Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

ԳՈՀԱՐ Համոյթի Սաները Յատուկ Ելոյթ Կ՚ունենան Պէյրութի Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Աշակերտներուն Համար

Սփիւռքի մէջ գործող իւրաքանչիւր հայ վարժարան, իր կրթական առաքելութեան կողքին, ունի նաեւ ազգային վեհ առաքելութիւն մը՝ հայ մշակոյթը պահպանել եւ զայն սերունդէ սերունդ փոխանցել: Այս տեսլանակին հաւատացող ու արդարօրէն իր ներդրումը բերող Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոն Վարժարանը, միշտ փայփայած ըլլալով աշակերտներուն եւ հայրենի արուեստագէտներուն միջեւ կամրջում մը ստեղծելու գաղափարը, հրաւիրեց ԳՈՀԱՐ երաժշտանոցի ներկայ եւ  շրջանաւարտ սաները, որոնք Լիբանան կը գտնուէին երաժշտանոցի ընդհանուր տեսուչ եւ ԳՈՀԱՐ համոյթի վաստակաշատ խմբավար եւ գեղարուեստական ղեկավար մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեանին նուիրուած յիշատակի հանդիսութեան համար:

Արդարեւ, ընդառաջելով վարժարանիս տնօրէնութեան հրաւէրին, Երկուշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2014-ին, ԳՈՀԱՐ երաժշտանոցի սաները «Պետողլեան» սրահին մէջ յատուկ ելոյթ ունեցան, ի ներկայութեան վարժարանիս աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին: Յայտագիրը կ՚ընդգրկէր «Սիրելի Ուսուցիչ», «Իմ Մայրիկ», «Հայերէն», «Կոմիտասեան Շարան», «Եկեղեցին Հայկական», «Հայր Իմ» եւ այլ երգեր:

ԳՈՀԱՐ համոյթի խամբավար ու գեղարուեստական ղեկավար երաժիշտ Սեպուհ Աբգարեանի յիշատակին առիթով պատրաստուած այս հանդիսութիւնը, երաժշտանոցի սաներուն կենդանի կատարողութեամբ, շատ գեղեցիկ առիթ մը հանդիսացաւ մեր աշակերտներուն` ունկնդրելու եւ վայելելու անոնց սքանչելի տաղանդները:

Շնորհակալութիւն Խաչատուրեան ընտանիքին, որ ԳՈՀԱՐ համոյթին միջոցով բարձր պատուանդանի վրայ կը պահէ հայերէն հին ու նոր երգերու անզուգական գանձը, եւ զանոնք կը հրամցնէ երաժշտասէր հանրութեան: Թող մայեսթրօ Աբգարեանին հոգին լոյսի մէջ հանգչի եւ հպարտանքով սաւառնի, ի տես իր սաներուն փայլուն կատարողութեան եւ արձանագրած յաջողութեան: ԳՈՀԱՐ համոյթին կը մաղթենք յարատեւ վերելք եւ նորանոր նուաճումներ:

 ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին