*ՊԵՏԻԿ ԹՈՐՈՍԵԱՆ*
Նոյեմբեր ամսուն մէջ կայացող կարեւոր միջոցառումներէն մին կարելի է նկատել Պէյրութի Միջազգային Մարաթոնը, որ մի քանի տարիներէ ի վեր դարձած է Լիբանանեան մարզական աւանդութիւն մը եւ կը նկատուի Լիբանանեան մարզական կեանքի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն ստացած մրցումներէն մին: Այս մարզական միջոցառումը կը միտի տարածել միասնականութեան գաղափարը Լիբանանցիներուն մօտ ի շահ ամբողջական հայրենիքի: Մեկնելով այս վեհ նպատակէն, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի միաւորներ, այս տարի ալ աւելի մեծ թիւով իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի 9 Նոյեմբեր 2014-ին, կազմակերպութեամբ Պէյրութ-Մարաթոն Ընկերակցութեան: Հակառակ երկրին մէջ տիրող քաղաքական տագնապներուն, սոյն մարաթոնին մասնակցեցան աւելի քան 37000 Լիբանանցի եւ ոչ Լիբանանցի վազողներ:
Այս տարի Մարաթոնի նախապատրաստական աշխատանքներուն իբրեւ մասնակիցներ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի կամաւորական խմբակները գործի լծուած էին: Արդարեւ, Կիրակի առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան Կեդրոնը եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Զապէլ Մովսէսեան Կեդրոնը հանդիսացան ժամադրավայրը մեծ թիւով ՀԵԸ-ի Համալսարանականներուն, Անդրանիկ-Անթիլիասի եւ Անդրանիկ-Սեւանի սկաուտական կազմերու կամաւոր խումբերուն, ինչպէս նաեւ ՀԲԸ Միութեան Տեմիրճեան Կեդրոնի «Summer Camp»-ի անդամներուն, որոնք ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի պատասխանատուներ՝ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Պրն. Վիգէն Չերչեանի, եւ Տեարք Վաչէ Աւետիքեանի ու Արա Տագէսեանի ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի վարիչ տնօրէնուհի Անիթա Լիպիարի գլխաւորութեամբ, ուղղուեցան դէպի վազքուղիի վրայ նախապէս որոշուած իրենց դիրքերը: Կազմակերպչական բաժնի մեր կամաւորական խումբերու կողքին, Պէյրութ-Մարաթոնի 5K եւ 10K մրցավազքին մասնակցեցան նաեւ ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններու զանազան դասարաններու աշակերտները եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով միութենականներ, ծնողներ եւ համակիրներ, վեր պահելով «Ուսումը Բոլորին Համար» «Education For All» նշանաբանը:
Մարաթոնը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 6:30-ին ներկայութեամբ պետական անձնաւորութիւններու եւ մարզական պատասխանատուներու: Հաւաքական աշխատանքի եւ խանդավառ մթնոլորտին մէջ, ՀԵԸ-ի պարտաճանաչ Համալսարանականները եւ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան Կեդրոնի «Summer Camp»-ի ժրաջան անդամները ստանձնեցին ջուրի եւ այլ մթերքներու մատակարարման պարտականութիւնը 42K վազքուղիին վրայ, որ կը գտնուէր Սէն Ժոզէֆ Հիւանդանոցին մօտ, Տորա: Միւս կողմէ մեր տիպար սկաուտներն ու արենուշները, անոնց հետ ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի պատասխանատուները ոչ միայն հսկեցին 42K վազողներուն ապահովութիւնը այլ նաեւ ստանձնեցին մետալներու տուչութեան աշխատանքը, յաղթական հանդիսացողներուն:
Այս ձեւով մեր զոյգ միութիւնները նպաստեցին համայնքային ծառայութեան ու տարածեցին համերաշխութեան եւ խաղաղութեան նպատակները երիտասարդ տարրերուն միջոցով: Վարձքը կատար բոլոր մասնակիցներուն եւ կազմակերպիչներուն, որոնք բնաւ ճիգ չէին խնայած յաջողեցնելու այս տարուան մարաթոնը, յուսալով որ յաջորդ տարի աւելի մեծ յաջողութեամբ կըպսակուի 2015-իՄարաթոնը: