Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Միքայէլ Նաթանեանի Դամբարանի Օրհնութեան Առիթով

*ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ*

Vartivarian

Հեռաւոր Նիւ Եորքէն կը շնորհաւորեմ Ձեզ, սիրելի ընկերներ, որ գիտնալով մեր անմահանուն Արմենականին վաստակն ու մանաւա´նդ յեղափոխական մեծ գործը դեռ Վանէն սկսեալ, արժանի գնահատանքն էք որ կու տաք անոր, գոնէ յետ մահու, արժանավայել դամբան մը անոր յիշատակին նուիրելով` մեր մայր գաղութին` Լիբանանի սրտին վրայ։  Արժանի է ան ամէն մեծարանքի եւ մնայուն յարգանքի։ 

Նաթանեաններով հասակ առին մեր երէկի գործիչները, անոր շունչով դաստիարակուեցան եւ մնացին մաքրամաքուր հայեր ու մանաւանդ` ռամկավար ազատականներ։

Ողջ ըլլաք, սիրելի ընկերներ. Միայն կրնամ հպա´րտ ըլլալով Ձեզմով ու Ձեր սերունդով։

Բարձր պահեցէք Նաթանեանի ու մեր իրա´ւ ազգային յեղափոխականներու` արմենականներու ժառանգը։  Դուք պիտի ըլլաք անոնց իրաւ ժառանգորդները եւ իւրաքանչիւր ընկեր հպա´րտ պիտի ըլլայ Ձեզմով։

Թող Ձեր այս նախաձեռնութիւնը ըլլայ օրինակելի բոլորին անխտիր… մինչեւ այն աղուոր օրը երբ մեր բոլոր մեծերուն` Տամատեան, Թէքէեան, Չօպանեան, Հրաչ Երուանդ, Եկարեան, Չանգալեան … շիրիմները կարենաք փոխադրել դէպի մեր Յաւերժական Հայրենիքը։  Անոնք արժանի են գոնէ այդ վերջին իրաւունքին։  Գուցէ անոնք օր մը, անպայմանօրէն, յանձնուին իրենց պատկանած ծննդավայրի մայր հողին։

Այս պահուս կրնամ միայն ըսել որ հպա´րտ եմ ես Ձեզմով, սիրելի եւ յարգելի ընկերներ։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին