Կիրակի, 30 Նոյեմբեր 2014-ի կ.ա. ժամը 11:00-ին, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ԹՄՄ Տեղական Վարչութեան, Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի «Գերսամ Ահարոնեան» սրահին մէջ կայացաւ լիբանանահայ չորս մտաւորականներու, գրական չորս անուանի գործիչներու` Անդրանիկ Ծառուկեանի, Սիմոն Սիմոնեանի, Մուշեղ Իշխանի եւ Օննիկ Սարգիսեանի 100-ամեայ յոբելեաններուն նուիրուած ձեռնարկ:
Յոբելենական ձեռնարկին ներկայ էին ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ` ընկեր Յակոբ Գասարճեան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ` ընկեր Միքայէլ Վայէճեան եւ կուսակցական ու միութենական պատասխանատու ընկերներ:
Մշակութասէր ընտրանիի մը ներկայութեան, յոբելեարներու կեանքին եւ գործունէութեան անդրադարձան ԹՄՄ Տեղական Վարչութեան ատենապետ` Անի Թորանեան, բանաստեղծ, հրապարակագիր` Սարգիս Կիրակոսեան, «Ծաղիկ» պարբերականի խմբագիր` Յակոբ Տիւնիայեան եւ գրող, հրապարակագիր` Թորոս Թորանեան:
Ձեռնարկի ընթացքին կատարուեցան ընտրուած ընթերցումներ: Մեներգով հանդէս եկաւ Նժդեհ Պոտրումեան եւ Կոմիտասեան «Գարուն ա»-ն հնչեցուցին Օննիկ Սարգիսեանի զոյգ թոռնուհիները` Կարին եւ Նուշիկ Գալուստեանները` սրինգով եւ ջութակով: