15 Նոյեմբեր, 2014-ի երեկոյեան, Նիկոսիոյ Սթրովոլոսի քաղաքապետարանի ընդարձակ դահլիճը ծայրէ ծայր լեցուն էր հայ արուեստասէր հասարակութեամբ….Նման հոծ ներկայութիւնը ինքնին վառ ապացոյցն է այն խոր սիրոյն ու կարօտին, զորս կիպրահայութիւնը կը տածէ հայ երգ ու արուեստին եւ անոնց ընդմէջէն՝ հայոց հայրենիքին նկատմամբ….
Երեկոն կազմակերպուած էր Պետական Ներկայացուցիչի Գրասենեակին կողմէ եւ կը վայելէր ներկայութիւնը՝ Սթրովոլոսի քաղաքապետին, Տէր եւ Տիկ. Վարդգէս Մահտեսեաններու, ազգային, երեսփոխանական, վարչական, կրթական, մշակութային Մարմիններու ներկայացուցիչներու, մամլոյ խմբագիրներու եւ հոծ բազմութեան մը:
Բացման եւ բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Պետական Ներկայացուցիչ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեան, որ անգամ մը եւս շեշտեց, որ տարեկան այս համերգները, կատարողութեամբ հայրենի երգիչ-երգչուհիներու, կիպրահայութեան կը բերեն հայ մշակոյթի շունչն ու ոգին, պահ մը զայն փոխադրելով հայրենի աշխարհ, առօրեայ հոգերէն եւ խնդիրներէն վեր: Ջերմ խօսքերով ան ներկայացուց տաղանդաւոր արուեստագէտներ՝ Ինգա եւ Անուշ Արշակեանները, որոնք իրենց կատարումներով դարձեր էին հայ երգի դեսպանները համայն աշխարհի մէջ: Արդարեւ, 2009-ին՝ անոնք Հայաստանը ներկայացուցեր էին Եւրատեսիլի մրցանքին, որ տեղի ունեցած էր Մոսկուայի մէջ «Նոր Պար» երգով: Նմանապէս, անոնք արժանացեր էին բազմաթիւ կոչումներու եւ մրցանակներու: 2014 թուականին, անոնց շնորհուած էր ՀՀ «Վաստակաւոր արտիստներ» կոչումը՝ ՀՀ Նախագահին կողմէ: Պրն Մահտեսեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց պատկան մարմիններուն եւ հաստատութեանց, որոնց նիւթական ներդրումով կարելի էր եղած իրականացնել համերգը:
«Սիփան» Պարախումբի՝ հայկական պարի խրոխտ ու միաժամանակ հեզաճկուն կատարումով սկիզբ առաւ Երեկոն, ստեղծելով հայկական իւրայատուկ մթնոլորտ, որ իր մագնիսացնող ոլորտին մէջ առաւ ներկաները անմիջապէս: Այնուհետեւ, Ինգա եւ Անուշ Արշակեանները յաջորդաբար հրամցուցին ներկաներուն հայկական ժողովրդական սիրուած երգեր, ինքնատիպ ոճով, սրտաբուխ արտայայտչականութեամբ եւ հոգեթով կատարումով, զանոնք տառացիօրէն փոխադրելով հայրենի աշխարհ, հաղորդակից՝ անոր ջուրերու կարկաչին, հայրենի օդի զուլալ մաքրութեան, հողի ամրութեան ու խորհուրդին, նախնեաց շունչին ու ոգիին հետ….
Ուշագրաւ էր յատկապէս երկու արուեստագէտ քոյրերու՝ զիրար լրացնող անթերի ներդաշնակութիւնը, ինչ կը վերաբերի ձայնի, դէմքի արտայայտութեան, պարային շարժուձեւի, զգեստի եւ այլ բեմական տուեալներու, ինչ որ ելեկտրական դաշտի մէջ պահեց հանդիսականներու համակ ուշադրութիւնը՝ համերգի ամբողջ տեւողութեան:
Յայտագրի առաջին մասին մէջ, ներկաները յատկապէս յուզեցին՝ Կոմիտասի «Ես Սարէն Կու Գայի, Դուն Դուռդ Բացիր» սրտագրաւ երգը, ժողովրդական յայտնի «Սարերի Հովին Մեռնեմ»ը, «Ցանկամ Տեսնել Զիմ Կիլիկիա»ն, «Արարատ»ը, «Թամզարա»ն, «Իմ Անունը Հայաստան է»ն…, որոնք սիրոյ, կարօտի, հայրենասիրութեան վառ ապրումներով տոգորեցին ունկնդիրները, խանդավառելով, ոգեշնչելով, վեհացնելով սիրտերն ու հոգիները….
Սասնայ «Եարխուշտա» պարի ոգեպինդ ու ոգեպնդող կատարումը՝ «Սիփան» պարախումբին, մեկնարկը տուաւ յայտագրի երկրորդ մասին, ուր իւրայատուկ հմայք ստեղծեցին յատկապէս՝ «Այսօր Տօն Է», «Խիոյ Խանէ», «Եայլաւոր Եար», «Հայ Հայ», «Հայաստան Աշխարհ» եւ «Մենք Ենք Մեր Սարերը» հոգեյոյզ երգերը, իսկ Ազնաւուրի «Մաման» երգի սքանչելի եւ խորապէս յուզիչ կատարումը արցունք խլեց ներկաներէն…: Կ’արժէ յատկապէս նշել որ Արշակեան քոյրերը, իւրաքանչիւր կատարումէն առաջ, իրենց ջերմագին խօսքով բացատրութիւնը կու տային տուեալ երգին եւ այլապէս ալ՝ իրենց անմիջական հաղորդականութեամբ, տեւաբար վառ ու կենդանի կը պահէին բեմ-հանդիսատես կապը….
Հայ երգը ամէնէն հարազատ հայելին է հայ հոգիին, անոր խռովքներուն եւ յոյզերուն, իղձերուն եւ երազներուն, ցաւերուն եւ խինդերուն: Հայ երգը կը միաւորէ սիրտերը միասնական ապրումի մէջ, կը թեւաւորէ հոգին, կը վեհացնէ ու կը հայացնէ մեզ….Ահա այս զգացում-յոյզերը խորապրեցան ներկաները այս հոգեպարար համերգին ընթացքին, որպէս հայրենեաց սիրոյ եւ կարօտի հեւք, որպէս հայ ինքնութեան եւ հայ հոգիի անխարդախ էութիւն ու ցոլանք, որպէս գեղարուեստական բարձր վայելք ու հոգեւոր խրախճանք… Համերգ՝ որ դեռ երկա՛ր պիտի ապրի մեր յիշողութեան մէջ եւ պիտի ապրեցնէ մեզ….Վարձքը կատա՛ր՝ կազմակերպողներուն եւ բոլոր մասնակիցներուն:
www.azadkhosk.com