եւ անկէ բխող  արտակարգ արդիւնաւէտութեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին