*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*
ՅԱՏՈՒԿ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին
Պէյրութ, 19 Յուլիս 2014
Հանդիպումի մը ընթացքին, մենք երեք քոյր ենք ըսին ենթակաները: Մեր կրտսեր քոյրը ամուսնացաւ ունեցաւ երկու զաւակ, կ’ապրի երջանիկ կեանքով: Իսկ մենք երկուքս դարձանք տուն մնայ աղջիկներ: Կ’աշխատինք, փառք Աստուծոյ բարձրագոյն ուսումի տիրացած ենք շնորհիւ մեր ծնողներուն: Անոնք մեկնեցան այս աշխարհէն, մենք մնացինք մինակ:
Դարձեալ դժգոհ չենք: Մեր պարապոյ ժամանակը կը լեցնենք ընթերցանութեամբ: Հեռատեսիլը շատ բան չըսէր մեզի: Որ կայանը որ բանանք կը տեսնենք աշխարհի խայտարակութիւնները: Միայն դասական երաժշտութիւնը ուրախութիւն կը պատճառէ մեզի:
Բայց ահա Սուրիոյ վիճակը, մանաւանդ Հալէպի հայութեան այսօրուայ վիճակը կը ցնցէ մեզ: Կը սկսինք մտածել.- արդեօք Պէյրութի մէջ կրնա՞յ ստեղծուիլ նոյնը … հայութեան ղեկավարները ի՞նչ կը մտածեն, Հալէպի մէջ ի՞նչ մտածեցին, որ հոս Պէյրութի մէջ տարբեր քայլեր առնեն:
Այս մտածումները կ’ընկճեն մեզ, բայց դարձեալ չենք գիտեր ուրկէ, յոյս ըսուածը օգնութեան կը հասնի մեզի:
Մեր ծնողները ջարդ տեսած էին: Ջարդի սերունդը չյուսահատեցաւ, մեզ ուսումի տուաւ:
Ուրեմն այս օրերուն, վերի մտածումները մեզ պիտի չկարենան յուսահատութեան մատնել:
Յոյսով կ’ապրինք:
****************
Հալէպէն եկած էին: Քաղաքին Նորգիւղ թաղամասէն: Վտանգուած թաղամաս մը, արդէն կիսով փլուզումի ենթարկուած: Բայց եկած էին պսակադրութեան: Իրենց որդին պիտի ամուսնանար Պէյրութ բնակող Հայ աղջիկի մը հետ:
Ուրեմն, պատերազմի դրութենէն պահ մը հեռացած էին ու պահ մը երջանկութիւն կոչուածը ժամանակաւոր հիւր եկած էր այս զոյգին:
Պատերազմ եւ հարսանիք: Այո՛, կեանքը իր ճամբով կը շարունակէ հոսիլ:
Արաբ բանաստեղծ մըն ալ Սուրիոյ մէջ գրած էր.- Միթէ այս պատերազմը կրնա՞յ, իմ կեանքի համար պայքարողի ոգիս ընկճել: Մեր փլատակները մաքրել, երկիրը վերակառուցել, ահա՛ մեր գործը այդ պիտի ըլլայ:
Տեղ մը ճնշող յուսահատութիւն, այլ տեղ նոյն հողին վրայ երկիրը վերակառուցելու վճռակամութիւն:
Կարծէք սեւն ու սպիտակը քոյր-եղբայր ըլլան, կը քալեն զուգընթաց բայց ոչ երկաթուղիներու նման որոնք իրարու չեն հանդիպիր:
Այս պարագային ահա ռումբերու շառաչ եւ … հարսանիք ու ժողովուրդը առաջնորդողը՝ անմեռ Յոյս:
Կը մեռնի՞ այս ժողովուրդը: Մահը կը յնձէ շատերը տեղի տալով անասելի ողբի. Բայց մնացեալները՝ բազմութիւններ կը շարունակեն կեանք կոչուածը, աւերուածը վերաշինելու համար:
Հալէպի պարտադրուած պատերազմէն Պէյրութ ապաստանած զոյգի մը հետ գտնուեցայ: Ասոնք ամուսիններով իրենց դժգոհութիւնը արտայայտելով ստեղծուած պայմաններուն մասին գոչեցին.- Կ’ապրինք կեանք մը, որ բնականոն չէ: Ըլլալով արհեստաւոր մենք մեզի համար ստեղծած էինք բարեկեցիկ պայմաններ: Կ’ապրէինք հանգիստ: Մեր երկու զաւակները բարձրագոյն ուսումի տալով հասցուցած էինք մակարդակի մը: Անոնք Հալէպի մէջ աւարտելէ ետք, ՀԲԸՄ իութեան Լազար-Նաճարեան Ճեմարանը յաջողութեամբ ընդունուեցան համալսարան: Երբեմն, կարգ մը Հայ ծնողներ կը գանգատին Հայ վարժարաններէ, Հայ դպրոցները կ’ըսեն.- մակարդակ չունին: Ինչպէս թէ մակարդակ չունին, մեր զաւակները Հայ դպրոց աւարտելով մտան համալսարան: Վերի սուտ խօսքերը պատճառաբանելով այդպիսիները իրենց զաւակները կը յանձնեն օտար վարժարաններու: Այս ալ այսպէս:
Բայց ահա սկսաւ Հալէպ քաղաքի աւերումը երկրին հիւսիսէն խուժող ելուզակներու կողմէ: Պատրաստուած ոճրագործներու անդադրում խումբեր խուժեցին Հալէպ աւերակոյտի վերածելով պատմական այս քաղաքը:
Ապաստան գտանք Պէյրութի մէջ: Ամէն ինչ սուղ, այսպէս ապրիլը՝ դժուար: Նստած կը մտածենք՝ որքա՞ն կրնանք տոկալ:
Շուարած ենք ճիշդը: Եթէ ըսեն թէ այս պատերազմը վերջ կը գտնէ մէկ տարի վերջ, նեղ կ’ապրինք ձեւով մը կը սպասենք: Բայց ահա վայրագութիւնները վերջ չունին, որքան սպասելու ենք …
Այս վիճակը որքա՞ն սպասենք: