Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Հայ Խաղաղապահները Լիբանան Մեկնած են. ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Մասնակցած է Ճանապարհելու Արարողութեան

Երէկ` 26 Նոյեմբեր 2014-ի երեկոյեան Իտալիոյ ռազմաօդային ուժերու օդանաւով Լիբանան մեկնած է եւ արդէն տեղակայման վայր հասած հայ խաղաղապահներու 32 հոգիէ բաղկացած ստորաբաժանումը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Հայկական խաղաղապահ ստորաբաժանումը իտալական զօրախումբի կազմին հետ պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի հովանիին տակ իրականացուող “Լիբանանի մէջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ժամանակաւոր ուժեր” (ԻՒՆԻՖԻԼ) առաքելութեան եւ պիտի իրականացնէ ՄԱԿ-ի զինաւանի անվտանգութեան ապահովումը:

Հայկական խաղաղապահ ստորաբաժանման Լիբանան ճանապարհման արարողութեան մասնակցած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանն ու Հայաստանի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճիովաննի Ռիչուլին:

Հայ խաղաղապահները 2004 թուականէն ընդգրկուած են միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մէջ եւ ներկայիս առաքելութիւն կ’իրականացնեն եւս երկու երկրի մէջ` Աֆղանիստանի եւ Քոսովոյի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին