*ՍԻՊԻԼԱ ՄԱԼԵԱՆ – ՓԱՉԱՆԵԱՆ*
Համաշխարհայնացման անմիջական յառաջխաղացքին ոլորտներուն ընդմէջէն , գիւտարուեստական եւ արհեստագիտական զանազան յառաջդիմութիւններու լոյսին տակ դաստիարակչական ու կրթական մարզերը ամէնօրեայ փոփոխութիւններ ու նորութիւններ կ’արձանագրեն : Մինչ Լիբանանեան ուսումնական ծրագիրը տասնամեակներէ ի վեր ոչ մէկ փոփոխութեան ենթարկուած է, եւ ոչ մէկ բարեկարգում արձանագրուած է անոր հնամեայ ծրագիրներու էջերուն վրայ, իսկ Լիբանանահայ վարժարաններու ծրագիրներու պարագան նոյնքան եւ աւելի ցաւալի է: Լիբանանահայ աշակերտը բեռնաւորուած դասերու ծաւալին տակ ՝չորս լեզուներու ծանրակշիռ եւ հնաբոյր նախագծային ծրագիրներուն տակ կքած, քայլ կը պահէ համաշխարհային նորագոյն հրաշքներուն:
Լիբանանեան ծրագիրը իր ակադեմական ծրագրով հիմնուած մանուկին յիշողութեան կարողութիւններուն վրայ պատրաստուած է մի միայն բարձր տրամաբանութիւն եւ հմուտ յիշողութիւն ունեցող աշակերտներուն համար: Մինչ արհեստավարժական եւ այլ թեքնիք ուսումնական ծրագիրները սահմանափակ մարզերով ծանօթ է ընկերութեան մէջ եւ դժբախտաբար ընկերութեան հասարակութեան մօտ թերգնահատուած է այդ վկայականները:
Ծնողքը այս բոլորին մէջ, իր կարգին յաւելեալ ճնշում բանեցնելով կը ջանայ իր զաւակը ակադեմական բարձրագոյն ուսման ճանապարհին վրայ առաքել զինք դէպի փայլուն ապագայի լոյսի հորիզոնները:Լիբանանահայ ծնողքը եւ Հայ դպրոցը սփիւռքի մէջ իր գոյատեւման մղձաւանջէն մղուած կը ջանայ ի գին ամէն բանի պատրաստել վահանակիր սերունդ մը որ ամուր պիտի կառչի բազմաթիրախ մարտահրաւէրներու ՝ Լիբանանեան ընկերութեան եւ լիբանանահայ փոքր սփիւռքի մարտակոչերուն:
Հուսկ, այսօր, Լիբանանահայ վարժարաններէն ներս ուսման ծրագիրները եւ ակադեմական դասերու նախագծերը վերատեսութեան ենթարկուելու են, սկսելով Հայոց Պատմութեան միացեալ գիրքի մը ուսումնասիրուած գիրքով մը ուր ոչ միայն մեր նոր սերունդին փոխանցուելու են մեր Պատմութեան ոսկեդարն ու թագաւորութիւններու շրջանները ,Օսմանեան տիրապետութեան եւ յետ ցեղասպանութեան շրջանները այլ եւ հիմնականին 100 ամեայ սփիւռքի պատմութիւնն ու մաքառումները ներկայ սերունդը եւ 100 ամեայ սփիւռքէն ծնունդ առած սերունդները իրազեկ դառնալու են անոր ծալքերուն որովհետեւ գոյատեւման մարտակոչին կառչած մնալու համոզիչ տուեալները շեշտուած ըլլալու են մատեաններու մէջ ուր լիբանանեան տագնապահար քաղաքականութիւնը տասնամեակներ շարունակ հրկիզած էր անոր էջերը:
Քաղաքակրթութիւններ եւ ժողովուրդներ կը գոյատեւեն իրենց հնագոյն անցեալով ,մօտիկ անցեալով եւ կառչելով իրենց հաւատալիքներուն կը կերտեն իրենց ապագան եթէ մնանք մեր ողբերգութիւններու ովկեանոսին մէջ եւ յառաջիկայ 100 ամեակներու համար չապրինք մեր Ներկան իր բոլոր արժէքներով եւ դառնութիւններով ինչո՞ւ քարոզենք գոյատեւում եւ պայքար ….:
Չմոռնանք ,Ցեղասպանութեան յիշատակի 100 ամեակը նաեւ սփիւռքահայութեան ծննդեան 100 ամեակն է…