«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինը, հինգշաբթի 4 դեկտեմբեր 2014-ին, կազմակերպեց իր տարեկան դրամահաւաք-ռատիոթոնը, որուն ընթացքին համայն լիբանանահայութեան ջանքերով հանգանակուեցաւ 77.500 եօթանասուն եօթ հազար հինգ հարիւր ամերիկեան տոլար` ի նպաստ Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման:
Միջին Արեւելքի ամբողջ շրջանին ապրած ապահովական, քաղաքական, տնտեսական, եւ ընկերային ոչ նպաստաւոր այս պայմաններով հանդերձ, լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, որ համահայկական կարեւոր նշանակութիւն ներկայացնող հարցերուն նկատմամբ միշտ կը մնայ յանձնառու եւ իր ազգային բարձր գիտակցութեամբ կը յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւնները:
Մարմինս մեծապէս կը գնահատէ դրամահաւաքին մասնակցած բոլոր հայորդիները եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար:
Բոլորին վարձքը կատար:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» Համահայկական Հիմնադրամի
Լիբանանի Գործադիր Մարմին