Կիրակի, 30. 06. 2024

spot_img

ՌԱԿ-ի Երախտաւորներ՝ Ճիմ Չանգալեան

*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*

Ara Aharonian

Չանգալեան ծնած է Տիգրանակերտ: Մանուկ հասակին, ծնողներուն հետ կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներ: Շրջանաւարտ կ’ըլլայ ամերիկեան երկրորդական վարժարանէ մը, ապա կը մտնէ զինուորական հիմնարկ՝ դառնալու համար սպայ ամերիկեան բանակի: 1898-ին կը մասնակցի ամերիկեան եւ սպանական պատերազմին: Իր ցուցաբերած քաջագործութիւններուն համար, կը պարգեւատրուի ու կը դառնայ ամերիկեան բանակի հարիւրապետ:

Ազգային ազատագրական ճանապարհին, հայկական կուսակցութիւններու գործունէութիւնը, անկասկած, իր արձագանգները ձգած էր ամերիկահայ գաղութէն ներս, եւ Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան գտած ժողովրդականութիւնը, անտարակոյս, եղած էր Չանգալեանի մէջ հետաքրքրութիւն արթնցնողն ու զինք անդամակցութեան մղողը այդ կազմակերպութեան:

Չանգալեան, արդէն յաջողած զինուորական մը ամերիկեան բանակին մէջ, յայտնի դէմք կը դառնայ նաեւ Նիւ Եորքի հայ ազգային հասարակական կեանքէն ներս: Հարիւրապետի պաշտօնը ձգելէ ետք, իրեն կ’առաջարկուի, ամերիկեան «Փաուըրզ» ընկերութեան մէջ, կարեւոր պաշտօն մը: Չանգալեան ձեռնհասօրէն կը վարէ իր ստանձնած պաշտօնը, որ իրեն կ’ապահովէ հանգստաւէտ կեանք մը:

1915-ին Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, գործակցելով Միացեալ Նահանգներու Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութեան Շրջանային Վարչութեան հետ, կ’որոշէ յատուկ առաքելութեամբ մը, նախ՝ Կովկաս եւ ապա՝ Վան ուղարկել Ճիմ Չանգալեանը: Չանգալեան ուրախութեամբ կ’ընդունի առաջարկը, լքելով իր բարձր պաշտօնն ու հանգստաւէտ պայմանները:

Իր հետ առնելով խումբ մը փորձառու կամաւորներ, որոնք եկած էին Արեւմտահայաստանէն, որոշուած ժամկէտին կը հասնի Վան, ուր զինք կը դիմաւորէ, յաջող հերոսամարտի քաջարի ղեկավար՝ Արմենակ Եկարեանը:

Խորհրդակցելէ ետք Եկարեանի հետ, Չանգալեան՝ բանակային իր հարուստ փորձառութիւնը ի սպաս կը դնէ Վանի հերոսածին հայութեան պայքարին ու կը դառնայ Եկարեանի խորհրդատուն եւ անմիջական գործակիցը Երկրապահ Գունդի կազմութեան մէջ:

Իր պարտականութիւնը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ, Չանգալեան ճամբայ կ’ելլէ դէպի Կովկաս, ուր մտադրած էր միանալ Զօրավար Անդրանիկի ուժերուն:

1917-ին Չանգալեան կը վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ, լիովին կատարած իրեն վստահուած առաքելութիւնը: Բայց հազիւ տեղաւորուած, կ’իմանայ Հայկական Լեգէոնի կազմութեան ծրագիրը: Կը նախատեսուէր, որ ֆրանսական կառավարութեան եւ բանակին կողմէ կատարուած յատուկ կարգադրութիւններու շնորհիւ, այդ լեգէոնը մեկնէր Պաղեստինի ռազմաճակատ՝ կռուելու Դաշնակիցներու (Ֆրանսա, Անգլիա եւ Ռուսիա) կողքին, ընդդէմ գերմանական եւ թրքական դաշինքի զօրքերուն:

armenian+legion
Ամերիկեան գաղութին եւ հայ կուսակցութիւններուն անվերապահ յարգանքը եւ գնահատանքը վայելող Չանգալեան, կը նշանակուի ղեկավար ամերիկահայ կամաւորներէ բաղկացած այն ջոկատին, որ պիտի միանար Հայկական Լեգէոնին:

Հայ քաջամարտիկներուն գլխաւոր երազն էր, ինքնավար Հայաստանի մը կազմութիւնը ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ, իրենց ընծայաբերելիք արեան գնով: Եգիպտոսի մէջ կազմուած Հայ Ազգային Միութիւնը եւ Հայ Ազգային Պատուիրակութիւնը, նման խոստում մը ապահոված էին ֆրանսական իշխանութիւններէն:

Հայկական կամ Արեւելեան Լեգէոնին կորիզը կը կազմէին Եգիպտոսի Փորթ Սաիտ ծովափնեայ քաղաքը ապաստան գտած Մուսա Տաղցիները:

Չանգալեան, 1917-ին Յուլիս 9-ին, իր գլխաւորած կամաւորներով, կը նստի ֆրանսական նաւ մը ու կ’ուղղուի Մարսէյ: Ապա, կ’անցնի Փորթ Սաիտ, կը միանայ լեգէոնական կորիզին եւ միասին կը մեկնին Կիպրոս, ուր կը կեդրոնացուէին աշխարհի բոլոր կողմերէն Արեւելեան Լեգէոնին միանալ փափաքող կամաւորներ՝ մարզուելու նպատակով:

Chankalian Egypt

Մարզուած ջոկատները, Կիպրոսի մէջ կը բաժնուին երեք վաշտերու:

Դաշնակից պետութիւններու միջինարեւելեան ճակատին վրայ գործող միացեալ ուժերու ընդհանուր ղեկավար՝ Զօր. Ալլենպիի հրահանգով, հայ կամաւորները 14 Սեպտեմբեր 1918-ին կը փոխադրուին Պաղեստին, ուր հինգ օր ետք յարձակումի կ’անցնին թուրք եւ գերմանացի ուժերու դէմ՝ Արարայի մէջ:

Ռազմաճակատի առաջին գիծը, Միջերկրականէն մինչեւ Յորդանան գետ, Չանգալեանի գլխաւորութեամբ, կը գրաւուի ամերիկահայ կամաւորներէ բաղկացած ջոկատներէ, եւ նուազագոյն զոհեր տալով, կը կերտեն Արարայի փառահեղ յաղթանակը:

1918-ի Նոյեմբերին, վերջ կը գտնէ Համաշխարհային Ա. Պատերազմը: Հայ  կամաւորները Պաղեստինի ճակատէն կը փոխադրուին Պէյրութ, ուրկէ խումբ առ խումբ, անգլիական նաւերով եւ Ալեքսանտրէթի վրայով, կ’անցնին Լեռնային ու դաշտային Կիլիկիա: Լեգէոնականները Ատանայի մէջ կը դիմաւորուին հայկական եռագոյն դրօշակներով: Թուրքերը արդէն յուսալքուած վիճակ մը կը պարզէին:

Տիրող ընդհանուր մթնոլորտին մէջ, Հայկական Լեգէոնի մարտիկներուն հեշտ կը թուէր ամբողջ Կիլիկիոյ վրայ իրենց հակակշռին տարածումը: Տամատեանի գլխաւորութեամբ, կը ձեռնարկուի ինքնավար կամ անկախ հայկական Կիլիկիա մը ունենալու ծրագրի գործադրութեան:

Այսպիսի ծրագիր մը յաջողութեամբ պսակելու համար, անհրաժեշտ էր ունենալ ամրակուռ ռազմական ուժ, որ կրնար իրականանալ, Չանգալեանի, Անդրանիկի, Եկարեանի, Եաղուպեանի նման փորձառու հերոսներու համախմբումով:

Բայց տարբեր էր դիտաւորութիւնը Դաշնակից պետութիւններուն: Անոնք կը դիմէին զանազան միջոցներու, արգիլելու համար Անդրանիկի, Եկարեանի եւ ուրիշներու մուտքը Կիլիկիա:

Չանգալեան, համզուած ըլլալով, որ Կիլիկիոյ մէջ հայկական պետութիւն մը ունենալու ծրագիրը պիտի մնայ անիրագործելի, յուսախաբ, կը վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ՝ հայ ազատագրական պայքարի եւ Առաջին Աշխարհամարտի պատմութեան մէջ արձանագրելով փայլուն էջեր:

Հետագային, Չանգալեան որպէս առաջնորդ դէմքերէն մին Ամերիկայի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, կը շրջի բոլոր հայաշատ քաղաքները, յատկապէս Գալիֆորնիայի գաղութները, կազմակերպելու համար Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ի նպաստ դրամահաւաքի աշխատանքները:

Աւելի մեծ թափ տալու համար իր հայրենանպաստ աշխատանքներուն, Չանգալեան մղիչ ուժը կը հանդիսանար Ամերիկահայ Ազգային Խորհուրդի կազմութեան եւ կը վարէ անոր ատենապետութիւնը: Ան կը դառնայ նաեւ առաջին ատենապետը ՀԲԸՄ-ի Ամերիկայի Կեդրոնական Յանձնաժողովին, եւ իր ժամանակէն եւ ծառայութիւններէն բաժին կը  հանէ նաեւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ: Զինուորական արտակարգ հմտութեամբ օժտուած այս մեծ հայրենասէրը, Մայիս 10, 1947-ին աչքերը կը փակէ Նիւ Ճըրզիի մէջ, իր ետին ձգելով անմոռանալի եւ ազգային զոհողութիւններու մեծ աւանդ մը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին