Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Իրանական Կողմը Հայաստանի Մէջ Ջրաելեկտրակայանի Պիտի Կառուցէ

Իրանն ու Հայաստանը համաձայնագիր կնքած են հայկական տարածքի վրայ ջրաելեկտրակայանի կառուցման վերաբերեալ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես”-ը, այս մասին յայտարարութիւն ըրած է Իրանի ուժանիւթի նախարար Համիտ Չիտչիանը: «Ստորագրուած է համաձանագիր` Հայաստանի մէջ ջրաելեկտրակայան կառուցելու վերաբերեալ, եւ այդ երկրին մէջ իրանական կազմակերպութիւնները շուտով պիտի սկսին աշխատանքները”,- յայտարարած է Իրանի ուժանիւթի նախարարը:

Ան կարեւոր համարած է ջրային աղբիւրներու օգտագործումը: Համիտ Չիտչիանը խօսած է նաեւ տարբեր երկիրներու մէջ իրանական կազմակերպութիւններու ծաւալած բուռն գործունէութեան մասին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին