Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Բալուի Հայկական Եկեղեցին Պիտի Վերակառուցուի

Երբեմնի հայաբնակ Բալու շրջանին մէջ պիտի վերակառուցուի դարեր առաջ կառուցուած եւ այժմ աւերակի վերածուած եկեղեցին: Բալուի քաղաքապետ Մեհմետ Սայիտ Տաղօղլու հայկական եկեղեցին այցելելով՝ յայտնած է, որ անիկա 8 դարեր ծառայած է հայ համայնքին:

«1970ականներուն, անիկա դեռ կանգուն էր եւ կան այդ իրողութիւնը հաստատող լուսանկարներ: Գանձեր որոնողները էական վնասներ հասցուցած են շինութեան, իսկ մենք՝ հոս բնակողներս, զայն չենք պահպանած: Հայ համայնքին հետ հանդիպելով՝ մտադրած ենք 2015-2016ին սկսիլ անոր վերակառուցման», նշած է քաղաքապետը, աւելցելով, որ վերակառուցուած է նաեւ քաղաքի մզկիթը:

19րդ դարու սկիզբը, Բալուի հայ բնակիչներուն թիւը 7000ի շուրջ եղած է: 1873ին, հոն կ՛ապրէին 6240 հայ եւ 2250 քիւրտ: 19րդ դարու 70ական թուականներէն սկսեալ, քաղաքի արհեստաւոր ու առեւտրական դասակարգը սկսած է աստիճանաբար գաղթելու աւելի մեծ քաղաքներ՝ Ատանա, Խարբերդ, Տիգրանակերտ, Սեբաստիա, ինչպէս նաեւ Մալաթիա ու Քղի: 1915ին բնաջնջուած է նաեւ Բալուի հայ բնակչութիւնը, որուն միայն մէկ մասը փրկուած է: Յետագային, ոմանք վերադարձած են: 1940ական թուականներուն Բալուի եւ անոր շրջակայքի գիւղերուն մէջ կը գտնուէր 750 հայ:

www.panarmenian.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին