Կիրակի, 07. 07. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «ԱՆԴՐԱՆԻԿ» Սկաուտական Փողերախումբի Վերակազմութեան 30 Ամեակի Փառաւոր Նշումը

*ՊԵՏԻԿ  ԹՈՐՈՍԵԱՆ*

Bedig Torossian

30 տարիներ առաջ, 1984-ին, իրականացաւ երկար ժամանակէ ի վեր անհամբեր սպասուած երազ մը երբ վերակազմուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան «Անդրանիկ» Սկաուտական Փողերախումբը. ջանքերովը ՀԵԸ-ի Սկաուտական Խորհուրդին:

30 տարիներ ետք, Կիրակի, 2 Նոյեմբեր 2014-ի երեկոյեան մեծ շուքով նշուեցաւ ՀԵԸ-ի Փողերախումբի վերակազմութեան 30 ամեակը «Falling Notes» խորագիրը կրող նուագահանդէսով, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸ Միութեան Տեմիրճեան Կեդրոնի հանդիսասրահէն ներս: Սոյն հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ 600-է աւելի հաշուող հոծ բազմութիւն մը, որոնց շարքին ներկայ էին ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենադպրուհի եւ Կրթական Յանձնախումբի Ատենապետ՝ Տիկ. Սիլվա Լիպարիտեանը, ՀԵԸ-ի Լիբանանի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետն ու անդամները ինչպէս նաեւ ՀԵԸ-ի զանազան վարչութիւնները ներկայացնող անդամներ ու մեծ թիւով միութենականներ, ծնողներ եւ բարեկամներ: Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներով, կատարողութեամբ ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» Սկաուտական Փողերախումբին, որմէ ետք օրուան հանդիսավար՝ Օրդ. Արին Ղազարեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու Լիբանանեան Բանակի զոհերու յիշատակը, ապա ան հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով ներկաները ողջունելէ ետք ներկայացուց ՀԵԸ-ի Փողերախումբի հակիրճ պատմականը: Որմէ ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ ՀԵԸ-ի Կեդր. Վարչութեան Ա.պետ Տիար Վիգէն Չերչեան, որ զոյգ լեզուներով իր ողջոյնի խօսքին մէջ ի միջի այլոց անդրադառնալով սկաուտութեան եւ փողերախումբին կազմութեան ըսաւ «փոքր տարիքէս ինծի հասակակից շատ մը պատանիներու նման սիրած եմ սկաուտութիւնը: 1968-ին երբ անդամագրուեցայ ՀԵԸ-ի, սկաուտական կեանքը ամէն կերպով շատ հետաքրքրական էր ինծի եւ իմ ընկերներուս համար, բայց միշտ կը փափաքէինք որ մեր խումբը փողերախումբ ալ ունենայ: Այդ օրերուն միշտ բարի նախանձով կը դիտէինք ուրիշ սկաուտական կազմերու փողերախումբերը եւ 16 տարիներ ետք միայն վերջապէս իրականացաւ մեր երազը»: 1984-ին ՀԵԸ-ի Սկաուտական Խորհուրդը որոշում առաւ վերակազմել միութեան փողերախումբը, որ գոյութիւն ունեցած էր վաղուց, ՀԵԸ-ի հիմնադրութեան օրերէն: Պրն. Ատենապետը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Պրն. Կարօ Գալինճեանի տարած մեծ աշխատանքը ՀԵԸ-ի Փողերախումբին վերակազմութեան մէջ ըսելով թէ, «Եթէ Փողերախումբի վերակազմութեան որոշումը Սկաուտական Խորհուրդինը եղաւ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ նեցուկով, եւ ՀԲԸՄ-ի Շրջ. Յանձնաժողովի նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ, կարելի է անվարան ըսել, որ Կարօ Գալինճեան կը նկատուի վերակազմութեան գլխաւոր կերտիչը: Ան իր բծախնդիր ու յարատեւ ջանքերու կողքին, իր երաժշտական գիտելիքներով մեծապէս նպաստեց, որ փողերախումբը երկու տարուայ միջոցին դառնայ 40 անդամներով որակաւոր նուագախումբ մը, ու տիրական ներկայութիւն մեր միութենական կարեւոր հանդիսութիւններու, հաւաքներու ընթացքին. ոգեւորութիւն եւ հպարտութիւն պարգեւելով բոլորիս»:  Պրն. Ատենապետը անդրադարձաւ ՀԵԸ-ի Փողերախումբին արտասահմանի մէջ ունեցած ելոյթներուն, նշելով թէ «1986-ին երբ Նախագահ՝ Ալեք Մանուկեան կը տեղեկանայ, որ Լիբանանի ՀԵԸ-ը, հակառակ տիրող պայմաններուն, այլ գործունէութիւններու կողքին փողերախումբ ալ կազմած է, խումբը կը հրաւիրէ Լոս Անճըլըս, ՀԲԸՄ-ի 5-րդ Մարզական խաղերուն բացման հանդիսութեանց ելոյթ ունենալու. անձնապէս հոգալով ճամբորդութեան եւ կեցութեան բոլոր ծախսերը: 2000 թուականին ՀԵԸ-ի փողերախումբը կը հրաւիրուի Արժանթին ՀԲԸՄ-ի Միջ-մասնաճիւղային խաղերու հանդիսութիւններուն»: Պրն. Չերչեան խիստ կարեւորեց Փողերախումբի ընդհանուր պատասխանատու եղբ. Վաչէ Աւետիքեանի եւ իր օգնական խմբակին կատարած ժրաջան աշխատանքը: Ան շեշտեց թէ Փողերախումբը իր կշռութաւոր երգացանկին ու քայլերգներու զուգահեռ, կը միտի իր անդամներուն երաժշտական ձիրքերը զարգնացնելու միջոցներ ստեղծել: Որմէ ետք, ՀԵԸ-ի Փողերախումբը ներկայացուց հիանալի ու բացառիկ անհատական եւ խմբային եւրոպական, արաբական եւ հայկական եղանակներու շարան մը, որ երկարեցաւ մէկ ու կէս ժամուան վրայ, թնդացնելով սրահը եւ արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահառութեան:

Սոյն միջոցառման ընթացքին յատուկ գնահատանքի եւ պարգեւատրմանարժանացաւ Պրն. Կարօ Գալինճեանը, որ իր կարգին բարեմաղթութիւններ կատարեց շնորհաւորելով ՀԵԸ-ի Փողերախումբին 30 ամեակը: Պարգեւատրուեցան նաեւ Փողերախումբի ընդհանուր պատասխանատու եղբ. Վաչէ Աւետիքեանը, ՀԵԸ-ի Վարիչ Տնօրէն Պրն. Գէորգ Սանթուրեանը ինչպէս նաեւ Փողերախումբի ընդհանուր ղեկավար Պրն. Կարօ Կէօքէօզեանը, Փողային բաժնի խմբավար Պրն. Վիգէն Ջալեանը եւ թմբուկի բաժնի խմբավար Պրն. Հապիպ Զարգան: Ասոնց կողքին գնահատանքի եւ շնորհակալութեան յուշանուէրներ տրուեցան բոլոր անոնց որոնք իրենց գործնական ներդրումով նպաստեցին  փողերախումբի 30 ամեայ երթին: Հանդիսութեան աւարտին եղբ. Վաչէ Աւետիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք օժանդակեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան: Այս խանդավառ մթնոլորտի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Վարձքը կատար ՀԵԸ-ի Փողերախումբի անդամներուն եւ պատասխանատուներուն, իրենց տարած լուրջ եւ խնամուած աշխատանքին համար: Կը մաղթենք անոնց յարատեւ վերելք եւ նորանոր յաջողութիւններ իրենց յառաջիկայի ծրագիրներուն մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին