Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Պէյրութի Սրբ. Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարան` Ս. Թարգմանչաց տօնակատարութիւն

Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ « Թարգմանչաց» տօնը կը համընկնի հայ կրթական տարեշրջանի վերամուտին. հայ աշակերտը առաւել եւս զգաստութեան հրաւիրելու եւ զինելու այլասերումին դէմ ինչպէս նաեւ հպարտանալու իր հայու պատկանելիութեամբ:

Հինգշաբթի 30 Հոկտեմբերին, Վարժարանիս մեծաթիւ ծնողները ուրախութեամբ  ուղղուեցան դէպի հանդիսասրահ, ուր օրուան պատգամը խորհրդանշող բեմային զմայլելի յարդարանքը, հայկաակն ուրախ երաժշտութիւնն ու ջերմ եռուզեռը արդէն գրաւեցին բոլորին սրտերը:Ծնողք հպարտ էին եւ գոհունակ,որովհետեւ եկած էին ըմբոշխնելու,իրենց զաւակներուն տարուան առաջին հանդէսը մեսրոպաշունչ պատրաստուած՝վարժարանիս հայերէն լեզուի,հայ երգի,պարի գրականութեան եւ պատմութեան մեր նուիրեալ ուսուցիչներէն:

 Հանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանեան,հայկական եւ դպրոցին քայլերգներով կատարողութեամբ ՝5-րդ եւ 6-րդ կարգերումիացեալ եռանդուն երգչախումբին կողմէ:

Օրուան բացման խօսքը նրբօրէն եւ խոր համոզումով կատարեց, 9-րդ դասարանէն՝ Արինա Պէրէճիքլեան, որուն յաջորդեցին հայերէն լեզուի, մեսրոպագիւտ «այբուբէն»ին փառաբանութիւնը հիւսող բանաստեղծութիւններ,ասմունքներ,ազգաշունչ երգեր ու տաղեր,ընդելուզուած՝ջութակի, շվիի եւ տհոլի խօսուն ու գրաւիչ մեղեդիներով: 8-րդ դասարանէն՝ Ալէք Տօներեան բացառիկ ճկունութեամբ ջութակի վրայ նուագեց Ս. Քէօսայեանի «Concertino en Ré mineur» գեղեցիկ կտորը:

Մինչ հանդէսը տակաւին պիտի շարունակուէր բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանիս տնօրէնուհին՝Քոյր Արմինէ Մակարոսեան, որ բարձր գնահատելով հայ ուսուցիչին անձնազոհ աշխատանքը շեշտը դրաւ Հայ դպրոցին հիմնական առաքելութեան  եւ կարեւորութեան վրայկատարեալ ուսում եւ գիտութիւններու ծրագիրներու առընթեր, հարկ է հայ աշակերտը կերտել ճշմարիտ ազգասիրութեամբ եւ հայապահպանումի խոր գիտակցութեամբ:Ապա խօսքը ուղելով ծնողներուն, խրախուսեց զիրենք արժէւորելու հայ դպրոցը, Բարձր պահելու անոր վարկը,ըլլալու գործօն դեսպաններ այլասերումի եւ օտարամոլութեան դէմ:

Հանդէսին ճոխ յայտագիրը վերսկսաւ հայկական նազելաճեմ պարով՝ Արարատի հմայիչ պատկերով եւ նազանքով, պատրաստուած վարժարանիս պարուսոյց տիկին Նատիա Զահթթերեանէն, կատարողութեամբ 7-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն:Հետզհետէ բեմ բարձրացան նախակրթարանի փոքրիկները եռանդով , քաջաբար երգելու , արտասանելու մեսրոպաշունչ երկերը:

Հանդէսը փակուեցաւ «Մենք Քիչ ենք , բայց հայ ենք» միահամուռ խմբերգով եւ Գերապատիւ Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեանի պահպանիչի աղօթքով:

Ծնողք եւ աշակերտութիւն Սուրբ Թարգմանչաց հաւատքի անմար կանթեղէն լիացած, ուրախ սրտով մեկնեցան դէպի տուն:

                             Լրատուական գրասենեակ՝ Սրբոց  Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի

ՊԷՅՐՈՒԹ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին